Բնապահպան Կրեթա Թունպերկի մենամարտը

Շուէտացի հանրածանօթ աքթիւիսթ Կրեթա Թունպերկ Պա­­քուի մէջ գու­­մա­­­րուող ՔՈՓ 29 ժո­­ղովի դէմ չէ գո­­հացած պոյ­­քո­­­թելու որո­­շու­­մով եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ հա­­կամար­­տութիւ­­նը այդ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան դէմ։

Այս ծի­­րէն ներս ան մեկ­­նած է Հա­­րաւա­­յին Կով­­կաս եւ այ­­ցե­­­լած Վրաս­­տան ու Հա­­յաս­­տան։ Նախ­­քան Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սի այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րը Թունպերկ ժա­­մանած էր նաեւ Թուրքիա եւ զօ­­րակ­­ցութեան բնոյ­­թով աջակ­­ցած էր ար­­գե­­­լափա­­կուած եւ հա­­ղորդման ար­­տօ­­­նու­­թիւնը չե­­ղար­­կուած «Աչըք Ռա­­տիօ»ի խմբագ­­րութիւ­­նը։ Ան այստեղ տե­­սակ­­ցած էր «Աչըք Ռա­­տիօ»ի հրա­­տարակ­­չութեան տնօ­­րէն Էօմէր Մատ­­րա­­­յի հետ, որ իր կար­­գին Թուրքիոյ մէջ բնա­­պահ­­պաննե­­րու շար­­ժումի կա­­րեւոր աք­­թի­­­ւիսթնե­­րէն կը հա­­մարո­­ւի։

Կրե­­թա Թունպերկ այս օրե­­րուն իր այ­­ցե­­­լած եր­­կիրնե­­րու մէջ ալ կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով կը դա­­տապար­­տէ թէ գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րու կլի­­մայա­­կան հար­­ցե­­­րու հան­­դէպ ան­­փութու­­թիւնը եւ թէ ՔՈՓ 29 հիւ­­րընկա­­լող Ատրպէյ­­ճա­­­նի բռնա­­տիրա­­կան վար­­քը։

Ան նաեւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մա­­մու­­լի հա­­մար գրած յօ­­դուած­­նե­­­րով կը փոր­­ձէ հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թիւնը սե­­ւեռել թէ՛ ջե­­ռուցման աճին եւ թէ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու հան­­դէպ ոտնձգու­­թիւննե­­րուն։

Հա­­յաս­­տան գտնո­­ւող քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ եւ բնա­­պահ­­պան Կրե­­թա Թունպերկ մաս­­նակցե­­ցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի ամե­­րիկեան հա­­մալ­­սա­­­րանին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած «Ատրպէյ­­ճա­­­նի յար­­ձա­­­կողա­­պաշտ ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու եւ բնա­­պահ­­պա­­­նու­­թեան վրայ» թե­­մայով քննարկման, որուն ըն­­թացքին ան յայ­­տա­­­րարեց, որ Ատրպէյ­­ճան մէկ կող­­մէ կը փա­­փաքի հան­­դէս գալ իբ­­րեւ բնա­­պահ­­պա­­­նու­­թեան պաշտպան, սա­­կայն միւս կող­­մէ կ՚ու­­զէ ընդլայ­­նել կա­­զի ու քա­­րիւ­­ղի ար­­դիւնա­­հանու­­մը։

