Բժշկագիտական հետախոյզ

Բժիշկ Վահէ Ալեքսանեանի յիշատակին

ՏՈՔԹ. ՄԱՍԻՍ ԲԵՐՔ

Աշխար­հի վրայ շատ են մին­չեւ վեր­ջին շունչը իր բժշկին հան­­դէպ երախ­­տա­­­պար­­տութիւն զգա­­ցող­­նե­­­րը։ Աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու մէջ իր գի­­տելիք­­նե­­­րը եւ փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րուն փո­­խան­­ցող բժիշկներ կը գնա­­հատո­­ւին, նոյ­­նիսկ կը պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւին իրենց ար­­հեստի միու­­թիւննե­­րու, ուսման հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու եւ եր­­բեմն ալ պե­­տական աւա­­գանիի կող­­մէ։

Բժշկա­­կան Հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նողու­­թեան տա­­րինե­­րուս բո­­լորին մնան ես ալ օգ­­տո­­­ւած եմ այդ հաս­­տա­­­փոր «Ախ­­տա­­­նիշէ Ախ­­տա­­­ճանա­­չում» անուն գիր­­քը։ Շրջա­­նաւարտ ըլ­­լա­­­լէ ետք շուրջ տա­­րի մը ես ալ աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցայ Տոքթ. Վա­­հէ Ալեք­­սա­­­նեանին, իբ­­րեւ օժան­­դակ բժիշկ։ Ախ­­տանշան­­նե­­­րը մեկ­­նա­­­բանե­­լով ախ­­տա­­­ճանաչ­­ման հաս­­նե­­­լու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը ի՞նչ էր։ Այս հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը բա­­ցատ­­րե­­­լու հա­­մար կ՚ու­­զեմ քա­­նի մը յու­­շեր փո­­խան­­ցել ըն­­թերցո­­ղին։

Օրի­­նակի հա­­մար պի­­տի ըսեմ թէ մտքիս մէջ դրոշ­­մո­­­ւած է հի­­ւանդնե­­րու ուղղեալ առա­­ւօտո­­ւայ շրջա­­գայու­­թիւննե­­րէն մէ­­կը։ Շա­­բաթա­­վեր­­ջին, իմ հեր­­թա­­­պահու­­թեան ըն­­թացքին շուրջ 30 տա­­րեկան­­նե­­­րուն կին մը հի­­ւան­­դա­­­նոց ըն­­դունած էի փոր­­հա­­­րու­­թեան հե­­տեւան­­քով հե­­ղու­­կի կո­­րուստի եւ սրունքի մկան­­նե­­­րուն վրայ ցաւ տո­­ւող ու­­ռեցքի պատ­­ճա­­­ռով։ Արեան ստու­­գումնե­­րով յայտնի դար­­ձաւ թէ սպի­­տակ գնդիկ­­նե­­­րու մէջ բա­­ւակա­­նի մեծ հա­­մեմա­­տու­­թիւն կը կազ­­մէին էոզիոնո­­ֆիլ կո­­չուած գնդիկ­­նե­­­րը։ Այս տո­­ւեալը չէի կրցած իմաս­­տա­­­ւորել առ­­կայ ախ­­տա­­­նիշ­­նե­­­րուն հետ։ Երբ ար­­դիւնքնե­­րը փո­­խան­­ցե­­­ցի Տոքթ. Ալեք­­սանտրեանին իս­­կոյն կաս­­կա­­­ծեցաւ հա­­զուա­­դէպ հի­­ւան­­դութե­­նէ մը։ Այս կաս­­կա­­­ծը վե­­րահաս­­տա­­­տուե­­ցաւ մկա­­նային պիոփ­­սիի մի­­ջոցաւ։ Ակա­­մայ հար­­ցուցի իրեն թէ ինչպէ՞ս կրցաւ գու­­շա­­­կել այս ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մը։ Պա­­տաս­­խա­­­նը պարզ էր. «Էոզիոն­­ֆի­­­լի հա­­մեմա­­տու­­թիւնը բարձրաց­­նող տաս­­նեակ­­նե­­­րով հի­­ւան­­դութիւններ կան, բայց այս աս­­տի­­­ճան բարձրաց­­նող հա­­զիւ քա­­նի մը հատ են։

Տա­­սը տա­­րի վերջ արե­­ւելեան քա­­ղաք­­նե­­­րէն մէ­­կուն նո­­րակա­­ռոյց բժշկա­­կան հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներն մէ­­կու կը պաշ­­տօ­­­նավա­­րեմ։ Ներ­­քին հի­­ւան­­դութեանց սթա­­ժը աւար­­տող աշա­­կերտներ բա­­նաւոր քննու­­թեան կը մտնեն։ Ան­­գա­­­րայէն եկած պաշ­­տօ­­­նակից մը հար­­ցումնե­­րուն հա­­մար իր առ­­ջեւ ու­­նի «Ախ­­տա­­­նիշէ Ախ­­տա­­­ճանա­­չում» հան­­րա­­­ծանօթ հա­­տորը։ Պաշ­­տօ­­­նակիցս ու­­սա­­­նողին կ՚առա­­ջար­­կէ փակ գիր­­քէն ոեւէ էջ դարձնէ եւ այդ էջէն ալ կ՚ուղղէ իր հար­­ցումը։ Ապա­­ցոյց որ գիր­­քը Ա-էն Ֆ իմաս­­տա­­­լից գի­­տելիք­­նե­­­րով լե­­ցուն է։

