Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը վերջերս ալեկոծուած է հասարակութեան մէջ «լրտեսութեան օրէնք» կոչումով ներկայացուած նոր բանաձեւի մը պատճառով։
Իրականութեան մէջ այս բանաձեւի նմանը վերջերս ընդունուած էր Վրաստանի Խորհրդարանի մէջ, բուռն հակազդեցութիւն գոյացնելով Եւրոմութեան շրջանակներու մօտ։ Եւրոխորհրդարանի նիստին բանաձեւի դէմ բողոքի արշաւին մասնակցած էին Թուրքիան ներկայացնող ԱՔՓ-ական պատգամաւորներն ալ։
Բանաձեւը «Պետութեան անվտանգութեան կամ քաղաքական ձեռքբերումներու դէմ յանցագործութիւն» խորագիրի ներքեւ կը բացատրէ ոչ փաստացի մեղադրանքներ, որոնք դիւրաւ կրնան մեկնաբանուին իբրեւ օտար երկրի մը կառավարութեան սատարող արարք ըլլալով։
Յայտնի է թէ նման բանաձեւի մը վաւերացումով ծանր սպառնալիք մը գոյացած պիտի ըլլայ գլխաւորութեամբ լրագրողներու, հասարակական կազմակերպութիւններու գործիչներու, քաղաքական վերլուծաբաններու, ակադեմականներու կամ կարճ խօսքով միտքեր արծարծող, կարծիքներ հրապարակող շատ լայն զանգուածի մը համար։
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կ՚առարկեն այս բանաձեւին դիտել տալով որ նման օրէնքի մը գործադրութիւնը արդէն իսկ քաղաքականացած դատական համակարգի ձեռքին չարաշահելու համար հրաշալի առիթ մը պիտի դառնայ։
Ժողովուրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու «Ակօս»ին տուած բացատրութիւններուն մէջ նշեց թէ բանաձեւը ոչ յստակ եւ կամայական մեկնաբանութիւններու յարմար ոճով մը պատրաստուած է։
Բոլոր այս հակազդեցութիւններէ ետք իշխանութեան շրջանակները որոշած են Խորհրդարանէ ներս նախագծի քննարկումը առկախել եւ վերատեսուած նոր տարբերակով կրկին Խորհրդարանի օրակարգին բերել։