Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի վերջին օծումն եւ յուղարկաւորութիւնը 26 Նոյեմբեր երեքշաբթի օր, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ։
Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք՝ Սահակ Բ., որ կատարեց նաեւ վերջին օծումը։ Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի կողմէ։
Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ այլ քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։
Արարողութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը կատարեց վերջին օծումը եւ խօսեցաւ դամբանական մը՝ վեր առնելով վաստակաւոր եկեղեցականի նուիրումն ու ծառայասիրութիւնը։