ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի (ՀՊՏՀ) հիմնադրման ակունքները կը բխին 1930 թուականէն։ Հետագային ԲՈՒՀ-ն անցած է կազմաւորման փուլեր։ Յաջորդը ԵՊՀ-ի կազմին աւելի քան չորս տասնամեակ տեւողութեամբ գոյութիւնն էր՝ որպէս տնտեսագիտական ֆակուլտետ։ Հայաստանի տնտեսագիտական ինքնուրոյն ԲՈՒՀ-ի երկրորդ ծնունդը կամ նորագոյն պատմութիւնը սկիզբ առած է 1975 թ. Օգոստոսի 6-էն, երբ Հայաստանի Կոմունիստ Կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀԽՍՀ նախարարներու խորհրդի որոշմամբ կազմաւորուեց Երեւանի Ժողովրդական Տնտեսութեան Ինստիտուտը։ ՀՀ Կառավարութեան 1999 թ. Նոյեմբերի 30-ի որոշմամբ ԲՈՒՀ-ը վերանուանուեց Երեւանի Պետական Տնտեսագիտական Ինստիտուտ, իսկ 2006 թ. Յունիսի 6-ին ստացաւ համալսարանի կարգավիճակ եւ կոչուեցաւ Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարան։ 1995 թ. Սեպտեմբերէն ՀՀ Կառավարութեան որոշմամբ նոր ուսումնական տարին ԲՈՒՀ-ը մէկնարկեց նոր մասնաշէնքը՝ Նալպանդեան 128 հասցէին եւ ԲՈՒՀ-ի ֆակուլտետները միաւորուեցան մէկ յարկի տակ։ ՀՊՏՀ-ն իր գոյութեան ընթացքին տուած է աւելի քան 50.000 շրջանաւարտ։ Այսօր համալսարանի 6 ֆակուլտետներուն կը դասախօսեն տասնեակ գիտութեան դոկտորներ, փրոֆէսորներ, գիտութեան թեկնածու, տոցենտներ, ասիստենտներ։ Այժմ ԲՈՒՀ-ի մէջ պակալորիայի 11 մասնագիտութեամբ եւ մագիստրոսութեան 25 կրթական ծրագրերով կը սովորեն աւելի քան 9000 ուսանող՝ ներառեալ ՀՊՏՀ ֆինանսատնտեսագիտական քոլեճը, Կիւմրիւի եւ Եղեգնաձորի մասնաճիւղերը։ Ասպիրանտուրայի կրթութիւնը կը կատարուի եւ՚ առկայ, եւ՛ հեռակայ ուսուցմամբ։ ՀՊՏՀ-ն կրթական եւ գիտական կապեր ունի աշխարհի բազմաթիւ համալսարաններու հետ եւ օրէցօր կ՚ընդլայնի այդ կապերու աշխարհագրութիւնը՝ կնքելով ու վաւերացնելով համագործակցութեան նորանոր պայմանագրեր։
Ստորեւ ձեզ կը ներկայացնենք «Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանի հարցազրոյցը Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի ռեկտոր, դոցենտ տիար Արմէն Գրիգորեանի հետ՝ ԲՈՒՀ-ի արդի վիճակի, ձեռքբերումներու, երազանքներու ու ընելիքներու շուրջ։
Պարոն Գրիգորեան, Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի ակունքները 1930-ականներէն կու գայ։ Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող ԲՈՒՀ-ը ի՞նչ կրթական մակարդակի վրայ կը գտնուի այսօր, կը քալէ՞ արդեոք զարգացող աշխարհի կրթական կառոյցներու հետ համընթաց ճանապարհով։
