Ըստ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի յայտարարութեան, այս տարի Չանաքքալէի պատերազմի զոհերու յիշատակը պիտի ոգեկոչուի փոխանակ ցարդ նշուած 18 Մարտին, 23-25 Ապրիլ թուականներու միջեւ։ Անշուշտ որ այս որոշումը խորամանկ ռազմավարութիւն մըն է միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղելու համար Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումէն, որ տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ 24-ին։
ՏՈՑ. ՏՈՔԹ. ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Նախագահ Էրտողան իր անպարկեշտ ռազմավարութիւնը գերազանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Չանաքքալէի միջոցառումներուն հրաւիրելով։ Ծանօթ իրողութիւն է որ Թուրքիոյ քաղաքական միտքը վերջին տարիներուն կը փորձէ հայոց մեծ եղեռնին փոխարէն օրակարգի բերել Չանաքքալէի եւ Սարըգամըշի զոհերու կսկիծը, ըսելու համար թէ թուրքերն ալ ծանր կորուստներ ունեցած են։ Իրականութեան մէջ սրբապղծութիւն մըն է կատարուածը, քանի որ վերեւ նշուած պատերազմներու զոհ գացող մարտիկներու պատասխանատուն նոյն ինքն իրենց կրքոտ ու անփորձ զօրավարներն են։ Եւ քաղաքականութեան կողմէ աղաւաղուած այդ պատերազմներուն մասին պատմական վկայութիւններով հանդէս կու գայ գերմանաբնակ հայազգի ակադեմական Իշխան Չիֆթճեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն պատերազմներուն մասնակից հայ զինուորներու մասին Չիֆթճեանի յօդուածէն հատուած մը։
…Մենք ալ մեր կարգին, փորձենք այստեղ երրորդ կողմին ծալքերուն վրայ աշխատիլ։ Մեզի օգնութեան կու գայ Մեսրոպ Քաջբերունի, բնիկ՝ բաղէշցի, Պօղոս պէյ Քաջբերունիի անդրանիկ որդին՝ փոքր տարիքէն Պոլիս գաղթած ու կրթութիւնը այդտեղ ստացած։ Մեսրոպ շրջանաւարտ էր Պետական զինուորական վարժարանէն, ուր պահեստի զինուորներու մարզիչի պաշտօն կը վարէր։ Ան իբրեւ հետեւակ-տեղակալ կը մասնակցի Չանաքքալէի պատերազմին ու իր ցուցաբերած գովելի յանդգնութեանց համար գնահատանքի կ՚արժանանայ։ Չանաքքալէի մէջ թոքէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի ու հիւանդանոց կը փոխադրուի կիսամեռ։ Ապա, երեք ամիս ապաքինման շրջան մը կը բոլորէ Կ. Պոլսոյ մէջ։ Հոս լուրը կ՚առնէ գաւառի հայութեան տեղահանութեան եւ սպանդին։ Ծնողքը, ընտանիքը, ազգականներն ու հայրենակիցները կը տեղահանուին։ Ինք իբրեւ զինուորական այս լուրերը հաւանաբար շատ աւելի դիւրութեամբ կը ստանայ, ինչ որ բնականաբար կը կրկնապատկէ մարմնական վէրքը։ Կ՚ըմբոստանայ այս կացութեան դէմ ու Ռազմական նախարար ու զինուորական ատեանի նախագահ Էնվերի կ՚ուղղէ նամակ մը, որմէ մէջբերեցինք սա տողերը.- «Եթէ մեզմէ կը սպասուի մայր հայրենիքի փրկութիւնը, հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին՝ կեանքին, ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը, եթէ ոչ՝ այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»։
