Բռնութիւն՝ բռնութեան դէմ բողոքողներուն

25Նո­յեմ­բե­րը հա­մաշ­խարհա­յին օրա­ցոյ­ցի վրայ նշո­ւած է որ­պէս կի­ներու ուղղեալ բռնու­թեան դէմ պայ­քա­րի օր։ Ար­դա­րեւ Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րու մէջ այս յա­տուկ օրը յի­շատա­կելու հա­մար կի­ներ փո­ղոց իջան ի դէմ այ­րիշխան տի­րող հա­մակար­գի եւ անոր ձե­ւաւո­րած կարգ ու կա­նոնին, օրէնքնե­րուն եւ սո­վորոյթնե­րուն դէմ առար­կութիւ­նը բարձրաց­նե­լու նպա­տակով։

Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի ալ կի­ներու բո­ղոքը ար­գի­լելու հա­մար յատ­կա­պէս Իս­թանպու­լի մէջ դի­մէ ծայ­րա­յեղ եւ հետզհե­տէ բռնի կան­խա­միջոց­նե­րու։

Իս­թանպու­լի կու­սա­կալի հրա­հան­գով հան­րա­յին եր­թե­ւեկու­թիւնը կա­սեցո­ւեցաւ քա­ղաքի կեդ­րո­նական թա­ղերու մէջ։ Մեթ­րո­յի ուղղու­թեան վրայ զանց առ­նո­ւեցան այն կա­յան­նե­րը, որոնք հա­մեմա­տաբար մօտ էին որոշ հրա­պարակ­նե­րու։ Նոյնպէս հան­րա­կառ­քի գիծն ալ սահ­մա­նափա­կուե­ցաւ մին­չեւ որոշ հե­ռաւո­րու­թիւն։

Կի­ներ բո­լոր այս ար­գելքնե­րը յաղ­թա­հարե­լով յա­ջողե­ցան Իս­թիքլալ փո­ղոց եւ ապա Թաք­սի­մի հրա­պարա­կը ել­լել։ Սա­կայն նման յա­ջողու­թիւնը հա­զիւ բեր­ման են­թարկո­ւելու հա­տու­ցումով է որ պի­տի իրա­կանա­նար։ Այդպէս ալ եղաւ եւ կի­ներ չզի­ջեցին ոս­տի­կան­նե­րու յա­րու­ցած ար­գելքնե­րուն, որու հե­տեւան­քով քաշքշուկնե­րու մէջ բեր­ման են­թարկո­ւեցան։

Նման պատ­կերներ գո­յացան մայ­րա­քաղաք Ան­գա­րայի մէջ ալ, ուր կի­ներ կը փոր­ձէին մէկ­տե­ղուիլ Սա­քարիա փո­ղոցի վրայ։ Հոս ալ ոս­տի­կանու­թիւնը մսէ պա­րիսպներ կազ­մեց կի­ներու դի­մաց, ար­գելք ըլ­լալ ջա­նալով անոնց բռնու­թեան դէմ բո­ղոքին։

Զմիւռնիոյ մէջ չկար նման բնոյ­թով կան­խա­միջոց­ներ, հե­տեւա­բար կի­ներու բո­ղոքի ցոյ­ցը ան­ցաւ առանց լուրջ մի­ջադէ­պի։

Յի­շենք թէ կի­ներու դէմ իրենց ամե­նամօ­տերու կող­մէ գոր­ծո­ւած ոճիր­նե­րը հետզհե­տէ թափ ստա­ցած են պահ­պա­նողա­կանու­թեան մագլցու­մին զու­գա­հեռ կեր­պով։ Ասոնց վրայ կ՚ար­ժէ աւելցնել ան­չա­փահաս­նե­րու, նոյ­նիսկ մա­նուկ կամ պա­տանի­ներու ուղղեալ սե­ռային բռնու­թիւննե­րը եւ սպա­նու­թիւննե­րը։ Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րը վե­րոն­շեալ բո­ղոքի ցոյցրու հա­մար բնա­կանօ­րէն գե­տին կը պատ­րաստէ։

Ինչ մեղք որ տի­րող հա­մակար­գը իր դա­տական, անվտան­գա­կան եւ գա­ղափա­րախօ­սական բո­լոր կա­ռոյցնե­րով կը քա­ջալե­րէ կի­ներու դէմ բռնու­թիւն գոր­ծադրող­նե­րը։ Այսպէս վայ­րագ յան­ցա­գործներ ի սկզբա­նէ կ՚ապա­ւինին ան­պատժե­լիու­թեան շնորհնե­րուն։

Երե­ւոյ­թը սահ­մա­նուած չէ մէկ օրո­ւայ ան­ցուդար­ձե­րով, քա­նի որ ան ու­նի շատ աւե­լի խոր­քա­յին եռանգներ եւ կը սպառ­նայ երկրի ապա­գային նաեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