«Նոր Յառաջ»-ի զօրակցութեան դրամահաւաքի արշաւը սկսած է

Թերթին նիւթական ծախսերը հոգալու եւ նիւթական դժուարութիւններուն առաջքը առնելու համար։ Այսօր 15 տարիէ ի վեր «Նոր Յառաջ» լոյս կը տեսնէ սփիւռքի մէջ։ Սփիւռքի Հայկական լրատու դաշտը շատ սահմանափակ է, այդ պատճառով պէտք է պահպանել եւ զար-գացնել գոյութիւն ունեցող լրատու միջոցները։ «Նոր Յառաջ» հայկական աւանդական սփիւռքի ազատ ձայնն է։ Պէտք ունինք հայ համայնքի նիւթական օժանդակութեան որ-պէսզի շարունակէ հնչել ազատ լրագրութեան ձայնը։ Հայ մտաւորականութիւնը սփիւռքի մէջ անկախ լրատու հարթակի պէտք ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու համար։ Հայաստա-նի հետ յաբարերութիւնները առողջ վերլուծումի կարիքն ունին։

Դրամահաւաքը կը կատարուի 2 միջոցներով.

1- Helloasso հարթակի միջոցով (Հայ Կարմիր խաչի օգնութեան միութեան հովանիին ներքոյ) մինչեւ որ «Նոր Յառաջ»-ի բարեկամներու միութիւն մը ստեղծուի եւ ստանձնէ այդ աշխատանքը։

(Helloasso-ի միջոցով նուիրատւութիւններուն 66%-ը եկամտահարկէն կարելի է զեղչել)։

2- Վճարագրերը (չէք) յղել ուղղակի «Նոր Յառաջ»-ին, իբրեւ զօրակցութեան բաժանոր-դագրութիւն (abonnement de soutien) հետեւեալ հասցէին.-

NORH Publications

25 bis Rue de Brie - 94520 Mandres-les-Roses

(Բաժանորդարգութիւնը եկամտահարկէն զեղչելի չէ)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