Բողոքին արդիւնքը կ՚ըլլայ՝ Պոլսէն իր հեռացումը։ Կ՚արժէ թղթատել Կարապետ Գաբիկեանի վկայագրութիւնը, տեղեկանալու համար Սեբաստիոյ կառավարիչ Մուամմէրի «գործունէութեան»։ Հայտարփաշայէն կը մեկնի դէպի երկիր։ Սեբաստիոյ հասնելով կ՚անցնի իր պաշտօնին։ Ի տես, սակայն սպանդէն մնացած աւերին ու հետքերուն, այս անգամ կ՚ըմբոստանայ ու իր տասներկու ընկերակիցներով լեռները կը քաշուի՝ իր նահատակ ցեղին արեան վրէժով լեցուն։ Այլեւս ի՞նչ հնազանդութիւն։ Զէնք բարձրացուցած էր այժմ իր ժողովուրդին բացայայտ թշնամիին դէմ։
Քանի մը շաբաթ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ մնալէ ու սարսափ տարածելէ ետք, կ՚որոշէ դէպի Կովկաս յառաջանալ՝ պատռելով ռուս-թրքական ռազմաճակատը։ Արդէն ռուսական բանակը հասած էր ու գրաւած Երզնկան։ Թրքական բանակի հրամանատար՝ Վեհիպ փաշա հաստատուած էր Սուշէհիրի մէջ։ Քաջբերունի պէտք էր Սուշէհիրէն անցներ դէպի ռազմագիծ, սակայն շրջանին ռազմական դիրքերուն լաւ ծանօթ չէր։ Իր խումբը գիշերը կը յառաջանար ու ցերեկը ապաստան կը փնտռէր։ Չկարենալով մինչեւ գիշեր ապաստանիլ՝ Քաջբերունի եւ իր ընկերակիցները Սուշէհիրի բաց դաշտին վրայ օր ցերեկով կը նշմարուին թուրք զինուորներէ։ Առճակատումը անխուսափելի կ՚ըլլայ։ Դիրք կը բռնեն ու մահու կենաց վերջին պայքարն է որ կը մղեն ընդդէմ թրքական հրացանաձգութեան ու թնդանօթներուն։
Հապճեպով յիշենք նաեւ անունը զէյթունցի զինուորագրեալի մը, որ եւս Չանաքքալէի մէջ ճակատեցաւ ու ապա Սուէզի ճակատ ղրկուեցաւ՝ Միքայէլ Գույումճեան (1880-1954)։ Պրուսայի շերամաբուծութեան վարժարանէն շրջանաւարտ, պարտադրեալ կը զինուորագրուի, սակայն կինն ու զաւակները անապատ կը քշուին։ Պատերազմէն ետք, տունդարձի ճամբուն վրայ՝ Հռոմկլայի (Ռումքալէ) մէջ կը հանդիպի 200-ի չափ թրքացած հայ կիներու, որոնք ազատելու ձեւ կը գտնէ։ Կը հասնի հայրենի քաղաքը, Զէյթուն, որ քեմալական ուժերու կողմէ կը պաշարուի։ Աւելի ուշ կը յաջողի Հալէպ հասնիլ ու գաղթականութեան վերաշինութեան աշխատանքին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ, Մէյտանի շրջանին մէջ հողամասի գնումին ու զէյթունցի ընտանիքներու տեղաւորման օժանդակելով։
Կ՚ուզեմ վերադառնալ Սեբաստիա, ուր Պոլսէն հեռացուելով ուղարկուեցաւ՝ Քաջբերունի։ Սեբաստիոյ կառավարիչ Մուամմէրի հրամանով կարաւան առ կարաւան հայերը տարագրուած էին արդէն հոնկէ։ Կ. Գաբիկեան կը վկայագրէ, թէ Սեբաստիայէն տեղահանեալ վերջին կարաւանը, որ կազմուած էր պատմական Սեւ Հողեր թաղի բնակիչներէն, կը հասնի Հասան-Չէլէպի՝ Սեբաստիայէն հարաւ-արեւելք ու Մալաթիայէն հիւսիս, որ նաեւ նախորդ կարաւաններուն հանգրուանը եղած էր։ Հասան Չէլէպի հասնելով, նշեալ կարաւանին 300 այրերը բանտ ու ախոռ կը նետուին։ Քանի մը ժամ ետք, տեղւոյն միւտիրը կը կանչէ զիրենք ու պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ այդտեղէն անցնող բոլոր կարաւաններուն այրերը արմատախիլ ըրած էին, որովհետեւ ըստ այնմ իրատէ ստացած էին պետութենէն եւ Շէյխ-ուլ-իսլամն ալ ֆաթուա տուած էր այս առնչութեամբ։ «Դուք ալ նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուէիք», կը շարունակէ ան, «սակայն կայսերական ներում եկած է, եւ այդ պատճառով ձեզ պիտի չջարդենք։ Գացէ՛ք, աղօթեցէք փատիշահին համար։ Միայն թէ ձեր կարաւանին առաջնորդներէն երկուքը թող ներկայանան ինծի։ Անոնց հետ առանձին խօսելիք ունիմ»։ Երկու հոգի՝ Աւետիս աղա Ակինեան եւ փաստաբան Տիմոթէոս Թաշճեան, իրենք զիրենք իբրեւ առաջնորդ կը ներկայացնեն, բայց կը բանտարկուին, նոյն գիշերը կը սպաննուին, իսկ մնացեալները ազատ կ՚արձակուին։
«Աւետիս Ակինեան ծանօթ ներկարարապետ, կարեւոր վարպետ մըն էր. բարեկեցիկ, բազմանդամ ընտանիքի հայր, նուազ ուսեալ, բայց ուղղամիտ մարդ. անդամ էր Սեբաստիոյ Գաւառական Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին եւ այլ ազգային ժողովներու։ Ասոր որդին Յովհաննէս Ակինեան, Արամեան Ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ, Սահմանադրութիւնը հռչակուելուն Պոլիս եկաւ, Պետական Զինուորական վարժարանը մտաւ. առաջին հայ սպաներէն մին եղաւ։ Պալքանեան պատերազմին վիրաւորուեցաւ։ Այս Աշխարհամարտին Էրզրում, կովկասեան ճակատը կը գտնուէր։ Արար-աշխարհք լսած է, գիտէ թէ, Էնվէր Սարը-Գամըշի ճակատին վրայ ծանր պարտութիւն մը կրեց... ի փառս իր ձախաւերութեան. 4000 թուրք զինուորներ ձիւներու մէջ մինչեւ կէսմէջքերնին սառեցան. մազ մնացեր էր Էնվէր գերի իյնար ռուսերուն ձեռքը։ Սպայ Յովհաննէսն էր որ թուրք բանակը այդ ձախողանքէն մասամբ դուրս կը բերէ եւ Էնվէրը գերի իյնալէ կը փրկէ ի գին... իր կեանքին։ Ապերախտն Էնվէր Էրզրումէ վերադարձին՝ ի Սվազ, Գօնիա, Պոլիս դրուատիքը ըրաւ սպայ Յովհաննէսի եւ հայ զինուորներու անձնուէր ծառայութեանցը։ Եւ այս անձնուէր սպայի ծառայութեան վարձատրութիւնը, գնահատումը կ՚ըլլայ իրենց ընտանիքի տեղահանութիւնը. հօրը՝ Աւետիս աղայի խողխողուիլը ի Հասան-Չէլէպի։ Երբ Սուրուճ հասեր էինք, այս բազմանդամ ընտանիքէն հազիւ մի քանի խլեակներ մնացեր էին. Բոլորը ճամբու ընթացքին կորսուեր։ Սուրուճ եղած ատեննիս է, Գայմագամը Սեբաստիոյ կարաւաններուն մէջ փնտռել տուաւ Աւետիս աղան կամ անոր ընտանքիէն ոեւէ վերապրող մը. վերջէն հասկցանք թէ ապերասան Էնվէրէն շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան ինքնագիր, ոսկետառ, կայսերական թուղրայով գիր մըն է եկեր սպայ Յովհաննէսի ծնողացը ի Սեբաստիա, բայց որովհետեւ տեղահան եղեր էին, այդ գիրը Սեբաստիայէն Սուրուճ ղրկեր են, որ փնտռեն-գտնեն յանձնեն»։
Գաբիկեանի այս խօսքին վրայ որեւէ մեկնութիւն աւելցնելը սրբապղծութեան պէս բանի մը պիտի նմանէր։ Այնքա՛ն խօսուն է իր նկարագրութիւնը, որ կարելի է այստեղ վերջակէտ մը դնել ու անցնիլ։ Սակայն որպէսզի բաց աւարտ մը չըլլայ՝ ըսենք պարզապէս, որ Չանաքքալէէն մինչեւ Սեբաստիա ու Սարըգամըշ, ճակատամարտի մը հարիւրամեայ յիշատակումէն մինչեւ հարիւրամեայ ցեղասպանութեան մը սրբապղծման ձեւերը՝ պատասխան չունինք մենք։ Պատասխանները կը կոչուին՝ Քաջբերունի, Գույումճեան ու Ակինեան։ Եւ ասոնք, միա՛յն՝ անօրինակ անուններ։