Այդ անիծեալ օրէն 18 տարիներ ետք Հրանդ Տինքի յիշատակը կը ոգեկոչուի նոյն կսկիծով ու վճռակամութեամբ։
2025-ի 19 Յունուարին, մեծ բազմութիւնը դարձեալ պիտի մէկտեղուի «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ, ճիշդ սպանութեան պահուն յոտնկայս յիշատակելու համար Հրանդը։
Իրականութեան մէջ Հրանդ Տինքի յիշատակումը սեհմանուած չէ «Ակօս»ի առջեւ կայացող հանրահաւաքով։ Ան մօտաւորապէս երկու շաբաթներու հասնող միջոցառումներու շարք մըն է, որ կ՚իրականանայ տարբեր ձեւաչափերով։
Արդարեւ այս տարի ալ խմբագրատան մէջ յաճախ կ՚ունենանք այցելուներ, որոնք այս կամ այն լրատու գործակալութեան հաշւոյն կ՚ուզեն զրուցել «Ակօս»ի անձնակազմին հետ, Հրանդի աւանդը կիզակէտին ունեցող ծրագիրներ պատրաստելու համար։
Երկրի տարբեր քաղաքներուն, նոյնիսկ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կը շարունակուի 19 Յունուարին Հրանդ Տինքը յիշատակելու ձօնուած միջոցառումները։
Այս տարի Հրանդ Տինք Հիմնարկը ամբողջ շաբաթ մը տեւողութեամբ կազմակերպեց զանազան ասուլիսներ, տարբեր խորագիրներով եւ ատենախօսներով։
Այդ շարքի առաջինը կայացաւ 13 Յունուար երկուշաբթի, ուր բովանդակալից «Հրանդ» մենագրութեան հեղինակ Թուղպա Չանտար եւ թերթիս բազմամեայ աշխատակից Գարին Գարագաշլը զրուցեցին Հրանդի եւ «Ակօս»ի հիմնադրութեան շրջանին մասին։
Երեքշաբթի օրուայ ատենախօսն էր վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ Իւմիթ Քըվանչ։ Ներկայները նախ դիտեցին Քըվանչի «Յիշողութիւնը Անբաւարար» անուն ֆիլմը, ապա լսեցին անոր փոխանցած տեղեկութիւնները, սոյն ֆիլմի պատրաստման փուլերու մասին։ «Հրանդ որքան որ կը գրէր, նոյնքան կամ նոյնիսկ աւելի կը խօսէր նաեւ։ Ուրեմն կարեւոր էր Հրանդի խօսքը եւս լսելի դարձնել յաջորդ սերունդներու» ըսաւ Իւմիթ Քըվանչ։
Շաբթուայ երրորդ ծրագիրը ունէր չորս ատենախօսներ։ Ժիւլիտէ Քուրալ, Ֆեթհիյէ Չեթին, Այշեկիւլ Ալթընայ եւ Բագրատ Էսդուգեան, Այֆեր Պարթու Ճանտանի ժողովավարութեամբ արտայայտուեցան հայերէն տպագիր մամուլի մէջ լոյս տեսած «Հարազատները կը փնտռեն» ազդերու շուրջ։
16 Յունուար հինգշաբթի Ալի Պայրամօղլու, Հիւլյա Տեվէճի եւ Իպրահիմ Քապօղլու Ըշըն Էլիչինի ժողովավարութեամբ խօսեցան քաղաքական բնոյթով ոճիրներու գործադրութեան ընթացքին հասարակութեան մատնուած հոգավիճակի մասին։
Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը յատկացուած է հիմնարկի ծառայութիւններուն ծանօթացման ուղղեալ միջոցառումներուն։
Այս բոլորէն բացի զանազան հաստատութիւններ, միութիւններ կամ հարթակներ երկրի տարբեր անկիւններու մէջ ձեռնարկած են յատուկ միջոցառումներու, որոնց բոլորին ալ առանցքը կը կազմեն Հրանդ Տինքի մղած արդարութեան պայքարը։
Նշենք որ այս բնոյթի միջոցառումներու շարքը պիտի շարունակուի 19 Յունուարին յաջորդող օրերուն եւս։