Թունպերկ, որ հրա­­պարա­­կաւ հրա­­ժարե­­ցաւ մէկ­­նիլ Պա­­քու եւ պոյ­­քո­­­թի են­­թարկեց ՔՈՓ 29 հա­­մաժո­­ղովը՝ ըսաւ. «Դիր­­քո­­­րոշումս շատ յստակ է։ Կլի­­մայի վե­­րաբե­­րեալ հիմ­­նա­­­կան սկզբունքը այն է, որ իմ եւ բազ­­մա­­­թիւ այլ գոր­­ծիչնե­­րու օրա­­կար­­գե­­­րը բո­­լորո­­վին ան­­հա­­­մատե­­ղելի են ատրպէյ­­ճա­­­նական կող­­մի օրա­­կար­­գին հետ եւ կը հա­­կասեն այն իրա­­կանու­­թեան, որ առ­­կայ է Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ։ Պար­­զա­­­պէս սրտխառ­­նուք կը յա­­ռաջաց­­նէ, երբ ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք այդպի­­սի երե­­սան­­ցութեան ու կեղ­­ծա­­­ւորու­­թեան։ Այն երե­­ւոյ­­թը, որ ՔՈՓ-29 հա­­մաժո­­ղովը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ, ուղղա­­կի երե­­սան­­ցութեան ծայ­­րա­­­յեղ դրսե­­ւորում է»։

Ըստ անոր՝ Ատրպէյ­­ճան ոչ միայն կրնայ սար­­սա­­­փելի յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւններ կա­­տարել եւ չպատ­­ժո­­­ւիլ, այլ նաեւ անոր դի­­մաց մի­­ջազ­­գա­­­յին հար­­թա­­­կին վրայ դռներ կը բա­­ցուին՝ օրի­­նակա­­նաց­­նե­­­լով այդ երկրին մէջ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու սահմռկե­­ցու­­ցիչ խախ­­տումնե­­րը։

«Աշ­­խարհը լուռ է եւ լռե­­լեայն Ատրպէյ­­ճա­­­նին կ՚ըն­­ձե­­­ռէ այս ձե­­ւով վա­­րուե­­լու կա­­րելիու­­թիւն։ Ասի­­կա միակ պա­­րագան չէ։ Մենք պէտք է դադ­­րինք ձե­­ւաց­­նե­­­լէ եւ չտես­­նե­­­լէ, որ կլի­­մային նո­­ւիրո­­ւած հա­­մաժո­­ղովը կը գու­­մա­­­րուի այնպի­­սի երկրի մը մէջ, ուր պատ­­ժա­­­կան մօ­­տեցումներ կան, ուր ճնշու­­մի կ՚են­­թարկո­­ւի տեղ­­ւոյն ժո­­ղովուրդը։ Իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րը եւ բնա­­պահ­­պաննե­­րը այդ երկրին մէջ կ՚ըսեն, որ իրենք կ՚ապ­­րին ինչպէս պի­­տի ապ­­րէին բան­­տին մէջ, ուր պե­­տու­­թիւնը չի պաշտպա­­ներ իրենց իրա­­ւունքնե­­րը։ Մենք այ­­սօր կը խօ­­սինք հար­­ցի մը մա­­սին, մինչդեռ այնտեղ հան­­րութիւ­­նը շա­­րու­­նակ կ՚են­­թարկո­­ւի ճնշումնե­­րու։ Անոնք, որոնք կողմ են փո­­փոխու­­թիւննե­­րուն եւ կը խօ­­սին այդ մա­­սին, անոնց ձայ­­նե­­­րը հե­­տեւո­­ղակա­­նօրէն կը լռե­­ցուին», ըսաւ Թունպերկ։

Անդրա­­դառ­­նա­­­լով Ար­­ցա­­­խի մէջ կա­­տարո­­ւած ցե­­ղային զտու­­մին՝ շո­­ւէտա­­ցի գոր­­ծի­­­չը շեշ­­տեց, որ Ատրպէյ­­ճան լիովին պա­­տաս­­խա­­­նատու է ատոր։ Ըստ անոր՝ շա­­րու­­նա­­­կական տա­­ռապանքնե­­րը, որոնց են­­թարկո­­ւած են հա­­յերը Ատրպէյ­­ճա­­­նի ռազ­­մա­­­կան յար­­ձա­­­կու­­մին իբ­­րեւ հե­­տեւանք, ինչպէս նաեւ խոշ­­տանգումներն ու բռնի տե­­ղահա­­նու­­թիւննե­­րը, ֆի­­զիքա­­կան եւ հո­­գեբա­­նական վայ­­րա­­­գու­­թիւննե­­րը բա­­ցար­­ձա­­­կապէս անըն­­դունե­­լի եւ ան­­հանդուրժե­­լի են։

