Արդեօք Թուրքիո՞յ «Սեւ ցուցակն» է

Թուրքիան արգիլած է Երեւանէն Իսթանպուլ մեկնած գանատացի լրագրողի մուտքը՝ յայտարարելով, որ անձը «սեւցուցակ»ի մէջ է: Այնուհետեւ լրագրողը ետ ուղարկուած է Հայաստան: Այս մասին Նիլ Հաուըրը յայտնած է X-իիր էջի միջոցաւ:

Լրագրողը ենթադրած է, որ արգելքը կապուած է իր կողմէ Ատրպէյճանի հասցէին քննադատութիւններու եւԱրցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու, այդ շարքին՝ էթնիք զտումներու մասին հրապարակումներու հետ:

«Ինծի արգիլեցին մուտք գործել Թուրքիոյ Հանրապետութիւն։ Զբօսաշրջային այցի նպատակով Երեւանէն մեկնածէի Իսթանպուլ «Սապիհա Կէօքչեն»ի անուան օդակայան: Անձնագրային ստուգման ժամանակ ինծի մէկ կողմտարին, տեղեկացուցին, որ «սեւ ցուցակ»ի մէջ եմ, 16 ժամ պահեցին ու Երեւան մեկնող առաջին թռիչքով արտաքսեցին», գրած է լրագրողը։

Հաուըրը նշած է նաեւ, որ պիտի բողոքարկէ արգելքը, քանի որ ոչ մէկ յանցանք գործած է։

Միւս կողմէ 25 Նոյեմբերին բեռման ենթարկուած Ատրպէյճանի քաղաքացիներու կացութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ։ Այդ օր 169 անձեր բերման ենթարկուած էին, որոնք ժամեր անց ազատ արձակուեցան, բայց տեսնուեցաւ թէ երկու Ատրպէյճանցի քաղաքացիներ կը մնան ոստիկանական հսկողութեան տակ։

Լրագրողական շրջանակներ կը մտահոգուին թէ անոնք երկրէն արտաքսուին Ատրպէյճան ետ ղրկուելով։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