Սրբութեան սահմաններէն անդին. հայերէնով ապրելու (այսինքն՝ անոր հետ ստեղծագործելու, խաղալու, սխալելու եւ այլն) հրաւէր մը
ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Այս տարի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, մենք՝ «Թորոնթոհայ»ի խմբագրութիւնս, որոշեցինք վերահրատարակել Րաֆֆի Սարգիսեանի՝ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի տնօրէնին 2015-ին գրած «Հայերէնը պէտք է գործնական լեզու դառնայ» յօդուածը («Թորոնթոհայ», 29 Հոկտեմբեր 2015, առցանց)։ Այս գրութիւնը կը շեշտէ հայերէնը գործնական, օգտագործելի լեզու դարձնելու կարեւորութիւնը. այսինքն՝ լեզու մը, ուր մարդիկ իսկապէս կրնան ապրիլ, փոխանակ զայն հեռուէն դիտելու, ինչպէս՝ թանգարանի ապակիին ետեւ դրուած ցուցանմուշ։
Յօդուածին հետ զետեղեցինք նաեւ ամերիկահայ շնորհալի գծանկարիչ Մարտիրօս Չիլիանի (Myke Chilian) ստեղծած «Հայկական այբուբեն» խորագրով գունագեղ եւ կենդանի (երբեմն բառին բուն իմաստով կենդանի) պատկերը։ Տառերը նկարազարդուած (կամ «կեանքի կոչուած») են՝ գունեղ, զուարճալի, երբեմն քիչ մը տարօրինակ. ոմանք մարդակերպ (նոյնիսկ այլ մոլորակակերպ) տեսք ստացած են։ Ասիկա Րաֆֆիին միտքերուն տեսողական ներկայացումն էր. հայերէնը պէտք է ըլլայ կենդանի, շնչող լեզու մը։
Սակայն, հաւանաբար, ինչպէս կը սպասուէր, հակազդեցութիւնը արագ եկաւ։ Ֆէյսպուքի մէջ առաջին մեկնաբանութիւններէն մէկը հարցուց. «Էս ո՞վ մեր Սուրբ Գրերը էսպէս այլանդակել»։ Կարծես մեծ մեղք մը գործած էինք՝ համարձակելով հայկական այբուբենի տառերը ներկայացնել ոչ թէ հազարամեայ քարի մը վրայ փորագրուած, այլ՝ նորարար, ստեղծագործ ձեւով։
Եւ հոս կը հասնինք խնդրոյ առարկային սիրտը։ Հայերէն լեզուին եւ այս պարագային՝ հայկական այբուբենին հանդէպ այս տեսակ կոշտ, կարծր, գրեթէ կրօնական ակնածանքը ճիշտ այն մտայնութիւնն է, որ պէտք է մարտահրաւէրի ենթարկենք։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ երբ բան մը կը բարձրացնենք սրբութեան աստիճանի, երբ զայն այնքան կը սրբացնենք, որ անձեռնմխելի կը դառնայ, կը զրկենք զայն իր օգտագործութենէն։ Կը սպանենք անոր աճելու եւ ստեղծագործելու ներուժը։ Փորձելով պահպանել անոր «մաքրութիւնը», ի վերջոյ՝ կը խեղդենք զայն։
Պահ մը երեւակայենք. կարելի՞ է արուեստ ստեղծել, եթէ մեր իւրաքանչիւր վրձնահարուածը քննադատուէր ու ստիպուէր, որ ճշգրտօրէն համապատասխանէր Եւրոպական վերածնունդի վարպետներու չափանիշներուն։ Կամ կարելի՞ է երաժշտութիւն յօրինել, եթէ մեր նուագած իւրաքանչիւր նօթը պէտք է կատարելապէս արձագանգէր Պախին։ Ո՛չ տեղ նորարարութեան, ո՚չ տեղ սխալներու, պարզապէս սառած, անշարժացած արուեստի ձեւ մը, որով կը հիանան հեռուէն, բայց երբեք չեն մասնակցիր։ Ահա թէ ինչ կը պատահի, երբ այնքան կը յարգենք բան մը, որ այլեւս կը վախնաք անոր դպչելէն։
