Փոխան բարեմաղթանքի

Բոլորեցինք տարի մը եւս։ Պատմութեան կը թողունք մեր թուարկութեան երրորդ հազարամեակի 14-րդ տարեթիւը։ Այս տարի եւս ականատես եղանք պատահարներու, որոնք նախորդ տարիներէն ալ ծանօթ էին մեզի։ Բայց բազմաթիւ նիւթեր ալ մնացին աննախադէպ։ Բնականաբար մեր սեփական կեանքի պատմութեան մէջ շատ աւելի յաճախակի են աննախադէպները։

Բոլորեցինք տարի մը եւս։ Պատմութեան կը թողունք մեր թուարկութեան երրորդ հազարամեակի 14-րդ տարեթիւը։ Այս տարի եւս ականատես եղանք պատահարներու, որոնք նախորդ տարիներէն ալ ծանօթ էին մեզի։ Բայց բազմաթիւ նիւթեր ալ մնացին աննախադէպ։ Բնականաբար մեր սեփական կեանքի պատմութեան մէջ շատ աւելի յաճախակի են աննախադէպները։ 

«Ակօս»ի տարեվերջի թիւն է։ Թերթիս էջերը լեցուն են բարեմաղթանքներով։ Յոյսէն կը սնին այդ մաղթանքները։ Յուսալով կը մաղթենք բարիքը, յոյսով, որ մարդուս գլխաւոր ուժանիւթն է նաեւ։ Մեր նախնիները յոյսով դիմադրեցին ցեղասպանութիւն կոչուած մեծ եղեռնի աւերին։ Որբանոցներէ դուրս եկան, ընտանիքներ կազմեցին հեռու հորիզոններու վրայ, սերունդներ հասցուցին եւ միշտ վառ պահեցին ապագայի նկատմամբ իրենց յոյսը։ Ապագան միշտ եկաւ շատերուն համար, որոնք արդէն կրցան հարթել իրենց կեանքի ուղին։ Անսպառ է ապագան եւ իւրաքանչիւրս ունինք մեր ապագայի հեռանկարը։ Բայց մեզմէ ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ լոկ յուսալով կամ մաղթելով բարիք պիտի տեղայ։ Կամ արդեօք նոյն գործընթացը կրնա՞յ բարիք պարգեւել բոլորին։

Յստակ է Թուրքիոյ համայնապատկերը, Հայաստանի համայնապատկերը եւ ինչու չէ, բովանդակ աշխարհի համայնապատկերը։ Յուսադրիչ շատ բան չկայ այդ համայնապատկերին մէջ։ Եւ սակայն աշխարհի բոլոր բարիքները մեր ձեռքերուն մէջ են։ Ուրեմն բարիքը կախեալ է մեր գիտակցութենէն, կամքէն ու պայքարի կորովէն։ Նկարին մէջ կը տեսնենք Գարակէօզեանի սաները, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ պատրաստուած են Նոր Տարին դիմաւորելու։ Ապագան երկար ճանապարհ մըն է անոնց առջեւ եւ մենք որքան ալ խուսափինք ու խնայենք, անոնց ոտքերը ինչ-ինչ քարերու պիտի հանդիպին այդ տատասկոտ ճանապարհին վրայ։

Ուրեմն փոխանակ սնամէջ բարի մաղթանքի, պիտի զինենք զանոնք։ Բարիին հասնելու գիտակցութեամբ, արդարութեան համար պայքարելու կամքով պիտի զինենք, որպէսզի ապահով ըլլանք եթէ ոչ մեր, բայց գոնէ իրենց ապագային համար։ Այդ իսկ պատճառաւ փոխանակ անհիմն բարեմաղթանքի, մենք կը մաղթենք որ անիրաւութեան դէմ, անարդարութեան դէմ թող անպակաս ըլլայ ձեր պայքարի կորովը։

Այս հաւատքով կ՚ողջունենք մեր բոլոր ընթերցողներուն Ամանորը։

«ԱԿՕՍ»

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս.Ծնունդ

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