«Ցա­­ւալի է, որ աշ­­խարհը կը շա­­րու­­նա­­­կէ լուռ մնալ եւ թոյլ կու տայ Ատրպէյ­­ճա­­­նին նման հա­­մաժո­­ղովի կա­­յացու­­մով կոծ­­կել իր յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը։ Ատրպէյ­­ճան, ան­­շուշտ, կը փա­­փաքի ընդլայ­­նել նաւ­­թի ու կա­­զի ար­­դիւնա­­հանու­­թիւնը։ Բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրներ, որոնք կը նե­­րածեն այդ ու­­ժա­­­նիւ­­թե­­­րը Ատրպէյ­­ճա­­­նէն, հե­­տեւո­­ղակա­­նօրէն աչք կը փա­­կեն անոր վար­­քա­­­գիծին։ Եթէ մենք կը պայ­­քա­­­րինք ար­­դա­­­րու­­թեան հա­­մար, ապա ատի­­կա հա­­ւասա­­րապէս պէտք է տա­­րածո­­ւի բո­­լորին վրայ։ Պէտք է հաս­­տա­­­տուի ար­­դա­­­րադա­­տու­­թիւն բո­­լորին հա­­մար», նշեց Կրե­­թա Թունպերկ։

Բա­­ցի այդ, Թունպերկ հա­­յաս­­տանցի իր գոր­­ծընկեր­­նե­­­րուն հետ միասին մաս­­նակցե­­ցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ՄԱԿ-ի գրա­­սենեակի դի­­մաց կա­­տարո­­ւած բո­­ղոքի ցոյ­­ցին։

Ան նաեւ դի­­տել տո­­ւաւ, որ ինքն առանձնաշ­­նորհեալ է, քա­­նի որ ստի­­պուած չէ Ար­­ցա­­­խի հա­­յերուն նման պայ­­քա­­­րիլ ապ­­րե­­­լու ու գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­նալու իրա­­ւունքին հա­­մար, եւ կրնայ նաեւ այլ հար­­ցեր բարձրաց­­նել։

«Այն իրա­­կանու­­թիւնը, որ ես ամէն առա­­ւօտ ստի­­պուած չեմ արթննալ ու պայ­­քա­­­րիլ իմ ու իմ ժո­­ղովուրդիս գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­նալու իրա­­ւունքին հա­­մար, ին­­ծի կը վե­­րածէ առանձնաշ­­նորհեալի մը, որ, իր հեր­­թին, ին­­ծի կը դարձնէ բա­­րոյա­­պէս պա­­տաս­­խա­­­նատու՝ բարձրա­­ձայ­­նե­­­լու խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին»։

Աւե­­լի ուշ բնա­­պահ­­պան Կրե­­թա Թունպերկ այ­­ցե­­­լեց Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յու­­շա­­­համա­­լիր եւ թան­­գա­­­րան, ուր անոր ման­­րա­­­մասն տե­­ղեկու­­թիւններ տրո­­ւեցան։

Երի­­տասարդ բնա­­պահ­­պա­­­նը նշա­­նաւոր դար­­ձաւ, երբ 2018-ին՝ ըն­­դա­­­մէնը 15 տա­­րեկա­­նին, սկսաւ բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր կա­­տարել կլի­­մայի փո­­փոխու­­թեան ու անոր նկատ­­մամբ կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու ան­­տարբե­­րու­­թեան դէմ։ 2019-ին ան Time ամ­­սա­­­գիրին կող­­մէ նկա­­տուե­­ցաւ «Տա­­րուան Մար­­դը»։