Լեզուները, ճիշդ ինչպէս արուեստը կամ երաժշտութիւնը, չեն կրնար զարգանալ, եթէ զետեղուին պատուանդանի վրայ՝ անձեռնմխելի եւ անփոփոխ։ Անոնք պէտք է օգտագործուին (այո, երբեմն սխալներով), ծռմռատուին, այլանդակին. անոնցմով պէտք է ստեղծագործել, երգել, պարել եւ, համարձակիմ ըսելու՝ հայհոյել։ Անոնք պէտք է զարգանան, որովհետեւ եթէ լեզու մը չի զարգանար, ան կը դառնայ անտեղի։
Տարբերութիւնը թանգարանի եւ խաղավայրի միջեւ է։ Թանգարանը հիացման տարածք է, անշուշտ, բայց նաեւ հեռաւորութեան տարածք։ «Դիտեցէ՚ք, բայց յանկարծ չդպչիք»։ Միւս կողմէն, խաղավայրը այն տեղն է, ուր կը խաղանք, կը գործենք, կը փորձարկենք եւ, ի վերջոյ, կը ստեղծենք։ Հայերէնը՝ եթէ պիտի վերաբերի սփիւռքի ապագայ սերունդներուն, պէտք է աւելի նմանի խաղավայրի եւ ո՚չ թանգարանի։
Խօսինք մեր հայերէն տառերուն մասին. այո՚, անոնք սուրբ են այն իմաստով, որ ունին խոր պատմութիւն եւ խոր կապ մեր ինքնութեան հետ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք պէտք է սառած մնան ժամանակի մէջ։ Միթէ տառերը քիչ մը զուարճալի կամ գունագեղ դարձնելը կը նուազեցնէ՞ անոնց կարեւորութիւնը։ Ընդհակառակը. ասիկա զանոնք կեանքի կը կոչէ եւ թոյլ կու տայ յաջորդ սերունդին կապուիլ անոնց հետ, տեսնել զանոնք իբրեւ բան մը, զոր կրնան սեփականացնել, ոչ թէ պարզապէս բան մը, որ պարտաւոր են հիանալ հեռուէն։
Մենք անգլերէնին հետ այսպէս չենք վարուիր, չէ՞։ Չենք սրբացներ լատին այբուբենը եւ չենք պնդեր, որ տառերը սահմանափակուին սեւ ու ճերմակ, չոր ու ցամաք Times New Roman տառատեսակով։ Երբ երեխաներուն անգլերէն կը սորվեցնենք, տառերը մեծ, յստակ եւ զուարճալի կը դարձնենք։ Կը խրախուսենք անոնց հետ խաղալ, սխալիլ, քրքրել եւ փորձարկել. եւ որպէս չափահասներ, նոյնը կ՛ընենք։ Ոչ ոք կը մտահոգուի անգլերէն լեզուն կամ տառերը պղծելու մասին։ Բոլորս ալ գիտենք, որ անգլերէնը խառնաշփոթ է՝ լեցուն ուղղագրական անհամապատասխանութիւններով, քերականական տարօրինակութիւններով եւ ժամանակի ընթացքին զարգացած ոչ պաշտօնական կիրառութիւններով։ Եւ ճիշդ ասոր համար է որ ան կը բարգաւաճի։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ ըսել թէ անգլերէնը կատարեալ կը խօսի. սակայն ատիկա մեզ չ’արգիլեր ամէն օր անգլերէն գործածելէ, նոյնիսկ երբ սխալներ կ՛ընենք։ Ինչո՞ւ ուրեմն նոյնը չընել մեր մայրենի լեզուին հետ։
Հայերէնի պարագային, յաճախ կը վարուինք այնպէս, կարծես ան չափազանց փխրուն է։ Կը դառնանք դռնապաններ՝ կանգնելով լեզուի մուտքին առջեւ եւ ըսելով՝ «ո՚չ այսպէս, ո՚չ այս ձեւով», կարծես զայն օգտագործելու մէկ ճիշտ ձեւ կայ։ Եւ ո՞վ կը տուժէ ի վերջոյ. ինքը՝ լեզուն եւ մենք՝ կրողներս։ Որովհետեւ երբ լեզուին կը վերաբերինք որպէս այնքան թանկարժէք բանի, որ չի կրնար յարմարիլ կամ զարգանալ, կը խրտչեցնենք մարդիկը անոր հետ յարաբերելէ։
Անոնք, որոնք ստեղծեցին հայկական այբուբենը եւ անոնք, որոնք հովանաւորեցին մեր տառերու ստեղծումն ու սփռումը՝ արժանի են յարգանքի, նոյնիսկ սրբացման. Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սահակ Պարթեւ, Սուրբ Թարգմանիչներ։ Գլխուս վրայ. անոնց ըրածը հսկայական էր։ Մեզի տուին գրելու համակարգ մը, որուն կապուած է մեր ժողովուրդը աւելի քան 1600 տարի։ Բայց տառե՞րը. կ’ենթադրեմ, որ անոնք երբեք նախատեսուած չէին իբրեւ պաշտամունքի առարկաներ, այլ՝ որպէս գործիքներ։ Իսկ գործիքները, ըստ սահմանման, նախատեսուած են օգտագործուելու համար։
Հայերէն լեզուն լոկ հին մասունք մը չէ. ան կենդանի, շնչող բան մըն ալ կրնայ ըլլալ։ Եւ ինչպէս բոլոր կենդանի էակները, անոր պէտք է տեղ՝ աճելու, յարմարելու, սխալելու համար։ Այնպէս որ, այո՚, շարունակենք պատուել մեր այբուբենի ստեղծողներու ժառանգութիւնը, բայց եկէք նաեւ համոզուինք, որ մեր լեզուն թանգարանային ցուցանմոյշի չենք վերածեր։ Եկէք զայն կենդանի պահենք՝ օգտագործելով, խաղալով եւ, այո՚, նոյնիսկ սխալելով անոր հետ։
Ուստի, եկէք դադրինք վախնալէ մեր լեզուն «աղտոտելէ»։ Փոխարէնը, եկէք զայն թաթխենք կեանքի մէջ. թող երեխաները խճճեն զայն իրենց մատիտներով, թող երիտասարդները խառնեն զայն օտար բառերու հետ (բայց միշտ ձգտին հայերէն բառը սորվիլ) եւ թող մեր արուեստագէտները զայն ներկեն անսպասելի գոյներով։ Որովհետեւ ճիշդ այդ «աղտոտումն» է, որ կը պահէ լեզուն մաքուր եւ կենդանի։
Վերջապէս, յիշէնք. մեր լեզուն ապրած է դարեր շարունակ, դիմակայելով կայսրութիւններու, պատերազմներու եւ աքսորներու։ Ան գոյատեւած է ոչ թէ որովհետեւ մենք զայն փակած ենք ապակիէ տուփի մը մէջ, այլ որովհետեւ մենք զայն գործածած ենք մեր առօրեային մէջ։ Թող շարունակենք այդպէս ընել, բայց այս անգամ՝ աւելի համարձակօրէն, աւելի ստեղծագործաբար եւ աւելի ուրախութեամբ։
Որովհետեւ, ի վերջոյ, մեր լեզուն այնքան զօրաւոր է, որ կրնայ դիմանալ մեր սիրոյն, մեր երեւակայութեան եւ, այո՚, նոյնիսկ մեր սխալներուն։ Իրականութեան մէջ, ան ոչ միայն կը դիմանայ անոնց, այլ կը բարգաւաճի անոնցմով։
Եւ այսպէս, յաջորդ անգամ երբ տեսնէք մեր սիրելի հայկական տառերը զուարճալի, գունագեղ կամ նոյնիսկ քիչ մը խենթուխելառ ու անսովոր ձեւով ներկայացուած, մի՚ զայրանաք։ Փոխարէնը, ժպտացէ՚ք, որովհետեւ այդ պահուն, դուք կը տեսնէք՝ ինչպէս մեր հին լեզուն կը վերածնի նոր սերունդի ձեռքերուն մէջ։ Եւ ի՞նչ կայ աւելի սուրբ, քան այդ վերածնունդը։
«Թորոնթոհայ» ամսագիր