Հաղորդուիլ բազմադարեան մշակոյթին հետ

ԱՂԱՒՆԻ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

11Նո­յեմ­­բեր թո­­ւակա­­նը ան­­մո­­­ռանա­­լի պի­­տի ըլ­­լայ երաժշտա­­սէր այն հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար, որ թա­­փան­­ցած է հայ հո­­գեւոր երաժշտու­­թեան ներքնաշ­­խարհին։ Այդ երե­­կոյ Ֆե­­րիգիւ­­ղի Ս. Վար­­դա­­­նանց Եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­մար­­նե­­­րուն ներ­­քեւ ըմբոշխնեցինք բազ­­մա­­­դարեայ ան­­ցեալէ մը մա­­ղուե­­լով մե­­զի հա­­սած շա­­րական­­նե­­­րը շնոր­­հիւ եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու՝ տու­­տուկա­­հար Գա­­գիկ Գաս­­պա­­­րեանի եւ Բրշ. Էտ­­վին Սրկ. Կա­­լիպեանի եր­­գե­­­հոնի հնչիւննե­­րով։

Ինչպէս նշո­­ւեցաւ ելոյ­­թի սկզբին ալ, պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար նո­­րու­­թիւն էր հայ հո­­գեւոր երաժշտու­­թեան տու­­տուկով մա­­տու­­ցումը։ Ան­­սո­­­վոր բայց նոյնքան հա­­րազատ երե­­ւոյթ մը… Ար­­դա­­­րեւ Գա­­գիկ Գաս­­պա­­­րեան լա­­ւագոյնս հա­­ղոր­­դեց այդ հա­­րազա­­տու­­թիւնը։

Պար­­տինք նշել թէ հայ հո­­գեւոր երաժշտու­­թիւնը ան­­բա­­­ժան մաս­­նիկն է ժո­­ղովրդա­­կան երգ ու բա­­նի։ Դար­­ձեալ պար­­տինք նշել թէ այ­­սօր սո­­վորա­­կան հա­­յու հա­­մար ան­­հասկնա­­լի թո­­ւացող գրա­­բար գրա­­կանու­­թիւնը ան­­ցեալին ժո­­ղովուրդի խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուն էր պար­­զա­­­պէս։ Այդ լե­­զուով հիւ­­սո­­­ւած էին բա­­զում շա­­րական­­ներ եւ տա­­ղեր։ Դար­­ձեալ կ՚ար­­ժէ յի­­շել թէ խնամ­­քով պատ­­րաստո­­ւած յայ­­տա­­­գիր մը կը մա­­տու­­ցո­­­ւէր ունկնդրին, որ ամ­­բողջու­­թեամբ զբա­­ղեցու­­ցած էր ըն­­դարձակ տա­­ճարի բո­­լոր նստա­­րան­­նե­­­րը, յա­­ւելեալ կող­­քին դի­­զուած աթոռ­­նե­­­րը։

Հա­­մեր­­գի սկզբին հան­­դի­­­սավար­­ներ Ժպիտ Իս­­կենտէ­­րօղ­­լու եւ Գրի­­գոր Տինչքա­­յըք­­չը բա­­րի գալստեան մաղ­­թանքնե­­րէ ետք շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին մի­­ջոցառ­­ման մե­­կենաս Տիգ­­րան Կիւլմէզ­­կի­­­լին։ Ապա հա­­կիրճ բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով ծա­­նօթա­­ցու­­ցին զոյգ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը ընդգծե­­լով թէ Գա­­գիկ Գաս­­պա­­­րեան ծնած է Վա­­ղար­­շա­­­պատ, Էջ­­միածին, երաժշտա­­կան ու­­սում ստա­­ցած հայ­­րե­­­նի երկրի մէջ եւ ապա եր­­կար տա­­րիներ բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած Ար­­կենթի­­նա։ Ան վեր­­ջերս ծրագ­­րած է հիւ­­րա­­­համերգնե­­րու շարք մը յատ­­կա­­­պէս Եւ­­րո­­­պական քա­­ղաք­­նե­­­րէ ներս, որու ծի­­րէն կը կա­­յանայ նաեւ Իս­­թանպու­­լեան այս հա­­մեր­­գը։

Խօս­­նակնե­­րու ող­­ջերթէն ետք բարձրա­­խօսը յանձնո­­ւեցաւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի հրա­­տարակ­­չա­­­կան եւ տե­­ղեկա­­տուա­­կան բաժ­­նի վա­­րիչ Հոգշ. Տէր Յո­­վակիմ Վրդ. Սե­­րով­­բեանի։ Ան իր ելոյ­­թին սկսաւ բա­­նաս­­տեղծ Սար­­մէ­­­նի տո­­ղերով.

