ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստան արծաթագործութիւնը զարգացած է հին ժամանակներէն։ Արծաթէ գեղարուեստական ուշագրաւ իրեր յայտնաբերուած են Էրեբունի, Երզնկայի շրջանը (մ.թ.ա. V–IV դարեր), Արտաշատ (մ.թ.ա. II–I դարեր) եւ այլուր։ Հայկական արծաթագործութեան կարեւոր կեդրոններ հանդիսած են Վան, Կարին, Երեւան, Անի, Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ, Ախալցխա, Շամախի եւ այլ քաղաքներ։
Վան քաղաքը այս առումով առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ։ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Վան եղած են 120 ոսկերչական եւ արծաթագործական խանութ-արհեստանոցներ, ուր գերազանց վարպետութեամբ ստեղծուած են զանազան զարդեր։ Վան պատրաստուող բազմատեսակ արծաթէ իրերը վաճառուած են Իսթանպուլ, Եւրոպա, Ափրիկէ, ԱՄՆ եւ աշխարհի տարբեր ծայրերուն։ Մինչեւ օրս մեզի հասած են Վանի ու Թավրիզի վարպետներու ստորագրութիւնը կրող բազմապիսի զարդեր։
Հայ արծաթագործ վարպետներէն շատ քչերու անունները հասած են յետագայ սերունդներուն։ Անոնց մէջ յիշատակման արժանի են Յովհաննէս Պորոզանճեանը, Գէորգ Քույումճուպաշեանը, Տիգրան Աւագեանը, Մարգար Ղալամքարեանը եւ այլք։
«Արաս» հրատարակչութեան հրատարակած «Հայ արծաթագործ վարպետները» թրքերէն-անգլերէն գիրքը արծաթագործութեան մասին աննախադէպ աղբիւր է։ Այն 2005 թ. հայերէն ու անգլերէնով հրատարակուած է Երեւան։ Այսօր ալ հայ երիտասարդները կը շարունակեն արծաթագործութեան արուեստի զարգացման ճանապարհը։ Այդ առումով յատկանշական է փաստը, որ զարդերը մեր օրերուն կը ստեղծուին ազգային արժէքներով ներշնչուած տաղանդաւոր մասնագէտներու կողմէ։
«Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է անոնցմէ մէկուն՝ Լիլիթ Խաչատրեանի հետ՝ ընտրած ուղիի, ներշնչանքի, նպատակներու ու այլ թեմաներու շուրջ։
Սկսինք սկզբէն։ Ինչո՞ւ՝ արծաթի արուեստը։ Մի փոքր պատմէք ձեր պատմութեան ու ընտրութեան մասին։
Ի սկզբանէ ցանկութիւնս եղած է հագուստի ձեւաւորող դառնալ, սակայն, սովորելով Խ. Աբովեամի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի Գեղարուեստի ֆակուլտետի Կիրառական արուեստ եւ տիզայն բաժինը եւ ուսումնասիրելով թանկարժէք մետաղի մշակման արուեստը, հասկցայ, որ իմ մէջ սէր կայ դէպի արծաթագործութիւնը։ Այս հարցին կարեւոր կը համարեմ նաեւ իմ դասախօսի դերակատարութիւնը, քանզի անոր համոզմամբ փորձած եմ գործ ունենալ արծաթի հետ։ Ուսանողութեան տարիներուն կ՚այցելէինք տարբեր ընկերութիւններ, գործարաններ՝ ականատես ըլլալով արծաթէ զարդերու ստեղծման կախարդական գործընթացին։ Շատ գրաւիչ էր ու տարուեցայ եւ ցանկացայ արդէն ինքս փորձել։ Ժամանակի ընթացքին հասկցայ, որ գտած եմ իմը։ Երբ սկսայ համագործակցութեան եզրեր գտնել արծաթագործ ընկերութիւններու հետ, սկզբին կը մերժէին։ Մէկ է՝ ես չվհատեցայ։ Ներքին ձայնս ինձ կը յուշէր՝ ամէն բան առջեւն է։
