Ալեկոծում հակասութիւններու ծովուն մէջ

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան կեան­քը վեր­ջերս մատ­նո­ւած է հա­կասու­թիւննե­րով լե­ցուն վե­րիվայ­րումնե­րու։ Ագա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Պահ­չե­լի կը շա­րու­նա­կէ քրտա­կան խմբակ­նե­րու, յատ­կա­պէս ալ Ապ­տուլլահ Էօճա­լանի հետ երկխօ­սու­թեան կո­չերը։ Միւս կող­մէ ճնշումնե­րը հետզհե­տէ կը սաստկա­նան այդ նոյն շրջա­նակ­նե­րու դի­մաց։ Յա­ճախա­կի դար­ձած երե­ւոյթ է ընտրու­թիւննե­րով պաշ­տօ­նի կո­չուած քա­ղաքա­պետե­րու բեր­ման են­թարկուելու խնդի­րը։

Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն ընտրո­ւած Էսէն­յուրթի քա­ղաքա­պետի ձեր­բա­կալու­թեան յա­ջոր­դած էր Մար­տին, Պաթ­ման եւ Եթե­սիոյ Հալ­ֆե­թի գա­ւառի քա­ղաքա­պետե­րու փո­խարէն տե­ղապահ նշա­նակո­ւելու դէպ­քը։ Յա­ջոր­դին այս ան­գամ ՏԵՄ կու­սակցու­թե­նէն ընտրո­ւած Տէր­սի­մի քա­ղաքա­պետի հետ բեր­ման են­թարկո­ւեցաւ նաեւ դար­ձեալ Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան Օվա­ճըքի քա­ղաքա­պետը։

Բնա­կանա­բար այս ձեր­բա­կալու­թիւննե­րը պատ­ճառ կը դառ­նան զան­գո­ւածա­յին բո­ղոք­նե­րու, յատ­կա­պէս տո­ւեալ քա­ղաք­նե­րէ կամ գա­ւառ­նե­րէ ներս։

Այս փո­թորի­կի մէջ X-ի գրա­ռու­մի մը պատ­ճա­ռաւ ձեր­բա­կալո­ւեցաւ Նա­սուհ Մահ­րուքի։ Ան հա­սարա­կու­թեան ծա­նօթ է 1999-ի երկրա­շար­ժին, իր հիմ­նած ԱՔՈՒԹ կազ­մա­կեր­պութեան հետ կա­տարած փրկա­րար աշ­խա­տու­թիւննե­րով։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ գրա­ռում հա­մարո­ւեցաւ կեղծ լուր տա­րածե­լու ձե­ւով։

Այս բո­լորին վրայ եկաւ աւել­նա­լու թէ՛ Ամի­տայի Քա­յափը­նար գա­ւառի քա­ղաքա­պետի եւ թէ բազ­մա­թիւ լրագ­րողնե­րու եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րու բեր­ման են­թարկո­ւելու մա­սին լրա­տուու­թիւնը։

Բեր­ման են­թարկո­ւած­նե­րու շար­քէն է նաեւ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Նի­մէթ Թան­րը­քու­լու։

Առ­կայ հա­կասու­թիւնը ալ աւե­լի զգա­լի դար­ձաւ, երբ նա­խագահ Էր­տո­ղան ալ իր կար­գին հաս­տա­տեց թէ ամ­բողջո­վին կը ձայ­նակցի իր դաշ­նա­կից Պահ­չե­լիի կո­չերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