«Երգ սի­­րեցէք կեան­­քից, գի­­նուց, ամէն բա­­նից աւե­­լի.

Երգն է բու­­ժիչ բա­­լասա­­նը ան­­դընդա­­խոր ցա­­ւերի.

Երգ հիւ­­սե­­­ցէք, առանց եր­­գի՝ վիշտն աշ­­խարհը կ’աւե­­րի»։

Հայր Սուրբը յի­­շեցուց թէ դա­­րերու ըն­­թացքին եր­­գը միշտ ըն­­դե­­­լու­­զո­­­ւած է մեր եկե­­ղեցա­­կան կեան­­քին հետ եւ հայ հո­­գեւո­­րակա­­նը իր առա­­քելու­­թեան ըն­­թացքին օգ­­տա­­­գոր­­ծած է եր­­գը: Վա­­նական­­ներ այս իրա­­կանու­­թիւնը միշտ ի մտի ու­­նե­­­ցան եւ դար­­ձան շա­­րակա­­նագիր­­ներ: Բո­­լորն ալ Աս­­տուծոյ փառ­­քը հիւ­­սե­­­լու հա­­մար օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­ցին ձայ­­նը, եր­­գը: Հայր Յո­­վակիմ Վրդ. ըսաւ, որ «այ­­սօր, հայ եր­­գի եր­­կու նո­­ւիրեալ­­ներ կու գան մե­­զի բու­­րումնա­­ւէտ ծա­­ղիկ­­ներ հրամցնե­­լու` հայ եր­­գի ան­­ծայրա­­ծիր ան­­դաստա­­նէն։ Ահա եր­­կու կռունկներ՝ խապ­­րիկներ կը բե­­րեն մե­­զի»: Գնա­­հատեց եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը իրենց կեան­­քը նո­­ւիրած են հայ եր­­գի եւ զայն ծա­­նօթաց­­նե­­­լու, իր խօս­­քը աւար­­տեց Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ Ժա­­մագիր­­քի բա­­ռերով. «Եր­­գե­­­ցէք Տեառն երգ նոր, եր­­գե­­­ցէք Տեառն, ամե­­նա'յն եր­­կիր, եր­­գե­­­ցէք Տեառն եւ բարձր արա­­րէք զա­­նուն նո­­րա» («Նոր երգ եր­­գե­­­ցէք Տի­­րոջ, եր­­գե­­­ցէք Տի­­րոջ ամ­­բողջ եր­­կիր, Տի­­րոջ եր­­գե­­­ցէք եւ Անոր անու­­նը փա­­ռաւո­­րեցէք»):

Ապա սկսաւ հա­­մեր­­գը, որու առա­­ջին բա­­ժինը կը բաղ­­կա­­­նար հո­­գեւոր եր­­գե­­­րէ եւ շա­­րական­­նե­­­րէ:

