Կրթական կեանքը նորանոր խոչընդոտներով

Թուրքիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը ամբողջ հանրապետութեան շրջանին ծանօթ է յարատեւ կեր­պով ուսման նոր ծրա­գիր­ներ գոր­ծադրե­լու սո­վորոյ­թով։ Իւ­րա­քան­չիւր Կրթու­թան Նա­խարար իր պաշ­տօ­նավար­ման շրջա­նին կը փոր­ձէ հիմ­նա­կան փո­փոխու­թիւններ գոր­ծադրել իբ­րեւ թէ աւե­լի լաւ ար­դիւնքի մը հաս­նե­լու նպա­տակով։

Իրա­կանու­թեան մէջ ամէն ինչ սկսած է առա­ջին կո­ճակը սխալ կոճ­կե­լով։

Հան­րա­պետու­թեան Հռչա­կու­մէն կարճ ժա­մանակ ետք յայ­տա­րարո­ւած էր ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին միաս­նա­կան ուսման ծրագ­րի մը կի­րարկման սկզբունքը։ Կ՚ան­տե­սուէր երկրի բազ­մամշա­կու­թա­յին յատ­կութիւ­նը եւ կը փոր­ձուր մէկ լե­զուի, մէկ մշա­կոյ­թի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը հաս­տա­տել։ Այսպէ­սով պի­տի կա­ռու­ցո­ւէր ամ­բողջ երկրի հա­մար ի զօ­րու ազ­գա­յին պե­տու­թիւն մը։

Նման սկզբունքը շնոր­հիւ բռնա­տիրա­կան վար­չա­ձեւի յա­ջողա­պէս գոր­ծադրո­ւեցաւ քա­նի մը տաս­նա­մեակ­ներ։ Ապա­հովու­ցաւ երկրի մահ­մէ­տական ժո­ղովուրդնե­րուն թրքու­թեան մէջ ձու­լո­ւելու նպա­տակը։ Սա­կայն վեր­ջին 50 տա­րինե­րուն այդ կարծր կի­րար­կումը աւե­լի յա­ճախ կը բա­խի առար­կութիւննե­րու կամ ընդվզումնե­րու։

Վեր­ջերս նա­խարա­րու­թիւնը միջ­նա­կար­գի եւ երկրոր­դա­կան դպրոց­նե­րու աշա­կեր­տութեան հա­մար սկսած է կեդ­րո­նական քննու­թեան ծրա­գիր մը գոր­ծադրել։ Ծրագ­րի հա­մաձայն ճշտո­ւած օրե­րուն ամ­բողջ երկրի մէջ պի­տի կա­յանան որոշ առար­կա­ներու մա­սին քննու­թիւններ։ Քննու­թեան թո­ւական­նե­րու հրա­պարա­կու­մէն ետք յայտնի դար­ձաւ որ ճշ­տո­ւած կարգ մը թո­ւական­ներ կը զու­գա­դիպին քրիս­տո­նէական տօ­ներու, ուր դպրոց­նե­րը պաշ­տօ­նապէս ար­ձա­կուրդի են։

Այս մա­սին երբ հայ եւ յոյն հա­մայնքա­յին դպրոց­նե­րու տնօ­րէնու­թիւննե­րը իրենց առար­կութիւ­նը ներ­կա­յացու­ցին Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թեան կամ ալ իրենց գտնուած թա­ղի Կրթու­թեան Տնօ­րէնու­թիւննե­րուն ստա­ցան ոչ պատ­շաճ պա­տաս­խաններ։ Խնդի­րը ծա­գած էր Նա­խարա­րու­թեան քննու­թիւննե­րու թո­ւական­նե­րը ճշտե­լու պա­հուն քրիս­տո­նէից տօ­ները ան­տե­սելով։ Իսկ այժմ իշ­խա­նու­թիւննե­րը խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար կ՚առա­ջար­կեն ծնող­նե­րուն պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լով քննու­թեան երկրորդ օր մը պա­հան­ջե­լու տար­բե­րակը։ Այս եղա­նակը թէեւ կա­րելի է, սա­կայն դի­տել կը տրո­ւի թէ երկրորդ քննու­թեան ըն­թացքին հար­ցումնե­րը բո­լորո­վին տար­բեր պի­տի ըլ­լան, ինչ որ ժխտա­կան պի­տի ազ­դէ աշա­կերտնե­րուն։

Հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու հաշ­ւոյն մտա­հոգիչ է նաեւ այն երե­ւոյ­թը, ըստ որու իւ­րա­քան­չիւր դպրոց ան­ջա­տաբար կը ներ­կա­յաց­նէ իր առար­կութիւ­նը եւ այսպէ­սով ալ չի յա­ջողիր հա­ւաքա­կան բո­ղոքի մը ար­դիւնքը ապա­հովե­լու։

Ար­դա­րեւ «Ակօս» քա­ղաքի քա­նի մը հայ եւ յոյն վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն հետ խօ­սելէ ետք հաս­տա­տեց թէ բո­լոր տնօ­րէն­նե­րը հա­մամիտ են միաս­նա­կան առար­կութեան, բայց չեն յա­ջողած նման կամ­քը գոր­ծադրե­լու եղա­նակաին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