PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ճիշդ դատել չարիքի ակը

Նախապէս ալ այս սիւնակին մէջ բազմիցս գրած էինք թէ աշխարհ դուրս ելաւ իր առանցքէն։ Նախակրթարանի նստարաններուն վրայ սերտած էինք երկրագունդին իր առանցքին շուրջ պտոյտը։ Առանց այդ հիմնական գիտելիքի ոչ օրուան ժամերը պիտի կարենայինք ընկալել, ո՛չ ցերեկն ու գիշերը, ո՛չ չորս եղանակները եւ ո՛չ ալ տարուայ ամիսները։

Խորհրդային Միութեան փլուզումով բացատրած էինք երկրի առանցքին խախտումը։ Երբ երկու բեւեռներէն մեկը վերացաւ, աշխարհ ալ կորսնցուց իր առանցքին շուրջ դառնալու յատկութիւնը։ Հիմա Հիւսիսային, թէ Հարաւային նշանակութիւն չունի, աշխարհ կը ճօճուի միայն մէկ լարի վրայ, որուն տէրն ու տիրականը դրամն է՝ Համաշխարհային ֆինանս քափիթալը։ Ամէն ինչ դասաւորուած է անոր ագահ ու անյագ շահը բարձրացնելու համար։ Այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին վրայ երբեք ու երբեք արժէք չեն ներկայացներ մարդու կեանքը կամ բնութիւնը։ Երկուքն ալ կարելի է առյաւէտ կեղեքել ի շահ կանանչ թղթադրամի թագաւորութեան։

Այդ թղթադրամի չնչին մէկ բաժինը գործածելով կարելի պիտի ըլլար Սոմայի հանքերուն մէջ իրենց վերջին շունչը տուող 301 հանքափորները փրկել։ Չնչին զոհողութիւնով կրնայինք կանխել 36-րդ յարկէն գետին գամուող եւ տասը բանուորներու դագաղ դարձող վերելակը։ Մինչեւ անհուն կ՚երկարին այս տեսակի օրինակները, բայց մենք անդրադառնանք օրուայ հրամայականին։ 7 Յունուար Չորեքշաբթի օր, համաշխարհային հանրային կարծիքը ցնցուեցաւ Փարիզէն հասած պատահարով։ Երկու իսլամադաւան ահաբեկիչներ յարձակեցան երգիծական պարբերականի մը խմբագրութեան վրայ ու սպաննեցին այդտեղ աշխատող 12 անձեր։ 12-րդը թիկնապահ մըն էր, որ կարծես թէ մնացորդացի հատուցում ըլլայ, զոհուեցաւ տեսախցիկներու նկարահանման ներքեւ։

Այս չարագործութիւնը պատահեցաւ, երբ ՓԱԿԻՏԱ-ի ալիքը սկսելով Գերմանիայէն, կը տարածուէր Եւրոպայի զանազան քաղաքները։ Ուրեմն սխալած չենք ըլլար եթէ այս դէպքի ետեւ ալ բծախնդրութեամբ ծրագրուած դաւադրութիւն մը փնտռենք։

Վերեւ նշուած աշխարհի իր առանցքէն ազատուելու հետեւանքը ո՞վ է որ ամենածանր կը տանի։ Շատերս ինքնաբերաբար պիտի յիշենք աշխարհի դժբախտ ժողովուրդները։ Սովահար ափրիկեցիները, պատերազմի մէջ ծնած, պատերազմի մէջ մեծցած եւ եթէ նախախնամութիւնը արտօնէ պատերազմի մէջ մահացած պաղեստինցիները, արհամարուած, անտեսուած, անիրաւուած քիւրտերը, Աշխարհի մեծագոյն հարստութեան՝ քարիւղի վրայ նստելով հանդերձ աղքատութեան ճիրաններուն տակ տուայլող արաբները, նարքօպարոններու գերի դարձած Հարաւային Ամերիկացիները, ազգային եւ հաւաքական բոլոր յուսադրութիւնները կորսնցուցած, հիասթափուած հայերը։ Հայերը՝ որ հարիւրամեայ պարտութիւն մը կը կրեն անարդարութեան դէմ պայքարի մէջ։ Այս ցանկն ալ կարելի է երկարել մինչեւ «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» ցոյցերուն «մենք 99% ենք» կարգախօսը։

Սթափինք բարեկամներ, խնդիրը կրօնական բնոյթ չունի որ ԲԱԿԻՏԱ-ով կամ Իսլամաֆոպիով բացատրենք։ Յիշենք որ այսօր մարդկանց գլուխը կտրելու համար փողոց ելլողները իրենց հարիւր յիսուն տոլարնոց օրապահիկը ստացան եւ կը ստանան քաղաքակիրթ աշխարհի ռազմավարութեան մասնագէտներէն։

Դէպքը վայրագ է, բայց շատ աւելի վայրագ է այս ու նման դէպքերու խարիսխ մը ստեղծող քաղաքակիրթ ռազմավարութիւնը։