Յայ­­տա­­­գիրը կազ­­մո­­­ւած էր ըստ հե­­տեւեալի. Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով՝ «Տէր ողոր­­մեա», ան­­յայտ հե­­ղինա­­կէ եւ Արա Պար­­թե­­­ւեանի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով ու Էտ­­վին Կա­­լիպեանի փո­­խադ­­րումով՝ «Ուր ես մայր իմ», Մա­­կար Եկ­­մա­­­լեանի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով եւ Վա­­հագն Ստամ­­պուլցեանի փո­­խադ­­րումով՝ «Ամէն Հայր սուրբ», Մխի­­թար Այ­­րի­­­վանե­­ցիէ «Սիրտ իմ սա­­սանի», Վա­­հագն Ստամ­­պուլցեանի փո­­խադ­­րումով, Գրի­­գոր Պահ­­լա­­­ւու­­նիէ «Ով զար­­մա­­­նալի», Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով եւ Վա­­հագն Ստամ­­պուլցեանի փո­­խադ­­րումով, Ս. Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցիէ յա­­րու­­թեան մե­­ղեդի «Հա­­ւուն հա­­ւուն»ը, Ռո­­բերտ Աթա­­յեանի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով, «Յոր­­ժամ» մե­­ղեդին, Առ­­նօ Պա­­պաճա­­նեանի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով, Վե­­րափոխ­­ման տաղ «Խնկի ծա­­ռի նման ես»ը, Եդուարդ Յա­­կոբեանի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով, Ս. Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի «Բաց մեզ Տէր»ը, Էտ­­վին Կա­­լիպեանի դաշ­­նա­­­ւորու­­մով եւ փո­­խադ­­րումով:

Իսկ հա­­մեր­­գի երկրորդ եւ Կո­­միտա­­սեան բաժ­­նին մէջ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ նո­­ւագե­­ցին մեծ Վար­­դա­­­պետի հա­­ւաքած ու մշա­­կած «Ալա­­գեազ»ը, «Խնկի ծառ»ը, «Քե­­լէ քե­­լէ»ն, «Կռունկ»ը, «Չի­­նար ես»ը եւ «Հով արէք»ը:

Հա­­մեր­­գի աւար­­տին Գա­­գիկ Գաս­­պա­­­րեան Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հօր յանձնեց Հայ­­կա­­­կան Բա­­րեգոր­­ծա­­­կան Ընդհա­­նուր Միու­­թեան Ար­­ժանթի­­նի վար­­չութեան շնոր­­հա­­­կալու­­թեան գի­­րը եւ Բրշ. Յա­­րու­­թիւն Էտ­­վին Սրկ. Կա­­լիպեանին՝ գնա­­հատան­­քի գի­­րը:

Ապա մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րուն տո­­ւաւ գնա­­հատան­­քի գի­­րեր: Իսկ հուսկ բան­­քին սկսաւ փառք տա­­լով Աս­­տուծոյ, որ մեր ազ­­գը ու­­նի տա­­ղան­­դա­­­ւոր զա­­ւակ­­ներ:

Բարձր գնա­­հատե­­լով Գա­­գիկ Գաս­­պա­­­րեանն ու Յա­­րու­­թիւն Էտ­­վին Սրկ. Կա­­լիպեանը, ըսաւ որ աշ­­խարհի տար­­բեր կող­­մե­­­րէն եր­­կու ան­­ձեր են, որոնք զու­­գա­­­հեռա­­կան գիծ մը ու­­նին: Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը ներ­­կա­­­ները հրա­­ւիրեց ծա­­փահա­­րու­­թեամբ գնա­­հատել եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը, որոնք իրենց տա­­ղանդնե­­րը ար­­ժե­­­ւորած են: Իր խօս­­քի աւար­­տին, Նո­­րին Ամե­­նապատ­­ւութիւ­­նը ըսաւ, որ եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներն ալ նո­­ւիրո­­ւած են Հայ եկե­­ղեցա­­կան երաժշտու­­թիւնը ծա­­նօթաց­­նե­­­րու ու պան­­ծացնե­­լու, եր­­կուքին ալ մաղ­­թեց եկե­­ղեց­­ւոյ օրհնու­­թիւնը:

Հան­­դի­­­սատե­­սի այս հա­­մեր­­գին ներ­­կայ գտնո­­ւելով ապ­­րած յա­­գեցու­­մը լսե­­ցինք 13-ամեայ աշա­­կեր­­տի մը մեկ­­նա­­­բանու­­թեամբ։ Ան նա­­խապէս չէր ծա­­նօթա­­ցած տու­­տուկ կո­­չուած ծի­­րանա­­փողին։ Բայց չէր թաքցնէր լսած երաժշտու­­թեան հան­­դէպ իր գո­­հացու­­մը։ «Միայն Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետ անու­­նը ծա­­նօթ էր ին­­ծի, բայց հի­­մա տե­­սայ թէ ինչ հսկայ երաժշտու­­թեան մը ժա­­ռան­­գոյթն եմ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