ՀՀ Արուեստագէտները արժանացան բարձր գնահատանքի

Շուրջ երեք քա­ռորդ դար տե­ւող Խորհրդա­յին պե­տու­թիւնը երբ վե­րացաւ, հա­մաշ­խարհա­յին պատ­մագրու­թեան բե­մէն իր ետին թո­ղուց հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թին մա­տու­ցո­ւած զա­նազան ար­ժէքներ։ Այդ ար­ժէքնե­րու շար­քէ ներս է հա­յազ­գի անուանի եր­գա­հան Արամ Խա­չատու­րեանը։ Ան հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թեան մէջ կը դա­սաւո­րուէր իբ­րեւ 20-րդ դա­րու սո­վետա­կան երեք յօ­րինող­նե­րու կար­գին։ Իր հետ կը յի­շուէին Սեր­կէյ Փրո­քոֆիեվի եւ Տի­միդ­րի Շոս­տա­քովի­չի անուննե­րը։ Անոնք իրենց ազ­գա­յին ծա­գու­մէն զատ բնո­րոշո­ւեցան որ­պէս Սո­վետա­կան հե­ղինակ­ներ։

Մեզ հա­յերուս հա­մար ան­շուշտ որ կա­րեւոր էր Արամ Խա­չատու­րեանի հայ ծա­գու­մը, որու հե­տեւան­քով այս տա­րի կը յի­շատա­կենք իր ծննդեան 120-ամեակը։

Այս պատ­կա­ռելի տա­րեդար­ձի առ­թիւ նա­խորդ ուրբաթ օր Սեւ­ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Կազ­մա­կեր­պութեան մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Մշտա­կան Ներ­կա­յացու­ցիչի Գրա­սենեակը որո­շած էր հա­մեր­գով մը մաս­նակցիլ 120-ամեակին մի­ջոցա­ռումնե­րուն։

22 Նո­յեմ­բեր ուրբաթ երե­կոյ, Ճե­մալ Ռե­շիտ Ռէյ հա­մեր­գասրա­հին մէջ վա­յելե­ցինք այս հա­մեր­գի հա­մար Հա­յաս­տա­նէն ժա­մանած երեք արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու բարձրո­րակ երաժշտու­թիւնը։

Յայ­տա­գիրը սկսաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ Նա­յիրի Պետ­րո­սեանին եռա­լեզու ար­տա­սանած ող­ջոյնի խօս­քով։

Ապա բեմը յանձնո­ւեցաւ ջու­թա­կահար Անուշ Նի­կողո­սեան, թաւ ջու­թա­կահար Մի­քայէլ Նա­ւասար­դեան եւ դաշ­նա­կահար Սո­նա Բար­սե­ղեանէ բաղ­կա­ցող եռեակի սրտա­ռուչ երաժշտու­թեան։

Նախ դաշ­նա­կահար Սո­նա Բար­սե­ղեան կա­տարեց Արամ Խա­չատու­րեանի հան­րա­ծանօթ «Թո­քաթա»ն ապա դաշ­նա­մու­րին միացաւ ջու­թա­կահար Անուշ Նի­կողո­սեան Խա­չատու­րեանի երգ-պոէմ կա­տարու­մով։ Յայ­տա­գիրը շա­րու­նա­կեց Յա­րու­թիւնեանի «Անսպա­սելի» անուն գոր­ծով, Մի­քայէլ Նա­ւասար­դեանի թաւ ջու­թա­կի եւ դաշ­նա­մու­րի նո­ւագակ­ցութեամբ։

Կո­միտա­սեան երեք ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րը իս­կոյն տո­գորե­ցին ամ­բողջու­թեամբ լե­զուն դահ­լի­ճը։ Եռեակը իր ելոյ­թը շա­րու­նա­կեց Պա­պաճա­նեանի ելե­ւէջ­նե­րով եւ Արամ Խա­չատու­րեանի պա­լէթա­յին յօ­րինումնե­րով, որոնք քա­ղուած էին «Գա­յիանէ» եւ «Սփար­թաք» պա­լէնե­րէն եւ յար­մա­րեցուած եռեակի հա­մար։

Երա­ժիշտնե­րը ըն­դա­ռաջե­լով հան­դի­սատե­սի ցան­կութեան, յայ­տա­գիրէ դուրս, իբ­րեւ «պիս» նո­ւագե­ցին մե­ծառեալ եր­գա­հանի հան­րա­ծանօթ «Սու­սե­րով Պար» ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը։

Ինչպէս ՍԾՏՀԿ-ի մօտ ՀՀ. Մշտա­կան Ներ­կա­յացուցչու­թեան նա­խորդ մի­ջոցա­ռումնե­րը, այս վեր­ջինն ալ հան­դի­սատե­սի յի­շողու­թեան մէջ խոր տպա­ւորու­թիւն գո­յացուց շնոր­հիւ բծախնդիր կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տան­քի եւ ի մաս­նա­ւորեալ Հա­յաս­տա­նէն ժա­մանած արուես­տա­գէտ­նե­րուն կա­տարո­ղական բարձր մա­կար­դա­կին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