PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Յոյսը պահեցէ՛ք վաղուան

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնաքարը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն մըն է։ Յանցագործութիւն՝ որուն հեղինակները անպատժելիութեան մշակոյթի շնորհիւ մինչեւ օրս պատիւներու կ՚արժանանան։ Հիմնաքարը դնողները այս երկրի իսլամ ժողովուրդները եղան։ Համագործակցեցան յանցագործութեան պահուն։ Այդ հանգրուանին չէին մտաբերած թէ այդ նոյն յանցանքը կը գործուի իրենց դէմ ալ։ Պատմութեան անցնող տարիները վկայեցին թէ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը հիմնաքար ընող կառոյցը պարտաւոր է այդ յանցանքը յարատեւօրէն գործելու։

Ահաւասիկ այս է որ կ՚ապրինք մեր ժամանակներուն։ Պետութիւնը ներկայացնողներու յանցագործութիւնը ընդմիշտ անպատժելի կը մնայ։ Անպատժելիութիւնը ապահովելու համար դատավարութիւնները կը փոխադրուին հեռաւոր քաղաքներ։ Կ՚արգիլուին պետութեան կողմէ զոհուածներու մերձաւորներուն այդ դատավարութիւններուն մասնակցութիւնը։ Եւ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան իբրեւ թէ օրինականութեան մը քօղին ներքեւ։ Յանցագործութեան վրայ բարձրացող կառոյցը պատրաստած է նաեւ իրեն պիտանի (ան)արդարադատական համակրանք մըն ալ։ Մէկ կողմ շպրտուած են իրաւագիտութեան համաշխարհային սկզբունքները։ Իրենք «ազգային»ի հոգերով տարուած են, ի՞նչ գործ ունին համաշխարհայինի հետ։

Պետական անարդարութեան վառ օրինակներէն մէկն ալ պարզուեցաւ մետաղաշինութեան բանուորներու գործադուլը արգիլելով։ Կառավարութիւնը իրեն վերապահուած իրաւունքէն օգտուելով յետաձգեց գործադուլը։ Օրէնքը այս բացթողումը շնորհած էր երկրի անվտանգութիւնը կամ ժողովուրդի խաւերուն կրելիք վնասները կանխելու հեռանկարով։ Ատոր համար ալ պայմանադրած էր նախարարաց խորհուրդի որոշումը, զոր կայացած պահուն նախարարներէն շատեր տեղեակ իսկ չէին կայացած կամքէն։ Իսկ երկրի անվտանգութիւնն ալ սպառնալիքի մը չէր ենթարկուած։ Ուրեմն ի՞նչ էր գործադուլը յետաձգելու հաւաստի պատճառաբանութիւնը։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ եթէ ոչ բանուորներու դէմ դրամատէրերու շահերը երաշխաւորող կառավարութեան մը առկայութիւնը։

Այս օրերուս օրակարգի վրայ է իբրեւ թէ ապահովութեան միտումով պատրաստուած նոր պատժական օրէնքի մը վաւերացումը։ 2002-էն այս կողմ Թուրքիոյ մէջ կառավարութիւն դարձած ԱՔՓ կուսակցութիւնը հետզհետէ կը մատնուի ճարահատութեան պատճառած սարսափին։ Այս կուսակցութիւնը երբ ներկայացաւ իբրեւ ընդդիմադիր հակազդեցութիւն մը, վայելեց ժողովուրդի լուրջ աջակցութիւնը։ Բազմակուսակցական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ շատ քիչեր արժանացած էին ժողովուրդի խաւերուն այսքան բարձր նեցուկին։ Բայց ժամանակի ընթացքին հասարակութիւնը օր ըստ օրէ կը տեսնէ թէ իշխանութիւնը զանազան որոշումներով կը վնասէ իր ապրելակերպին, կենցաղին, հետզհետէ օրապահիկին։ Եկուր տես որ ձայներու աւելի քան յիսուն տոկոսով շփացած կազմերը այսօր հանդուրժողութիւն չունին այդ համեմատութեան նուազումին։ Այդ է պատճառը որ ընդդիմութեան ամենափոքր արտայայտութիւնն անգամ կը դիմաւորուի ոստիկանական բռնութեամբ, դատական անարդարութիւնով եւ մտային անհանդուրժողականութեամբ։ Այսքանը բաւարար է դէպի անկման ճամբան բռնած կառոյցը նկատելու համար։ Կասկած չկայ որ 2015-ի ամառնամուտին կայանալիք ընտրութիւններու յաղթողը դարձեալ ԱՔՓ կուսակցութիւնը կ՚ըլլայ։ Բայց ով կրնայ երաշխաւորել որ ան պիտի յաջողի նախորդ համեմատութիւնները ձեռք բերելու։

Կը շրջի պատմութեան անիւը եւ միշտ ապագան աւելի յուսադրիչ է, քան անցեալը։