«Ատրպէյ­­ճա­­­նի ձեռ­­քե­­­րը արիւ­­նոտ են»

Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ Միացեալ Ազ­­գե­­­րու Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան (Մ.Ա.Կ.) գրա­­սենեակին դի­­մաց կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ «Stop Greenwashing Genocide!» նշա­­նաբա­­նով բո­­ղոքի ցոյ­­ցը, որուն ներ­­կայ էր նաեւ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ եւ բնա­­պահ­­պան Կրե­­թա Թունպերկ, որ մեր­­ժեց մաս­­նակցիլ ՔՈՓ 29-ին՝անոր Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ կազ­­մա­­­կերպման պատ­­ճա­­­ռով։ Ցոյ­­ցին ըն­­թացքին անդրա­­դարձ կա­­տարուեցաւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թեան՝ թէ՚ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու եւ թէ տա­­րածաշրջա­­նի բնա­­պահ­­պա­­­նական պաշտպա­­նու­­թեան վրայ։ Ցոյ­­ցը կազ­­մա­­­կեր­­պողնե­­րը յայ­­տա­­­րարե­­ցին, որ բո­­լոր անոնք, որոնք հա­­մաձայ­­նած են, որ կլի­­մայա­­կան վե­­հաժո­­ղովը տե­­ղի ու­­նե­­­նայ բռնա­­պետա­­կան Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ, հա­­մերաշխ են ոչ թէ «Ի հա­­մերաշ­­խութիւն Կա­­նաչ աշ­­խարհի» կար­­գա­­­խօսին, այլ բո­­լոր այն գոր­­ծընթաց­­նե­­­րուն հետ, զորս կա­­տարած է Ատրպէյ­­ճան, մաս­­նա­­­ւորա­­բար այն յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն հետ, զորս Պա­­քու գոր­­ծադրեց Ար­­ցա­­­խի ժո­­ղովուրդին դէմ։ Թունպերկ զար­­մանք յայտնեց, որ Կլի­­մայի հա­­մաժո­­ղովը կը կա­­տարո­­ւի բռնա­­պետա­­կան նաւ­­թա­­­յին պե­­տու­­թիւն հան­­դի­­­սացող Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ, ուր մար­­դու հիմ­­նա­­­րար իրա­­ւունքնե­­րը չեն յար­­գո­­­ւիր։ «Ատրպէյ­­ճա­­­նի ձեռ­­քե­­­րը արիւ­­նոտ են թէ՚ իր սե­­փական ժո­­ղովուրդին նկատ­­մամբ ճնշումնե­­րով եւ թէ Ար­­ցա­­­խի հա­­յերուն նկատ­­մամբ գոր­­ծադրո­­ւած ցե­­ղային զտումնե­­րով եւ ցե­­ղաս­­պա­­­նական գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րով։ Անըն­­դունե­­լի են այն տա­­ռապանքնե­­րը, բռնի տե­­ղահա­­նու­­թիւնը եւ շա­­րու­­նա­­­կուող ֆի­­զիքա­­կան եւ հո­­գեբա­­նական բռնու­­թիւննե­­րը, զորս կը դի­­մագ­­րա­­­ւեն հա­­յերը», ըսաւ ան՝ աւելցնե­­լով, որ Ատրպէյ­­ճան այն պե­­տու­­թիւնն է, որ մե­­ծապէս կա­­խեալ է հա­­նածոյ վա­­ռելա­­նիւ­­թէն եւ մտա­­դիր է աւե­­լիով ընդլայ­­նել այդ վա­­ռելի­­քի ար­­դիւնա­­բերու­­թիւնը։

