Ոգեկոչում Հրանդ Լուսիկեանի

Թուրքիոյ մէջ ճազ երաժշտու­թեան նա­խապետ­նե­րէն կը հա­մարո­ւի ալթ սաք­սա­ֆոն եւ քլար­նե­թի մեծ վար­պետ՝ Հրանդ Լու­սի­կեան։ Սրամ­տութիւննե­րով յայտնի այս երա­ժիշ­տը այժմ կը ոգե­կոչո­ւի Պէ­յօղ­լո­ւի Ճա­զի Փա­ռատօ­նի ծի­րէն ներս։

Այսպէս 16 Նո­յեմ­բեր շա­բաթ օր Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ յա­րակից Նա­րեկեան սրա­հի մէջ հան­րա­ծանօթ երաժշտա­գէտ Սա­տեդ­դին Տավ­րան եւ բժիշկ Պար­գեւ Պա­լըմեան յու­շեր պի­տի փո­խանա­կեն այս մե­ծանուն ճազ երա­ժիշ­տի հետ իրենց ու­նե­ցած անձնա­կան շփումնե­րէն։

Ակա­դեմա­կան Օր­հան Թե­քելիօղ­լու ըս­տանձնած է ժո­ղովա­վարի պաշ­տօ­նը։ «Պէ­յօղ­լույէն Հրանդ Լու­սի­կեան մը ան­ցաւ» խո­րագ­րեալ մի­ջոցառ­ման ծա­նօթագ­րութեան մէջ նշո­ւած է հե­տեւեալը. «Եթէ Թուրքիոյ մէջ ճազ երաժշտու­թեան պատ­մութեան առու­մով աստղե­րու անո­ւանա­ցանկ մը պի­տի պա­տարաս­տո­ւի, այդ անո­ւանա­ցան­կի առա­ջին­նե­րէն պի­տի ըլ­լայ Հրանդ Լու­սի­կեանը»։

Ժա­մը 16.00-ի հա­մար նա­խատե­սուած մի­ջոցառ­ման կա­րելի է հե­տեւիլ նաեւ առ­ցանց դրու­թիւնով՝ https://radarturkiye.com/event/beyoglundan-bir-hrant-lusigyan-gecti/m-7F2a7VQV2vL_F2-0s4eQ կայ­քի մի­ջոցաւ։

Հրանդ Լու­սի­կեան ծնած էր 1917-ին, Պոլ­սոյ Ֆե­ներ թա­ղամա­սը։ Այդ տա­րինե­րուն պոլ­սա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րէ ներս կը տի­րէր երաժշտու­թեան հան­դէպ յա­տուկ հա­կում։ Այդպի­սին էր Լու­սի­կեան­նե­րու ըն­տա­նիքն ալ, ուր մայ­րը եւ քոյ­րը դաշ­նա­մուր, հայրն ու եղ­բայրն ալ ջու­թակ կը նո­ւագէին։

Հրանդ դեռ եօթը տա­րեկան էր, երբ ինք ալ փոր­ձեց ջու­թակ նո­ւագել։ Սա­կայն այդ նո­ւագա­րանին շու­տով փո­խարի­նեց սաք­սա­ֆոնը, որ եղաւ նաեւ Հրանդ Լու­սի­կեանի ան­բա­ժան ըն­կե­րը։ 1941-ին կը ծա­նօթա­նայ Ար­թօ եւ Տիգ­րան Խա­չատու­րեան եղ­բայրնե­րուն։ Իրենց կը միանայ հա­րուա­ծային գոր­ծիքնե­րով Վիք­տոր Քո­հեն­քօ եւ դաշ­նա­մու­րով ալ Նի­քօ։ «Սո­ւինկ Ամա­թէօր» կո­չուած այս ճազ­պենտը կը նո­ւագէ Մաչ­քա Փա­լասի մէջ եւ հա­մերգ կը սար­քէ Սա­րայ սի­նեմա­յի մէջ։

Աւե­լի ուշ նոր անուննե­րու հետ նո­ւագա­խումբեր կազ­մե­լով կը նո­ւագէ քա­ղաքի կա­րեւոր ակումբնե­րու եւ կա­պելա­ներու բե­մերէն։ Մին­չեւ 1980-ական տա­րեթի­ւեր «Փարք Օթել»ի, «Թո­քաթ­լըեան»ի կամ «Հիլ­թոն»ի նման հիւ­րա­նոց­նե­րու մէջ կը հան­դի­պինք Հրանդ Լու­սի­կեանի, ճազ երաժշտու­թեան դա­սանա­կանա­ցած օրի­նակ­նե­րու կա­տարումնե­րով։

Կեան­քի վեր­ջին տա­րինե­րը ան­ցուց Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի ծե­րանո­ցի բա­ժինը եւ մա­հացաւ 1993-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