Երկրորդ տաս­­նա­­­մեակ մը եւս ան­­ցած է եւ այս ան­­գամ տար­­բեր քա­­ղաքի մը մէջ հի­­ւան­­դի մը հետ դէմ առ դէմ եմ։ Ութսու­­նը անց լուրջ այր մըն է դի­­մացս։ Առա­­ւօտուն քայ­­լե­­­լու ժա­­մուն շնչա­­հեղձ կ՚ըլ­­լայ եւ ոտ­­քի դաս­­տակներն ալ ու­­ռած են։ Այս եր­­կու ախ­­տանշան­­նե­­­րը տաս­­նեակ­­նե­­­րով հի­­ւան­­դութեան պատ­­ճա­­­ռաւ կրնան ըլ­­լալ։ Նախ կը լսեմ հի­­ւան­­դը, յե­­տոյ անոր սրտի տրո­­փիւ­­նը եւ ապա էլեկտրո­­քար­­տիոկ­­րա­­­ֆիի աչք մը կը նե­­տեմ ու կը պա­­հան­­ջեմ մե­­զի քննու­­թիւն։ Շփո­­թած եմ հի­­ւան­­դութե­­նէ մը, որ այս տա­­րիքին յա­­ճախ չենք հան­­դի­­­պիր։ Կը շա­­րու­­նա­­­կեմ գոր­­ծընթա­­ցը եւ երի­­կամի պիոփ­­սին եւ այս ան­­գամ եկած ար­­դիւնքը իմ կան­­խա­­­տեսու­­մը կը հաս­­տա­­­տէ։ Օգ­­նա­­­կան բժիշ­­կիս կը պատ­­մեմ թէ ամե­­նապարզ եւ սո­­վորա­­կանէն մին­­չեւ ամե­­նախրթի­­նը, բո­­լոր քննու­­թիւննե­­րը նոյն ար­­ժէ­­­քի են։ Քա­­նի մը շա­­բաթ ետք տա­­րեց պա­­րոնը կրկին եկաւ այ­­ցե­­­լու­­թեան եւ աւե­­լի ու­­րախ կ՚երե­­ւէր։ «Ի՞նչ է ներ­­քին հի­­ւան­­դութեանց մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու կո­­չու­­մը, հի­­մա հասկցայ։ Անոնք բժշկա­­գիտա­­կան հե­­տախոյզներ են»։ Ճիշդ այդ շրջա­­նին ԱՄՆ-ի մէջ գոր­­ծող բժշկա­­գիտա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւն մը մեկ­­նարկած էր «Ին­­թերնիս­­տը ի՞նչ կ՚ընէ» խո­­րագի­­րով բազ­­մա­­­ծախս ար­­շաւ մը։ Մինչդեռ մեր ութսուննոց հօ­­բարը հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը շատ պարզ եղա­­նակով տո­­ւած էր։ Նման բա­­ցատ­­րութիւն մը տա­­րիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ լսած էի։ Հոն ալ տա­­րեց թո­­շակա­­ռու անձ մը իր բժիշ­­կը կը նկա­­րագ­­րէր «Ներ­­քին հի­­ւան­­դութեանց սուր մաս­­նա­­­գէտ» կո­­չելով։

Վե­­րադառ­­նանք «Ախ­­տա­­­նիշէ Ախ­­տա­­­ճանա­­չում»ի բուն կա­­րեւո­­րու­­թիւնը ո՞ւր է հար­­ցումին։ Այս հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը Թուրքիոյ բժիշկնե­­րու սե­­րունդնե­­րուն քլի­­նիքա­­կան բնորդ ճանչնա­­լու յատ­­կութիւ­­նը փո­­խան­­ցելն է։ Թէեւ Արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու մէջ հան­­դի­­­պած եմ բժշկա­­գիտու­­թիւն դա­­սաւան­­դողնե­­րու, որոնք հա­­մոզո­­ւած են թէ այդ յատ­­կութիւ­­նը կա­­րելի չէ ու­­սուցա­­նել, քա­­նի որ ան կը զար­­գա­­­նայ բժիշ­­կի սե­­փական փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ։ Բա­­ցի այդ ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնն ալ ախ­­տա­­­ճանաչ­­ման այ­­լընտրանք մը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ, բայց ու­­նի եր­­կու թե­­րու­­թիւններ։ Ա. Բժշկա­­գիտու­­թիւնը մարդկա­­յին շփու­­մի եւ գուրգու­­րանքի բա­­ցակա­­յու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն թե­­րի է, Բ. Նոր թեխ­­նո­­­լոկիանե­­րը միշտ մա­­կերե­­սային են։ Ոմանց շա­հու­թա­բեր կը թո­ւին, բայց հա­սարա­կական առող­ջա­պահու­թեան ծա­ռայու­թիւննե­րուն ան­տե­ղի սպա­ռու­մը կան­խե­լու չեն ծա­ռայեր։

Վեր­ջա­պէս բժշկա­գիտա­կան դա­սագիր­քե­րուն եւ բժիշկ դաս­տիարա­կող մաս­նա­գէտ­նե­րուն ծա­ռայու­թիւնը թէ ար­հեստի պա­հանջնե­րով, եւ թէ հի­ւան­դին գո­հացում պատ­ճա­ռելու առու­մով ան­փո­խարի­նելի են։ Տոքթ. Վա­հէ Ալեք­սա­նեան իր կեն­դա­նու­թեան շրջա­նին շռայ­լօ­րէն բաշ­խեց ախ­տա­ճանաչ­ման գի­տելիք­նե­րը բո­լոր բժիշկնե­րուն։ Վստահ եմ որ իր թո­ղած ժա­ռան­գը ալ աւե­լի լաւ կ՚ըն­կա­լուի, կը գնա­հատո­ւի ու կը պահ­պա­նուի յա­ջորդ սե­րունդնե­րու կող­մէ ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