Քանի որ այս Երկուշաբթի երեկոյ հաղորդուեցաւ հեռատեսիլի մեր նոր յայտագրի՝ «Պատուհան»ի երրորդ բաժինն ալ, կարծեմ թէ կրնանք խօսիլ այս նորութեան տեղի տուած նոր մտադրութիւններու շրջագծով։
Պրուքսէլի մէջ խարսխուած քրտական մետիան ընդարձակ շէնքի մը մէջ կը կատարէ հեռուստահաղորդումներ եւ ռատիօհաղորդումներ։ Հեռուստակայաններէն մէկն է «Մէտ Նուչէ», որ այս տարի որոշած է իր հաղորդումներու լեզուն թրքերէնի վերածել, քրտերէն հաղորդումները թողելով իր կազմէն մի այլ հեռուստակայանի։ Հաղորդման այս նոր դրութեան մէջ կայանի վարիչները փափաքեցան հայկական հաղորդում մըն ալ ունենալու։ Ահա մենք այդ կարիքը գոհացնելու համար ստանձնած ենք առհասարակ մշակոյթի ու գեղարուեստի նիւթերով հարուստ «Պատուհան» ծրագրի պատրաստութիւնն ու թողարկումը։ Ծրագրի առաջին հաղորդման ընթացքին մանրամասնութիւններով բացատրեցինք այս շրջանակով մեր նպատակադրած հեռանկարները։ Պատուհանէն պիտի նայինք բազմահազար տարիներու անցեալ ունեցող հայ ժողովուրդի յատուկ առասպելներուն, հաւատալիքներուն բանաւոր եւ գրաւոր գրականութեան, ճարտարապետական, երաժշտական, կերպարուեստի նուաճումներուն։ Մեր օրակարգին մաս պիտի կազմեն «Հայ Մշակոյթ» ընդհանուր խորագրին մէջ դասուող ամէն նիւթ։
Առաջին երեք հաղորդումները արդէն իսկ մեզ տարին այն տպաւորութեան, թէ խիստ ուշացած ենք նման նախաձեռնութիւններու համար։ Այս ուշացման անդրադարձած էինք նաեւ, երբ Պօղոս Չալկըճըեանի հետ կը նկարահանէինք Պատուհանի յաջորդ ծրագիրը՝ որ ձօնուած էր Յակոբ Պարոնեանի փառաւոր վերադարձին։ Նկատած էինք այդ վերադարձին պատճառ դարձող թարգմանչական եւ հրատարակչական աշխատութիւններու ուշացումը։ Այդ ուշացումը վերագրած էինք երկրի ընդհանուր մթնոլորտին, նման նախաձեռնութիւններու համար ստեղծած ժխտական պայմաններուն։ Անշուշտ որ իրաւացի արդարացում մըն էր այս, բայց արդեօք կ՚արդարացնէ՞ր ներկայի մեր անտարբերութիւնը։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայոց բոլոր խնդիրներու նկատմամբ որդեգրած մերժողական, ժխտողական քաղաքականութիւնը բոլորէն աւելի ծանօթ է մեզ՝ Թուրքիաբնակ հայերուս։ Մենք այդ դառն փորձութիւնը ապրած ենք մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ։ Ի գին բոլոր ճնշումներու, յաջողած ենք մեր ինքնութիւնը եւ գիտակցութիւնը վառ պահել այս երկրի մէջ։ Բայց ներկայ հրամայականը կը պահանջէ աւելին։ Երկրէ ներս հետզհետէ աւելի մեծ թիւով զանգուածներ պահանջը կը զգան հայոց արտադրած արժանիքներու հետ հաղորդուելու։
Եթէ համալսարան մը հայերէնի յատուկ բաժին կազմած է, մենք՝ Թուրքիաբնակ հայերս պարտաւոր ենք այդ բաժնի համար մասնագէտներ պատրաստելու։ Այդ բաժնի դասագիրքերը մենք պիտի առաջարկենք։ Մենք ենք որ ցուցմունքներ պիտի առաջարկենք այս նոր փորձութիւններու լաւագոյն արդիւնքներու հասնելուն համար։ Նոյնիսկ մենք պէտք է ամուր կապեր հաստատենք այդ բաժիններու շրջանաւարտներուն հետ։ Սա պահուն կարծես կը լսենք ոմանց «ինչո՞ւ» հարցումը։ Եկէք պատասխանենք Թէքէեանի տողերով «Կեանքում ինծի ինչ մնաց, ինչ տուի ուրիշին, տարօրինակ՝ այս միայն»։
Տալով հարստանալու խորհուրդը կը գովերգէ նաեւ անուանի փիլիսոփայ Էրիք Ֆրոմ։ Ագահօրէն առնելու դաստիարակուած միտքերուն համար թէեւ դիւրին հասկնալի երեւոյթ մը չէ տալով հարստանալը, բայց մենք այդ մտայնութիւնով ամբողջ մշակոյթ մը կերտեցինք։ Մշակոյթ մը՝ որ ուղեցոյց է ներկայի համար ալ։