Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեան մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպեց եւ քաղաքիսհայկական մամուլի ներկայացուցիչները հրաւիրելով անոնց հարցումներուն պատասխանեց: Պատրիարքարանի YouTube էջէն ուղիղ սփռուած այս հանդիպումը իր այս յատկանիշով առաջինն էր: Սակայն դժուար է ըսել թէ մեր հասարակութիւնը այս հեռարձակումին հանդէպ անհրաժեշտ հետաքրքրութիւնը ցուցաբերեց:
Պատրիարք Մաշալեան հանդիպման ընթացքին հիմնականին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հայ համայնքի խնդիրներուն: Իթիմաթ Պիւրօ, Հիւանդանոցի ընտրութիւններ, դպրոցներու փակում կամ միաւորում ու նման հարցերու շուրջ իր տեսակէտը բաժնեց համայնքին եւ մամուլին հետ:
Մեր կարծիքով անոր տուած պատգամներուն մէջ ամենակարեւորը այն էր որ ո՛չ Պատրիարքարանը, ո՛չ ալ ԷՐՎԱՊ-ի նման հաստատութիւնները կանոնադրութեան չեն տիրանար: Հանրապետութեան շրջանին փոքրամասնութիւններուն գրաւոր կանոնադրութիւն չտրուած ըլլալուն ուշադրութիւն հրաւիրող Մաշալեան, «100 տարուայ կանոնակարգի խնդիր ունինք» ըսաւ եւ մասնաւորապէս Հանրապետութեան հիմնադրման տարիներուն փոքրամասնութիւնները աւելի եւս նուազեցնելու քաղաքականութիւն որդեգրուած ըլլալուն ուշադրութիւն հրաւիրեց: «Պատրիարքութիւնը գոյութիւն ունեցող եւ չունեցող հաստատութիւն մըն է» յիշեցնող Մաշալեան, հիմնադրամներուն ալ իրաւական անձնաւորութեամբ գագաթնային կառոյց մը չկրցած ըլլալուն ուշադրութիւն հրաւիրեց եւ համայնքին դիմելով «Պատասխանատու կը փնտռէք, բայց պատասխանատուութիւնները տրուած իրաւասութեան հետ կապուած են» ըսաւ:
Պատրիարք Մաշալեան այս հարցով նախկին պատրիարքներուն ալ Անգարայի մօտ ձեռնարկներ կատարած ըլլալը, սակայն արդիւնքի չհասնիլը յայտնեց եւ հետեւեալ յիշեցումը ըրաւ. «Իրաւական անձնաւորութեան պակասը մեզ ծրագրում կատարելէ կը խափանէ, ո՛չ Պատրիարքարանը, ո՛չ ԷՐՎԱՊ-ը, ի՞նչ ենք մենք, ո՞վ ենք, յայտնի չէ..» Մաշալեանի խօսքերը փոքրամասնութիւններուն այս երկրին մէջ դիրքը նկարագրելու տեսանկիւնէն կարեւոր էին:
Թէ՛ Պատրիարքարանը, թէ՛ ալ հիմնադրամներու ղեկավարները ԱՔՓ կուսակցութեան շրջանին որոշ ձեռքբերումներ ունեցած ըլլալնին կը կրկնեն: Սակայն հիմնական խնդիրներուն չլուծուած ըլլալը անգամ մը եւս արձանագրուեցաւ:
Տեսնենք այս խօսքերը Անգարայի մէջ արձագանգ պիտի գտնե՞ն եւ մեր «գործիչները» այս հարցով ի՞նչ տեսակի նախաձեռնութիւններ պիտի կատարեն:
Այս յայտարարութիւնները պէտք չէ որ օդին մէջ մնան:
(Խմբագրական)