Եթէ դիտարկելու ըլլանք համալսարանի մերօրեայ իրավիճակը, որ աւելի հետաքրքիր է, քան անցած ընթացքը՝ ԲՈՒՀ-ը այսօր միջազգային ստանդարտներուն համապատասխան կրթական գործընթաց կազմակերպող հաստատութիւն է, եւ ըստ էութեան, մեր կրթական ծրագրերը կը մշակենք արտերկրի լաւագոյն փորձի ուսումնասիրութեան, անոնք համալսարան ներդնելու հնարաւորութիւններու վերլուծութեան հիման վրայ։ Այդ առումով ունինք բազմաթիւ գործընկերներ, որոնց ներգրաւմամբ ալ կ՚իրականացնենք այդ գործընթացը։ Եթէ դիտարկելու ըլլանք վերը նշուածը՝ մեր ծրագրերը եւ անոնց ներառուած դասընթացները կառուցուածքով ու բովանդակութեամբ կը համապատասխանեն միջազգային համանման հաստատութիւններու կրթական ծրագրերուն։ Եւ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին համալսարանը բովանդակային շատ խոր փոխարկումներ ունեցած է այդ ուղղութեամբ։ Մէկ կողմէն բարելաւուած են ծրագրերը, բայց միւս կողմէն ալ յառաջացած է նոր կազմեր ներգրաւելու, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հատուածէն աւելի բանիմաց մասնագէտներ հրաւիրելու անհրաժեշտութիւն։ Համալսարանի ակադէմական կազմն ալ իր հերթին իրական փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ մեծացած է դրսէն հրաւիրեալ փրոֆէսորներու եւ մասնագէտներու տեսակարար կշիռը։ Եթէ դիտարկելու ըլլանք՝ ապա ԲՈՒՀ-ն այսօր շատ մօտ է միջազգային հաստատութիւններու կողմէ տրուող կրթութեան բովանդակութեան։ Իսկ հեղինակութեան առումով, բնականաբար, միջազգային կրթօճախները՝ յատկապէս հին եւրոպական ԲՈՒՀ-երը, մրցակցութենէն դուրս են, բայց միեւնոյնն է՝ մեր գործընկերային կապերը ու քայլերը մեզ ամէն դէպքին կը յուշեն, որ ճիշդ ճանապարհին ենք։
Կա՞յ համագործակցութիւն արտասահմանեան համապատասխան կրթօճախներու ու կազմակերպութիւններու հետ։
Մենք 25 երկրի 200-էն աւելի համալսարաններու հետ համագործակցութիւն ունեցող համալսարան ենք։ Անոնց մի ստուար զանգուածի հետ «Էրասմուս»ի շրջանակներուն եղած է համագործակցութիւն, բայց ունինք նաեւ մեր դասախօսներու ու հետազօտողներու երկարաժամկէտ փոխանակման ծրագրերու արդիւնքին յառաջացած համագործակցութիւն։ Նմանօրինակ ծրագրեր ունինք Բրեստի Առեւտրական Դպրոցի, Գերմանիայի Ցվիկաոյի Կիրառական Գիտութիւններու Համալսարանի, Վալենսիայի Փոլիթեխնիկական Համալսարանի եւ այլ հաստատութիւններու հետ։ Վերջնարդիւնքին ուսանողներուն կը շնորհուի կրկնակի կամ համատեղ տիպլոմներ։ Ի դէպ՝ կրթութիւնը համատեղ կը կազմակերպենք։ Ուսանողները մի ժամանակահատուած իրենց մօտ կը սովորեն, յետոյ կու գան այստեղ՝ շարունակելու ուսումնառութիւնը, ապա մագիստրոսական թեզը պաշտպանելէ ետք կը ստանան իրենց որակաւորումը։ Համագործակցութիւն ունինք մասնագիտական ոլորտի շատ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք