«Միսաք Մանուշեան Շարժում» ընկերակցութեան 29 Նոյեմբեր թուակիր հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ 27-էն 28-ի Նոյեմբեր գիշերը պղծած են Մարսիլիոյ 9րդ թաղամասին մէջ գտնուող Համայնավար կուսակցութեան կեդրո նի ճակատին պարզուած Միսաք Մանուշեանի որմնանկարը։ Ընկերակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ պղծումի այս արարքը, զայն համա րելով՝ նացիական գաղափարախօսութիւնը վերարծարծելու կամքով տոգորուածնե րու կողմէ գործուած ցեղապաշտական արարք մը ընդդէմ Ֆրանսայի Դիմադրական ոգին խորհրդանշող հերոսի նկարին, որ հանրապետական արժէքներու ներկայացու ցիչն է։ Արարքին լայնօրէն արձագանգած է նաեւ տեղական մամուլը։