Թատերական եռուզեռ պոլսահայ բեմերու վրայ

Մխիթարեան Վար­­­ժա­­­­­­­րանի հիմ­­­նադրու­­­թեան 200 ամեակի առ­­­թիւ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած թա­­­տերա­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման երկրորդ բե­­­մադ­­­րութիւ­­­նը 25 Հոկ­­­տեմբե­­­րին կա­­­յացած էր Տա­­­տեան Վար­­­ժա­­­­­­­րանի սրա­­­հին մէջ։ Նոյն խա­­­ղի եր­­­րորդ բե­­­մադ­­­րութիւնն ալ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 28 Հոկ­­­տեմբե­­­րին, Գա­­­տըգիւղ թա­­­ղը, Արա­­­մեան Սա­­­նուց Միու­­­թեան եր­­­դի­­­­­­­քին տակ։ Ներ­­­կա­­­­­­­ները առի­­­թը ու­­­նե­­­­­­­ցան վա­­­յելե­­­լու Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանի «Մա­­­հը ա՞յս է ար­­­դեօք» թա­­­տերա­­­խաղը, որուն բե­­­մադ­­­րիչն ու դե­­­րասա­­­նու­­­հին էր նախ­­­կին արա­­­մեան­­­ցի, այժմ ֆրան­­­սաբնակ Պէր­­­թա Կիւ­­­վէն։

Խա­­­ղի աւար­­­տին Պէր­­­թա Կիւ­­­վէն եւ Ա.Զ.Ա.Տ. Թա­­­տերա­­­խումբի ան­­­դամնե­­­րը յոտնկայս ծա­­­փահա­­­րուե­­­ցան հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սի կող­­­մէ։

Ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման աւար­­­տին Ա.Ս.Մ. ատե­­­նապետ Սե­­­ւան Աթաօղ­­­լու ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալով նախ առող­­­ջութիւն մաղ­­­թեց թատ­­­րերգու­­­թեան հե­­­ղինակ՝ Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեանին, շնոր­­­հա­­­­­­­ւորեց դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րը եւ շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնեց բո­­­լոր դե­­­րակա­­­տար­­­նե­­­­­­­րուն, այս եզա­­­կի ապ­­­րումին իրենց բե­­­րած մաս­­­նակցու­­­թեան հա­­­մար։

Մխի­­­թարեան Միաբա­­­նու­­­թեան 200 ամեակին առ­­­թիւ նոյ­­­նա­­­­­­­նուն միու­­­թեան կող­­­մէ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած այս ձեռ­­­նարկին հա­­­մար Արա­­­մեան Սա­­­նուց Միու­­­թեան անու­­­նով «Կե­­­նաց Ծառ» կա­­­նանց ձե­­­ռագոր­­­ծե­­­­­­­րու աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցին կող­­­մէ պատ­­­րաստո­­­ւած յու­­­շա­­­­­­­նուէր­­­ներ յանձնո­­­ւեցան Ար­­­սէն Քո­­­վանին եւ Պէր­­­թա Կիւ­վէ­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