Գեղարուեստական եւ յատկապէս երաժշտական եռուզեռը կը շարունակուի Պոլսահայ համայնքէ ներս։ Մարալ Այվազի մօտակայ համերգը պիտի կայանայ 16 Նոյեմբեր Շաբաթ երեկոյ ժամ 20:00-ին Մեծ Կղզիի պատմական Թաշմեքթեբ շէնքի դահլիճին մէջ։ Համերգը մասնաւորութիւն կը պարունակէ, քանի որ Պոլսոյ Քաղաքապետութեան կազմակերպած առաջին համերգն է, որ թուրքիացի Հայ երգչուհի մը գրեթէ ամբողջը հայերէն երգերէ բաղկացած երգացանկով մը հանդէս պիտի գայ։
Այվազ այդ առթիւ մեծ ուրախութիւն եւ յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը զգայ այս նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Ան կը գիտակցի հայ երգարուեստին ծառայելու նուիրուած իր ճանապարհին մէջ նոր օղակ մը հանդիսացող այս առիթի կարեւորութեան եւ կ՚ուզէ լաւագոյն կերպով արժեւորել այդ առիթը։
Այժմ համերգն իրեն նուագարաններով պիտի ընկերակցին արժէքաւոր անուններ.
Արի Հէրկէլ՝ ագուսդիք կիթարով, Սեւան Ինեաբան՝ քանոնով, Սեւան Կարապետօղլու՝ դհոլով եւ Էօզճան Կիւլ՝ տուտուկով։
Անոնց ետ վոքալներով պիտի միանայ Լուսաւորիչ Երգչախումբի բազմավաստակ ալթօ գորիստ՝ Սերենա Քօչաք Ավշարօղլուն։
Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք սիրելի Մարալին։