«Ատրպէյ­­ճա­­­նի պէս պե­­տու­­թիւն մը պէտք չէ ցե­­ղային զտում կա­­տարէ եւ անոր հա­­մար պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան չեն­­թարկուի», ըսաւ երի­­տասարդ բնա­­պահ­­պա­­­նը՝ ընդգծե­­լով, որ հի­­մա այդ բռնու­­թիւնը կը հան­­դի­­­պի ոչ միայն աշ­­խարհի լռու­­թեան, այլ նաեւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մա­­կար­­դա­­­կով Ատրպէյ­­ճա­­­նին յատ­­կա­­­ցուած է հար­­թակ եւ օրի­­նակա­­նու­­թիւն՝ առա­­ւել եւս խո­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու վե­­րաբե­­րեալ չա­­րաշա­­հումնե­­րը։ Ըստ Թունպեր­­կի՝ երբ կ՚ըսո­­ւի կլի­­մայի ար­­դա­­­րադա­­տու­­թիւն, նկա­­տի կ՚առ­­նո­­­ւի ար­­դա­­­րադա­­տու­­թիւն բո­­լորին հա­­մար։ Ըստ անոր՝ ար­­հա­­­մար­­հա­­­կան է, որ աշ­­խարհը կը շա­­րու­­նա­­­կէ լուռ մնալ Ատրպէյ­­ճա­­­նի յան­­ցա­­­ւոր գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րուն նկատ­­մամբ։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք անոնց, որոնք ու­­նա­­­կու­­թիւնը ու­­նին բարձրա­­ձայ­­նե­­­լու այս բո­­լորին մա­­սին եւ ար­­դա­­­րու­­թիւն պա­­հան­­ջե­­­լու բո­­լոր տու­­ժածնե­­րուն հա­­մար», ըսաւ Թունպերկ՝ նոյն ատեն կոչ ուղղե­­լով Պա­­քու գտնուող մի­­ջազ­­գա­­­յին լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րուն եւ բո­­լոր անոնց, որոնք լիազօ­­րու­­թիւն ու­­նին՝ այ­­ցե­­­լելու Պա­­քուի մէջ պա­­հուող հայ պա­­տանդնե­­րուն եւ պա­­հան­­ջել բո­­լոր քա­­ղաքա­­կան բան­­տարկեալ­­նե­­­րուն եւ ռազ­­մա­­­գերի­­ներու ազատ ար­­ձա­­­կու­­մը։ Իրա­­ւապաշտպան Նի­­նա Կա­­րապե­­տեանց իր խօս­­քին մէջ նշեց, որ այն մի­­ջազ­­գա­­­յին կա­­ռոյցնե­­րը, որոնք կազ­­մո­­­ւած են մարդկու­­թեան կող­­մէ, ցա­­ւալիօրէն, չեն աշ­­խա­­­տած, որով­­հե­­­տեւ 21րդ դա­­րուն անոնց աչ­­քին առ­­ջեւ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Ար­­ցա­­­խի հա­­յերուն ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, իսկ այդ կա­­ռոյցնե­­րը ոչ միայն չտե­­սան, այլ նաեւ նպա­­տակա­­յար­­մար գտան եր­­թալ մաս­­նակցե­­լու այդ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան հե­­ղինակ երկրին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցող կեն­­սո­­­լոր­­տա­­­յին հա­­մաժո­­ղովին։ Ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րը պա­­հան­­ջե­­­ցին, որ բո­­լոր մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը, եր­­կիրնե­­րու նա­­խագահ­­նե­­­րը, լրագ­­րողնե­­րը եր­­թան եւ այ­­ցե­­­լեն Պա­­քուի մէջ անա­­զատու­­թեան մէջ պա­­հուող հայ գե­­րինե­­րուն։ Անոնք պա­­հան­­ջե­­­ցին նաեւ ան­­յա­­­պաղ ազատ ար­­ձա­­­կել հայ գե­­րինե­­րը։ Ցոյ­­ցի աւար­­տին մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը նա­­մակ յանձնե­­ցին Մ.Ա.Կ.-ի հա­­յաս­­տա­­­նեան գրա­­սենեակին։

