ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Հայոց պատմութիւնը միաժամանակ գաղթականութեան ալ պատմութիւն մըն է։ Բնօրրանէն հեռանալը հեռաւոր անցեալին ունէր առեւտրական նպատակ, հետեւաբար կը ձգտէր բարգաւաճման։
Պատմական Հայաստանը կիզակէտ ունենալով հայը աշխարհի չորս ծագերուն ուղիներ որոնեց միջազգային առեւտուրի շուկային վրայ իր տեղը ունենալու համար։ Այդ նպատակաւ եթէ դէպի արեւելք հասաւ մինչեւ Սինկափուր, Եփրատի ու Տիգրիսի հոսանքն ի վար իջաւ Մերձաւոր Արեւելք։
Նաւահանգիստներէն առագաստ պարզեց դէպի Միջերկրական Ծով, հասնելով Մենչըսթըր, Լիվրփուլ եւ այլ Եւրոպական քաղաքներ։
Գաղթի դրդապատճառ մըն էր երկրէ ներս տիրող անկարգութիւնները, դաւանանքային կրիւները, պետական դաւադրութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին ստեղծեց գաղթի նոր հոսանքներ։ Ազգամիջեան կրիւները եւս զանգուածային գաղթերու պատճառ դարձան։ Մերթ ընդ մերթ այդ գաղթերով գոյացան հայու ձեռքով կերտուած նոր քաղաքներ։ Արդարեւ ամբողջ Արեւելեան Եւրոպան հատելով Լեհանստան հասած գաղթի հոսանքի ետին կը տեսնենք բաւլիկեան շարժումին հետեւող ժողովուրդի դէմ գործադրուած հալածանքի հետքերը։
Անիի աւերումին պատճառ դարձող իւրաքանչիւր արշաւ իր հետ բերաւ գաղթի նոր հետեւանքներ։
Պատահականութիւն չէ Սենեքերիմ թագաւորի Տիվրիկ եւ Արաբկիր քաղաքներու հիմնադիր դառնալու օրինակը։ Նոյն ծիրէն ներս կը տեսնենք Համամ Ամատունի արքայի իր տոհմին հետ միասին Սեւ Ծովեայ ափամերձ բարձունքներուն վերաբնակելով Համշէն աշխարհի հիմքը դնելը։
Զանգուածային գաղթի մեծագոյն օրինակը ապրեցանք 1915 թուին, երբ պատմական Հայաստանը բոլորովին հայաթափ եղաւ եւ հայրենազուրկ ժողովուրդը ցրուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն։
Այս անգամ պատմագրութիւնը մեր առջեւ կը բանայ Եւրոպայի հիւսիսային հատուածի մէջ հայկական գաղութի մը յայտնութեան եւ ապա անհետացման հետաքրքրական վաւերագրութիւնը։
«Առեւտուր եւ Բարգաւաճում (Ամսթէրտամ)» խորագրեալ գրքին մէջ Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեանի խմբագրութիւնով կը ծանօթանանք 1627-էն մինչեւ 1874 երկարող պատմական շերտի մը մէջ հայու հետքերուն։
Այս բոլորը գրանցուած են Ամսթէրտամ քաղաքի պաշտօնական արխիւներուն, ձերամբ քաղաքի փոխ արխիւապետ Նիքոլաաս Տէ Ռէօվերի հետազօտական բնոյթով յօդուածին։
Ահա այդ յօդուածի թարգմանութիւնով է որ Կիւրեղեան Պալըքճեան մերօրեայ ընթերցողին կը մատուցէ այս քաղաքի առաջին հայ վաճառականներու յայտնութիւնը, անոնց հարստացման դրուագները, կառուցած եկեղեցիները եւ ապա սնանկացումը ու բոլոր կուտակումին անհետացումը։
96 էջերէ բաղկացող գրքոյկը կը բաղկանայ երկու մասերէ, որու յատկապէս երկրորդ մասը, որ կը կրէ «Յաւելուած» խորագիրը, բոլորովին կը մանրամասնէ ժառանգի մը շուրջ գոյացած պահանջատիրութեան օրինական զարգացումները։
Այստեղ գիրքի խմբագիրը կը վերծանէ երկու ձեռագիր նամակներ, որոնք ուղղուած են Էջմիածնի Մայրավանք, օրուայ Կաթողիկոս Գէորգ Արքեպիսկոպոսին, գրուած պոլսահայ Մասեհեան եղբայրներու կողմէ։
Անոնք կը նշեն Ամսթէրտամի հայոց եկեղեցւոյ խնամատարի հետ իրենց արենակցական կապը եւ բաժին կը պահանջեն եկեղեցւոյ արդէն իսկ վաճառուած տարածքէն։
Խիստ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մըն է Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեանի կատարածը, որ բացի անցեալի մութ էջերը լուսաբանելէ իմաստալից մատնանշումներ կ՚ունենայ այսօրուայ մասին եւս։