ճիշդ է ակադէմական հաստատութիւններ չեն, բայց այս ոլորտին մեծ կարեւորութիւն ունին։ ACCA-ի հետ ունինք խոր գործակցութիւն, որու արդիւնքին ձեռք բերած ենք վերջինիս կողմէ հաւատարմագրում եւ միջազգային սերտիֆիկատներու ստացման ազատումներ։ Ի վերջոյյ՝ աշխարհն այսօր կլոպալ է եւ դուն չես կրնար լոքալ ըլլալ ու մտածել, որ մասնագէտ կը պատրաստես միայն քու շուկայի համար, դուն մասնագէտ կը պատրաստես ամբողջ աշխարհի համար, որն իր ստացած գիտելիքով պէտք է մրցունակ ըլլայ երկրագունդի ցանկացած կէտին։ Կան համալսարաններ, որոնց հետ համատեղ կ՚իրականացնենք հետազօտական ծրագրեր։ Օրինակ՝ Ֆլորիտայի Համալսարանի հետ կը պատրաստուինք այստեղ ինովացիոն կապ հիմնել։ Այսինքն՝ համագործակցութիւնները տարբեր են՝ կախուած, թէ որ ուղղութեամբ կ՚երթանք ու ինչն ենք այդ պահուն առաջնահերթ դիտարկուածը։
Մինչ ռեկտոր ըլլալը՝ եղած էք ՀՊՏՀ-ի սանը։ Հետաքրքիր է՝ երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ օր մը կը ղեկավարէք ԲՈՒՀ-ը։ Եւ կա՞ր բան մը, որ ուսանողութեան տարիներուն ցանկացած էք փոխել համալսարանի կեանքին։ Եթէ այո, ապա այսօր այդ կ՚ընէ՞ք։
Որ կը ղեկավարեմ ԲՈՒՀ-ը, այդքան ալ չեմ մտածած այս մասին, որովհետեւ այդ ժամանակ մենք կեդրոնացած ենք հիմնականին կրթութեան վրայ։ Ուսանողութեան տարիներուն մարդը կը կեդրոնանայ ապագայի եւ ներդրում կատարելու վրայ։ Ինչ որ տեղ կարող ես մտածել, որ կը մնաս քու համալսարանը, բայց որ անպայմանօրէն պէտք է ղեկավարես այն, նման ցանկութիւն չեմ կարծեր, որ կը ծագի ուսանողի գլխուն։ Եւ ինչպէս ցանկացած սան՝ ես եւս իմ համալսարանի վերաբերեալ ունեցած եմ պատկերացումներ, որ այս ինչը կը փոխէի իմ ԲՈՒՀ-ին, բայց կը փոխէի որպէս մարդ, այլ ոչ որպէս համալսարանի ղեկավար կամ անգամ դասախօս։ Մտքիս այդ ժամանակ շատ բաներ ունեցած եմ՝ ներառեալ այն ենթակառուցուածքները, որ այսօր կը ստեղծուին։ Ես յետ անկախութեան տարիներու առաջին ընդունուողներէն եղած եմ։ Թէ՚ ուսանող ժամանակ, թէ՚ որպէս դասախօս, թէ՚ որպէս հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, յետագային որպէս փրոռեկտոր աշխատելով՝ ինչ չ՚իրագործուած երազանքներ ու ծրագրեր ունեցած եմ, որ կուտակուած է այդ տարիներու ընթացքին՝ մեծ արագութեամբ ու հետեւողականօրէն ՀՊՏՀ-ի թիմի հետ կ՚իրակացնեմ հիմա։
Մինչ օրս ԲՈՒՀ-ի ամենամեծ ձեռքբերումը ո՞րը կը համարէք։
