Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ կառավարութեան դէմ դատական հայց ներկայացուցին

Հ.Յ.Դ.ի ան­դամ եւ Ազ­գա­յին ժո­ղովի «Հա­յաս­տան» խմբակ­ցութեան ան­դամ Քրիս­տի­նէ Վար­դա­նեան ու անոր պաշ­տօ­նակից­նե­րը՝ Ան­նա Գրի­գորեան, Գե­ղամ Մա­նու­կեան եւ Ար­թուր Խա­չատ­րեան միացեալ դա­տական հայց մը ներ­կա­յացու­ցին կա­ռավա­րու­թեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան դէմ: «Պա­հան­ջել ենք ոչ իրա­ւաչափ հա­մարել Հա­յաս­տա­նի արտգործնա­խարա­րի 2024 թ. Մար­տի 14-ի գրու­թիւնը, որով մեզ ար­գե­լուել էր ծա­նօթա­նալ Ատրպէյճանի հետ քննար­կուող պայ­մա­նագ­րի փո­խանա­կուող նա­խագ­ծե­րին: Դա­տարա­նը: դա­տաւոր Ռո­բերտ Մա­քէյեանի նա­խագա­հու­թեամբ, հայ­ցա­դիմու­մը վա­րոյթ ըն­դունե­լու որո­շում է կա­յաց­րել: Նշա­նակո­ւել է նաեւ նախ­նա­կան դա­տական նիս­տի օր, որը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ 2025 թո­ւակա­նի Յու­նո­ւարի 14-ին: Մենք հե­տեւո­ղական ենք լի­նելու այս կա­մայա­կան որո­շու­մը չե­ղար­կե­լու ու հան­րութեան հա­մար յոյժ կա­րեւոր փաս­տաթղթին ծա­նօթա­նալու մեր իրա­ւունքը վե­րականգնե­լու հար­ցում», գրած է Վար­դա­նեան: Նոյն օր Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ, լրագ­րողնե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թացքին, Հ.Յ.Դ.ի ան­դամ եւ Ազ­գա­յին ժո­ղովի «Հա­յաս­տան» խմբակ­ցութեան պատ­գա­մաւոր Ար­թուր Խաչատ­րեան, անդրա­դառ­նա­լով դա­տական հայ­ցին՝ ըսաւ, որ իրենք բազ­մա­թիւ ան­գամներ յայտնե­ցին, թէ կը պատ­րաստո­ւին դա­տի տալ, եւ որ իրենք նաեւ յայ­տա­րարե­ցին, թէ դա­տի տո­ւած են, ան­գամ մը ետ վե­րադար­ձուցին, դա­տարա­նը երկրորդ ան­գամ որոշ փո­փոխու­թիւննե­րէ ետք ըն­դունեց վա­րոյ­թը:

«Այն պա­հից երբ ատրպէյճանա­կան մա­մու­լը ատրպէյճանա­կան քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը սկսե­ցին կաղ­կանձել որ ռե­ւան­շիստնե­րը (վրէժխնդիր­նե­րը), այ­սինքն մենք հա­սանե­լիութիւն ու­նենք գաղտնի փաս­տաթղթե­րին, դրա­նից մի քա­նի օր յե­տոյ Նի­կոլ Փա­շինեանը ԱԺ ամ­բիոնից ասաց` ես ար­գե­լելու եմ, որ դուք այդ փաս­տաթղթե­րին տե­ղեկա­նաք: Հիմնա­ւորու­մը զա­ւեշտ էր, ասաց` մի բան տես­նում էք, ու­րիշ բան տե­ղեկաց­նում էք: Հի­մա, եթէ այս իշ­խա­նու­թիւննե­րը նման մե­ղադ­րանք են ներ­կա­յաց­նում, դա կա­րելի է վճռել ընդա­մէնը մի ձե­ւով, թող հրա­պարա­կեն այն, ին­չը, ըստ իրենց, մենք սխալ ենք ներ­կա­յացրել: Մենք գոր­ծել ենք օրէն­քի շրջա­նակ­նե­րում, այ­լա­պէս հի­մա ես առ­նուազն քրէական հե­տապնդման են­թարկո­ւելիս կը լի­նէի, ոչ մի բան չենք խախ­տել, որե­ւէ ար­տա­հոսք չենք արել: Տո­ւել են քա­ղաքա­կան գնա­հատա­կան, որ այն թուղթը, որ աշ­խարհում է Հա­յաստա­նի եւ Ադրբե­ջանի ԱԳ նա­խարար­նե­րի մի­ջեւ, կա­պիտու­լեացիայի (անձնատ­րութեան) պայ­մա­նագիր է Հա­յաս­տա­նի ստրկաց­ման, Հա­յաս­տա­նին ան­կա­խու­թիւնից, ազա­տու­թիւնից զրկե­լուն եւ սպառ­նա­լիք է Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեանը», ըսաւ Խաչատ­րեան, ըստ որուն, երկրորդ պատ­ճա­ռը Նի­կոլ Փա­շինեանի՝ ցոյց տալ ու­զելն է, թէ մեր երկրին մէջ միակ խօսք ու­նե­ցողը ինքն է: Ան մտա­վախու­թիւն յայտնեց, որ խա­ղա-ղու­թեան պայ­մա­նագի­րին մէջ վտան­գա­ւոր կէ­տերուն թի­ւը հետզհե­տէ պի­տի աւել­նայ: Խա­չատ­րեան յի­շեցուց Ատրպէյ­ճա­նէն հնչող պա­հանջնե­րը: Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը հան­րա­քուէով փո­խելու, Հա­յաս­տա­նի ապա­ռազ­մա­կանաց­ման եւ Եւ­րո­պական Միու­թեան դի­տորդները Հա­յաս­տա­նէն հա­նելու մա­սին:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