Լման եօթը տարի դրացնութիւն ըրի սասունցի բազմանդամ ընտանիքի մը հետ։ Նոյն շէնքի կողք կողքի յարկաբաժինները կը բնակէինք։
Իրականութեան մէջ անոնք երկու յարկաբաժիններ միացուցած էին։ Մենք եօթը տարիներու ընթացքին չէինք կրցած գուշակել թէ ո՞վ, որու ամուսինն է կամ ո՞ր երախային ծնողքը որ ընտանիքն է։ Տարեց զոյգ մը կար, որ անկասկած այդ բազմանդամ ընտանիքին մայրն ու հայրն էին։ Մեր մտերմութիւնը ամէն հանդիպելուն ժպիտով ու գլխու բարեւով սահմանուած էր։ Այդ պատճառաւ ալ այս ու նման հարցումները առեղծուած ըլլալով մնացին մեզի համար։
Բայց երրորդ անձեր կը խօսէին այդ ընտանիքի մասին, իրենց զանազան յատկութիւններով։ Տարբեր կրօններու գրանցուած եղբայրներ ըլլալով հանդերձ, անոնք մեծ համերաշխութեամբ կը բաժնէին նոյն տունը։ Միասնաբար սեղան կը նստէին, միասնաբար հեռատեսիլ կը դիտէին, ամառ գիշերներուն միասնաբար կը շաղակրատէին պատշգամը։ Շատ անգամ հիացումով, նոյնիսկ կարելի է ըսել բարի նախանձով կը դիտէի անոնց առօրեան։ Հրապուրիչ կը թուէր ինծի բազմանդամ ընտանիքի կերպարը։ Ես որպէս աքսորեալ սերունդի թոռ, կամ ծնողներս նոյնպէս աքսորեալ ծնողքի զաւակ, զուրկ էինք բազմաթիւ հօրեղբայրներէ, մօրեղբայներէ, հօրաքոյրներէ, մօրաքոյրներէ։ Թերեւս այդ կարօտով է որ մայրս յաճախ կը կրկնէր «Ծառը ճիւղերով կը խշխշայ» ասացուածքը։ Իսկապէս զարմանալի երեւոյթ էր, երբ նոյն տան մանուկները դռնէն ելլելով մէկ մասը կ՚ուղղուէին դէպի Գարակէօզեան վարժարանը, մէկ մասն ալ մօտակայ մզկիթի կողքին գործող Քուրանի դասընթացքին։
Բազմանդամ էին մեր հարեւանները, բայց օր մը այդ բազմանդամութիւնը անհաւատալի համեմատութեան մը հասաւ։ Ամբողջ փողոցը լեցնելու համազօր բազմութիւն մը խուժած էր մեր շէնքը։ Մտահոգուած էինք «արդեօք մա՞հ մը պատահեցաւ» խորհելով։ Շուտով պարզուեցաւ, մեր հարեւաններու կրտսեր որդին յաջորդ օր բանակի ծառայութեան պիտի երթար եւ ազգականներ եկած էին ողջերթ մաղթելու։
Երբ 17 Դեկտեմբեր թուակիր թրքական օրաթերթը կը պատմէր անձնաթուղթին մէջ իսլամ գրուած, բայց եկեղեցիէն յուղարկուած սասունցիին լուրը, վերյիշեցի մօրս «Ծառը ճիւղերով կը խշխշայ» ասացուածքը։ Վախճանեալ սասունցին 11 որդի ունէր, որոնց մէկ մասը քրիստոնեայ էին, իսկ մէկ մասը՝ իսլամ։ Եւ այդ որդիները, ըստ թերթի հաղորդումին, տարակուսած էին իրենց հայրը եկեղեցիէն կամ մզկիթէն յուղարկաւորելու երկընտրանքին մէջ։ Ըստ երեւոյթի, ճիւղերու խշխշացումը այս օրինակին մէջ ժխտական արդիւնք տուած էր։
Լրատուութիւնը յիշեցուց նաեւ երիտասարդ շարժանկարի բեմադրիչ Ուղուր Էկէմէն Իրէսի «Եթէ» կարճամեթրաժ վաւերագրականը։ Հոն կը պատմուէր յառաջացած տարիքին գիտակցութիւնը վերահաստատած մարդու մը ոդիսականը։ Ան իր մահէն ետք զաւակներու հոգը թեթեւցնելու միտումով երկու հոգինոց թաղ մը գնած էր իսլամաց գերեզմանին մէջ։ Շիրմաքարին վրայ արձանագրած էր իր ու կնոջ անունները, բաց թողելով մահուան թուականը։ Հիմա իր նախնիաց կրօնին վերադառնալով կ՚որոշէր այդ շիրմաթաղը ծախել եւ տեղը հայկական գերեզմանատան մէջ նորը գնել։ Բայց կինը խստիւ կ՚ընդդիմանար այս որոշումին, ըսելով որ ինք բնաւ ալ մտադիր չէ խաչի մը ներքեւ ննջելու։
Աստուա՜ծ իմ, ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի դարադարձին իսկ։