Եթէ ապրինք, կը տեսնենք

3 Հոկ­­տեմբե­­րի կէս գի­­շերէն քա­­նի մը վայրկեան առաջ, երբ հա­­զիւ քու­­նի կ՚անցնէր հան­­գիստի այնքան կա­­րօտ ու­­ղեղս, ու­­ժեղ ձայ­­նի եւ թե­­թեւ երկրա­­շար­­ժի ցնցում մը ան­­կո­­­ղինէս վար նե­­տեցին մար­­մինս։ Վախս չէր զիս զգետ­­նո­­­ղը. են­­թա­­­գիտակ­­ցութիւնս լի է վե­­րապ­­րո­­­ղի փոր­­ձութիւննե­­րով, որոնց ամէ­­նէն նո­­րերը այս դէպ­­քէն քա­­նի մը օրեր առաջ՝ 27 Սեպ­­տեմբե­­րին, եւ քա­­նի մը տա­­րիներ առաջ՝ 4 Օգոս­­տո­­­սին՝ Պէյ­­րութի նա­­ւահան­­գիստի պայ­­թումին հե­­տեւան­­քով, առանց ֆի­­զիքա­­կան վնաս կրե­­լու ողջ մնալ­­ներս են։ Այս ան­­գամ զիս զգետ­­նեց ապ­­շանքս, իրա­­կանու­­թե­­­նէն խզումս։ Ինչպէ՞ս կա­­րելի է ակա­­նատես ըլ­­լալ նման ու­­ժեղ ռմբա­­կոծ­­ման ու կեան­­քը շա­­րու­­նա­­­կել բնա­­կանոն կեր­­պով։

Մինչ ես կը գրեմ այս տո­­ղերը, Իս­­րա­­­յէլեան բա­­նակը կը պայ­­թեցնէ, գետ­­նի հա­­ւասար կ՚ընէ Լի­­բանա­­նի հա­­րաւ գտնո­­ւող Մայս ըլ Ժա­­պալ գիւ­­ղը՝ քար քա­­րի վրայ չձգե­­լով, իսկ Քֆար­­շուպա գիւ­­ղէն 1200 ոչ­­խարնե­­րով հո­­վիւը ճամ­­բայ կ՚ել­­լէ շուրջ 50 քմ քա­­լելով՝ հաս­­նե­­­լու հա­­մար հա­­րաւա­­յին պե­­քաա, 500 ոչ­­խարնե­­րով։ 30 հոկ­­տեմբե­­րի առա­­ւօտուն Ռմէյշ գիւ­­ղի բնիկ­­նե­­­րէն ներ­­կա­­­յիս Պէյ­­րութ ապ­­րող ըն­­կե­­­րու­­հիս՝ Մա­­րիամը, հե­­ռախօ­­սիս նա­­մակ մը կը ձգէ՝ «Պա­­հիան կը փա­­խի կոր, իրենց ալ շրջա­­նը պար­­պե­­­լու կո­­չեր ըրեր է (Իս­­րա­­­յէլի բա­­նակը)»։ Պա­­հիան Պաալ­­պեքցի մեր ըն­­կե­­­րու­­հին է. վեր­­ջի­­­նիս գրած անօգ­­նա­­­կան երկտո­­ղիս ան կարճ ձայ­­նա­­­յին նա­­մակով մը հե­­ւալով կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Չենք կրնար Պէյ­­րութ գալ, ճամ­­բայ չկայ, հի­­մա հոս տեղ պի­­տի դա­­սաւո­­րուինք, աղօ­­թէ՛ մե­­զի հա­­մար, Արազ»։ Շա­­բաթ­­ներ առաջ, երբ Իս­­րա­­­յէլի բա­­նակը «Իքս» հար­­թա­­­կէն յայ­­տա­­­րարած էր հա­­րաւի ժո­­ղովուրդին թող­­նել իրենց տու­­նե­­­րը եւ «փո­­խադ­­րո­­­ւիլ աւե­­լի ապա­­հով վայ­­րեր», ու առ այդ մեծ թի­­ւով գաղ­­թա­­­կան­­ներ հա­­սած էին մեր շրջան­­նե­­­րը, Պուրճ Հա­­մու­­տի մէջ հա­­գուստի վա­­ճառա­­կան բա­­րեկամս՝ Զա­­ւէնը, պատ­­մեց՝ «Երեք կի­­ներ եկան խա­­նութս, շուրջ 50-60 տա­­րեկան, սեւ հա­­գած, լա­­չակա­­ւոր, հար­­ցուցին եթէ աշ­­խա­­­տողի պէտք ու­­նիմ, գործ կը փնտռեն։ Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Ես ար­­դէն գործ չու­­նիմ, իրենց չկա­­րողա­­ցայ բան մը ըսել», իսկ շատ չան­­ցած, կին մը տանս դի­­մաց զիս կանգնե­­ցուց հարցնե­­լու՝ «Վար­­ձու տուն գի­­տե՞ս»։

