ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Նոպելեան 2024-ի գրականութեան մրցանակը տակաւին չէր յայտարարուած, երբ ես գնեցի Հան Քենկի «Ցտեսութիւն Չեմ Ըսեր» անուն վէպը։ Ան գրադարանիս մէջ կը սպասէր իր ընթերցման ժամանակը, երբ յայտարարուեցաւ Նոպելի գրական մրցանակը։ Իսկոյն գնեցի հեղինակի թրքերէնի թարգմանուած բոլոր գործերը։ Առաջին կարդացածս եղաւ «Երախան կու գայ» անուն վէպը, որ բաւականին ցնցեց ինձ։ 165 էջանոց այս վէպը բաւական սրտաճմլիկ էր։ Յաճախ կանգ առի եւ քանի մը օրուայ ընդհատումով շարունակեցի կարդալ։ Հան Քենկ Հարաւային Քորէայէն կու գայ եւ իր երկրին Նոպելեան մրցանակ պարգեւող առաջին վիպագիրն է։
Գիրքը կը պատմէ Հարաւային Քորէայի մէջ 1980-ին տեղի ունեցած Կուանժուի ապստամբութիւնը։ Հեղինակը այս գործով հաշիւ կը տեսնէ այդ շրջանի իշխանութիւններու հետ։ Մեզի շատ ծանօթ պատկերներ կը նկարագրուին գիրքի էջերուն։ Աշակերտական խաղաղ ցոյցերուն դէմ երկրի անվտանգութեան ուժերուն կրակելը իսկոյն կը յիշեցնէ մեր արիւնաթաթախ եղած Մայիս Մէկը։ Կուանժուի ապստամբութեան շրջանին բերման ենթարկուած, տանջանքներու մատնուելով սպանուածներու պատմութիւնները կը յիշեցնեն 12 Սեպտեմբերի շրջանը։ Զինուորներու կողմէ սպանուած որդւոյն դիակին վերեւ լացակումած մայրեր կը տեսնենք։ Բեռնատար ինքնաշարժներուն բեռցուած դիակներուն մէջ իր որդին փնտռող մայրեր։ Ինչպէ՞ս չի յիշել մեր Շաբաթօրեայ Մայրերը։
Հան Քենկ ահռելի հիւսուածքով մը կը ներկայանայ ընթերցողին։ Զինուորական բռնատիրութեան դիմադրող մարդկանց առասպելական պատմութիւնը կը փոխանցուի վեց կերպարներու միջոցաւ։
Ան բռնատիրութեան ոճիրներուն քանակով չի զբաղիր։ Աւելի կը խտանայ, ուշադրութիւնը կը սեւեռէ մարդկանց ապրումներուն։ Նախ անչափահաս երախայի մը բերնէն կը լսենք ապստամբութեան եւ դիմադրութեան մասին։ Ան առանց իր տարիքը նկատի առնելու կը մասնակցի այս դիմադրութեան եւ սրտին հանդիպող փամփուշտով մը կը զոհուի։
Վայրագութեան պատմութիւն է այս։ Յստակօրէն կը տեսնենք թէ զինուորական բռնատիրութիւնները իշխանութիւնը գրաւելով ինչպիսի անարդարութիւններու, մարդու իրաւունքներու բռնաբարման եւ վերջապէս մարդկայնութեան ոչնչացման ծառայելը։ Անգամ մը եւս կը հաստատենք թէ այս տեսակի հարուածներու հետեւանքները բոլոր երկիրներու մէջ նոյնն են։ Ո՞ւր որ ալ ըլլայ, ի՞նչ պատճառով որ գործադրուի, բոլոր բռնատիրութիւնները կը միտին մարդոց վրայ ճնշելու։ Անոնք ընդհակառակը խոստանալով կը նուաճեն իշխանութիւնը։ Նախ յոյսը կը վերածեն յուսալքութեան։ Փողոցները հրասայլերու շրջագայութեան կը թողուն։
Երբ վիշտերը նման են, անոնք փոխանցող լեզուն ալ նման կը դառնայ։ Այդ պատճառաւ ալ Հան Քենկի վէպը կարդալու ժամանակ ես կը յիշեմ Էրտալ Էօզի, Մեհմետ Ուզունի գիրքերը։
Ամենացաւալի պատկերներէն մէկը կը նկարագրուի սպանուած քաղաքացիներուն քորէական դրօշակի փաթաթուելով եւ ազգային հիմնին երաժշտութիւնով յուղարկաւորուիլն է։ Դրօշակով ծածկուածը անմեղ զոհի մը մարմինն է, թէ ոչ վայրագութեան ապացոյցը։
Սպաննելու հրահանք ստացող կարգ մը զինուորներուն դէպի երկինք կրակելը քայլերգ երգելու պարտադրուած կարգ մը զինուորներուն շրթները փակ մնալը գիրքի ուշագրաւ տողերէն է։