Ես շատ կարեւոր ձեռքբերում կը համարեմ այն միջազգային կրթական ծրագրերը, որ մենք համատեղ կ՚իրականացնենք եւրոպական շարք մը գործընկերներու հետ, որովհետեւ այդ վստահութեան շատ լրջագոյն խթան է։ Այն պահուն, երբ որ համալսարանը առաջին անգամ վարկանիշաւորուեց QS-ի եւրոպական ԲՈՒՀ-երու շարքին՝ իմ համար այդ եւս շատ կարեւոր ձեռքբերում է, որովհետեւ մեր համալսարանը միջազգային տեսանելիութիւն ունեցաւ։ Այն պահուն երբ որ առաջին ոչ ՀՀ քաղաքացի ընդունեցինք մեր ԲՈՒՀ՝ նոյնպէս կը համարեմ կարեւոր կէտ։ Այսինքն՝ դարձանք միջազգայնացուած համալսարան, որովհետեւ միջազգային ուսանողներու սկսեցինք սպասարկել յատկապէս պակալորիայ կրթական ծրագրին։ Երբ դարձանք թեխնոլոկիապէս շատ յագեցած համալսարան եւ հնարաւորութիւն ունեցանք մեզ թոյլ տալու ըսել, որ Հայաստանի՝ թեխնոլոկիական առումով ամենազարգացած կրթական տարածքներէն մէկն ենք՝ իմ համար այդ էական ձեռքբերում է։ Երբ ստացանք առաջին միջազգային կրթական հաւատարմագրումը՝ այդ եւս նշանակալի էր։ Նոյն կերպ ցանկացած ձեռքբերում այն ենթակառուցուածքային եւ միջավայրային փոփոխութիւններու մէջ, որու պարագային քու կրթական միջավայրն ալ աւելի մրցունակ ու գրաւիչ կը դառնայ ուսանողի, աշխատողի, ինչպէս նաեւ դուրսի գործընկերոջ համար՝ եւս չես կարող նշանակալի չհամարել։ Իրականին ձեռքբերումները պարբերական գործընթաց են, որոնք չեն կարող կտրուած ըլլալ, որովհետեւ որ պահուն դուն կեդրոնացար ինչոր մի ձեռքբերման վրայ՝ կը դադարիս որոնել այլ ձեռքբերումներ։ Ես առանձնացուցի այն կէտերը, որոնք ցանկացած համալսարանի համար կարեւոր են, եւ մենք այստեղ նշանակալի ու առանցքային առաջընթաց ունինք։
Արմէն Գրիգորեանի ղեկավարած ՀՊՏՀ-ն ո՞ւնի երազանք։
Ճիշդն ըսած՝ ես Արմէն Գրիգորեանին չէի առանձնացնէր որեւէ այլ ռեկտորէն։ Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանը ունի երազանք, միանշանակ, որ մեր երկարաժամկէտ զարգացման ռազմավարութեամբ ֆիքսուած տեսլականի մէջ է։ Տարածաշրջանին դառնալ առաջատար կրթական հաստատութիւն եւ ուղեղային կեդրոն յատկապէս մեր բնոյթին՝ այսինքն՝ առեւտուրի կրթութեան մէջ, տնտեսագիտական եւ ի հարկէ ՏՏ կրթութեան մէջ։ Տարածաշրջան ըսելով՝ մենք առնուազն կը պատկերացնենք Հարաւային Կովկասը։
Ի՞նչ կը բարեմաղթէք «Ակօս»-ի ընթերցողին։
«Ակօս»ի ընթերցողը բարդ տարածաշրջանին ապրող ընթերցող է։ Եւ առաջին հերթին կը բարեմաղթեմ խաղաղութիւն, միեւնոյն ժամանակ կը ցանկանամ, որ կապը հայրենիքի հետ դրսեւորուի այնպիսի նախաձեռնութիւններու շրջանակներուն, ինչպիսին այս պահուն «Ակօս»ը ունի ՀՀ-ի մէջ։ Այսինքն՝ կապը ըլլայ աւելի գործնական ու առարկայական, որովհետեւ մենք միմեանց տալու եւ իրարմէ սովորելու շատ բան ունինք։ Ամենակարեւոր բարեմաղթանքս մեր համայնքի հայ մնալու մէջ է, քանի որ շատ բարդ է մերօրեայ աշխարհին ազգային ինքնութիւնը պահպանել։