Հոս իրա­­գոր­­ծո­­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը բնաւ չի տար­­բե­­­րիր մեր կա­­տարած ըն­­թերցա­­նու­­թիւննե­­րու եւ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու մէջ ար­­տա­­­ցոլա­­ցող քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րէն։ Գա­­ղու­­թա­­­տիրա­­կան եւ կայ­­սե­­­րապաշ­­տա­­­կան ախոր­­ժակներ՝ պաշտպա­­նուած ան­­պատժե­­լու­­թեամբ, կը շա­­րու­­նա­­­կեն աւե­­րել ազ­­գը իր հո­­ղին կա­­պող ամէն հետք։ Ոչ միայն աւե­­լի քան մէկ մի­­լիոն ան­­հատներ իրենց հո­­ղէն ու տու­­նէն ար­­մա­­­տախիլ եղան այս պա­­տերազ­­մին, այ­­լեւ բա­­ւակա­­նին դժո­­ւարա­­ցաւ անոնց տունդար­­ձը՝ նկա­­տի առ­­նե­­­լով Իս­­րա­­­յէլի իրա­­գոր­­ծած հիմ­­նա­­­յատակ աւեր­­նե­­­րը։ Աւե­­լին՝ հա­­րաւին մէջ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած են Իս­­րա­­­յէլի կող­­մէ օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւած սպի­­տակ ֆոս­­ֆոր պա­­րու­­նա­­­կող զի­­նատե­­սակի առ նո­­ւազն 17 դէպ­­քեր. այս քի­­միական նիւ­­թը բո­­լորո­­վին կը քան­­դէ, կ՚այ­­րէ նաե՛ւ բնու­­թիւնը։ Եթէ ասի­­կա բնի­­կը, հո­­ղագոր­­ծը իր հո­­ղէն օտա­­րացում չէ, հա­­պա ի՞նչ է։