Յետագային ոսկիի շուկան անհատի մը հետ ծանօթացայ, որ նկատեց իմ նախագծած զարդերը եւ յորդորեց ստեղծել սեփականը։ Ես սակայն՝ ֆինանսական լայն հնարաւորութիւններ չունէի սեփական արտադրանք ստեղծելու համար։ Որոշ ժամանակ անց սկսայ համագործակցիլ տարբեր մարդկանց հետ ու շատ մատչելի արժէքով նուիրել զարդերու էսքիզներ, որոնք արդէն որպէս պատրաստի զարդ՝ կը վաճառուէին բաւականին մեծ գինով։ Այս երեւոյթը շատ մտահոգեց զիս եւ որոշեցի իմը ստեղծել։
Ի՞նչը կը ոգեշնչէ ու կը ներշնչէ նոր զարդեր ստեղծել։
Գիտէ՞ք՝ առաջին զարդը ծնաւ ինքնաբերաբար։ Այն վախենալով ստեղծեցի։ Կը մտածէի՝ կը ստացուի՞ արդեօք։ Բայց ուժերս հաւաքելով կարողացայ ընել այդ եւ ինքս ինձ ու բոլորին ապացուցեցի՝ կրնամ։ Համալսարանի ուսանելու վերջին տարին որպէս դիպլոմային աշխատանք՝ ընտրեցի մետաղի մշակում եւ անուանեցի «Ծաղկած նռենի»։ Իսկ նուռը գիտենք՝ մեծ խորհուրդ ունի հայոց մէջ։ Փուլ առ փուլ ստեղծեցի արծաթէ հաւաքածոյ, որ արժանացաւ դրական գնահատականի։ Եւ այսպէս՝ ժամանակի ընթացքին հասկցայ, որ ինձ յատկապէս կը գրաւեն հայկականութիւնը խորհրդանշող արժէքները։ Օրինակ մեր ճարտարապետական արուեստի շատ մանրամասնութիւնները կ՚օգտագործեմ զարդերու մոդելաւորման մէջ։ Չեմ սիրեր կրկնօրինակել։ Կը ձգտիմ իմ ուրոյն ձեռագիրը արարելու։ Այդ մօտեցմամբ ալ արդէն մէկ տարի է կը ստեղծեմ իմ տարբերանշանը՝ «ԼԻ ԹԻ ԼԻ»։ Հիմա իմ գործերը կը ներկայացուին հիմնականին սոցիալական հարթակներուն, բայց նաեւ կը մասնակցիմ տարբեր ցուցահանդէսներու։ Օրինակ, այս պահուն տարուած եմ խաչերու ստեղծմամբ։ Իբրեւ քրիստոնեայ՝ միշտ կարեւորած եմ խաչի խորհուրդը մեր կրօնի մէջ, եւ այն հիմա կը փորձեմ արուեստի շունչով ներկայացնել՝ համադրելով մարգարտի հետ։ Իսկ վերջինս, ինչպէս գիտենք, տարածուն բաղադրիչ է մեր՝ ազգային տարազի։ Բացի այդ՝ կնոջ գեղեցկութեան հետ կը համադրեմ մարգարիտը։ Այդպիսի խաչ մը ստեղծած եմ, որ ջերմօրէն ընդունուեցաւ հասարակութեան կողմէ։ Երկրորդի մը ծնունդը՝ շուտով։
Իսկ համաշխարհային ընկերութիւններու հետ կա՞յ համագործակցութիւն։
Այս պահուն չկայ համագործակցութիւն։ Եթէ ըլլայ, սիրով կը համագործակցիմ։ Առաջարկներ կան մասնակցելու տեղական եւ մեր երկիրը կազմակերպուող միջազգային ցուցահանդէսներուն, որոնց սիրով կը ներկայանամ՝ ցուցադրելով իմ հեղինակային զարդերը։ Շատ կը ցանկանայի հայկական ճարտարապետութենէն զատ Իտալական ճարտարապետութեան տարրերու հետ ծանօթանալ եւ անոնք եւս օգտագործել իմ աշխատանքներուն։ Յուսամ՝ օր մըն ալ կը յայտնուիմ պատմական Կոստանդնուպոլիս եւ կ՚ոգեշնչուիմ տեղի ճարտարապետութեան եւս։
Ձեր՝ որպէս հայ երիտասարդ արծաթագործի, ապագայի տեսլականը։
Դեռ նոր է ապրանքանիշը, ինչպէս արդէն ըսի՝ մէկ տարեկան է։ Կայացման ուղղի պիտի անցնի, յղկուի, կոփուի, ու զարգանայ։ Վստահ եմ՝ դժուարութիւնները այդ ճանապարհին անխուսափելի են, բայց ես, ըլլալով արմատներով սասունցի, յամառօրէն կը քալեմ դէպի առաջ՝ հաւատալով գալիքին։
Մեր աւանդական հարցը. ի՞նչ կը մաղթէք «Ակօս»ի ընթերցողին։
Կը Մաղթեմ, որ «Ակօս»ի էջերէն երբեք չպակասին օգտակար տողերը։ Իսկ անոր արդիւնքը ընթերցողի զարգացումն է։ Եւ հաշուի առնելով, փաստը, որ «Ակօս»-ի ընթերցողին կը վիճակուի բարդ աշխարհաքաղաքական միջավայրին ապրիլ, առաջին ցանկութիւնը այս պարագային, որ կը ծնի իմ մէջ՝ սիրոյ, խաղաղութեան, ամրութեան եւ բիւր ժպիտի կամեցողութիւնն է։