Լի­­բանա­­նի պա­­տերազ­­մա­­­կան օրա­­գիրս Բար­­ռե­­­սիա Գո­­լէք­­թի­­­վի ըն­­կերնե­­րուս հետ բաժ­­նեկցե­­լուս հե­­տեւան­­քով շատ մը հար­­ցադրումներ յա­­ռաջա­­ցան մեր զրոյցնե­­րէն. անոնցմէ մէ­­կը տե­­ւաբար ընկճո­­ւածին կող­­մը իյ­­նա­­­լուս իրո­­ղու­­թիւնն էր։ Թէ՛ որ­­պէս հայ եւ թէ՛ որ­­պէս լի­­բանան­­ցի, թէ՛ հե­­ռաւոր պատ­­մութեանս մէջ եւ թէ՛ իմ կեան­­քիս ըն­­թացքին, եր­­կու հայ­­րե­­­նիք­­ներս ալ միշտ են­­թա­­­կայ եղած են գա­­ղու­­թա­­­տիրոջ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան եւ ստի­­պուած եղած են իրենց կեան­­քը յատ­­կացնել ողջ մնա­­լու քան թէ՝ իրենց հո­­ղին վրայ ապ­­րե­­­լու ու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու գոր­­ծին։ Որ­­քա՜ն հեշտ է հե­­ռաւոր ափե­­րէն լսո­­ղաց ըլ­­լալ ժո­­ղովուրդնե­­րու տագ­­նա­­­պին ու կա­­րեկ­­ցիլ անոնց, սա­­կայն որ­­քա՜ն զօ­­րու­­թիւն եւ մտա­­յին կա­­րողու­­թիւն կը պա­­հան­­ջէ տագ­­նապնե­­րու մէջ շա­­րու­­նա­­­կել ոտ­­քի մնալ ու գո­­յատե­­ւել` որ­­պէս ու­­ժա­­­կանու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ան­­հատ։ Բնա­­կանա­­բար սիրտդ կը լե­­ցուի տես­­նե­­­լով նոյ­­նինքն գա­­ղու­­թա­­­տէր պե­­տու­­թիւննե­­րու ժո­­ղովուրդնե­­րուն միաս­­նութեան ալիք­­նե­­­րը ի շահ ընկճո­­ւածին ու զո­­հին։ Ան­­շուշտ տար­­բեր նիւթ է, երբ այ­­լե­­­ւայլ պատ­­ճառնե­­րով այդ միաս­­նութիւ­­նը չի ցու­­ցա­­­բերո­­ւիր բո­­լոր ընկճո­­ւած ժո­­ղովուրդնե­­րուն ու զո­­հերուն հան­­դէպ։ Գո­­լէք­­թի­­­վի ըն­­կերնե­­րուս հետ խօ­­սակ­­ցութեան ժա­­մանակ ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցայ, որ կը նա­­խընտրեմ մնալ ընկճո­­ւածի կող­­մը՝ քան ընկճո­­ղին. ըն­­կերներս չկա­­րողա­­ցան լուռ մնալ այս հաս­­տա­­­տու­­միս եւ առա­­ջար­­կերցին եր­­րորդ ճա­­նապարհ մը՝ պայ­­քա­­­րողի, որով­­հե­­­տեւ ընկճո­­ւածը յու­­սակտուր չէ՛, ան կա­­րողու­­թիւնը ու­­նի դի­­մադ­­րե­­­լու. եւ թէեւ մին­­չեւ վերջ պի­­տի կրենք պա­­տերազ­­մի այս պատ­­մութիւննե­­րը, փոր­­ձութիւննե­­րը, սա­­կայն պի­­տի ու­­նե­­­նանք նաեւ դի­­մադ­­րութեան մեր պատ­­մութիւննե­­րը։

Բնա­­կանա­­բար դժո­­ւար է շա­­րու­­նա­­­կել կեան­­քը բնա­­կանոն կեր­­պով։ Բնա­­կանոն սահ­­մա­­­նու­­մը նոյ­­նիսկ չու­­նի հա­­սարակ ըմբռնում բո­­լոր վայ­­րե­­­րու ու ժա­­մանակ­­նե­­­րու մէջ։ Մեր ներ­­կա­­­յի բնա­­կանո­­նը «Իքս» հար­­թա­­­կին վրայ քմա­­հաճ տե­­ղահան­­ման հրա­­հանգնե­­րու հե­­տեւիլն ու անոնց պատ­­ճա­­­ռած աղէ­­տէն ազա­­տիլն է։ Ար­­դեօք որ­­քա՞ն պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի այս իրա­­վիճա­­կը։ Եթէ ապ­­րինք, կը տես­նենք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