Ես կ՚ապրիմ այդ յաջողութիւններով եւ այդ ծափերով, որ կը հնչէին դահլիճներու մէջ

Հայկական պարարուեստի պատմութեան, էթնօ դիմագծի, անցած ուղիի եւ այսօրուայ երազանքի մասին «Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է ՀՀ Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, փրոֆէսոր, Հայաստանի Ազգային պարարուեստի միութեան նախագահ, «Բերդ» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, գլխաւոր բալետմաստեր, Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ Պարարուեստի մանկավարժութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոդիկայի ամբիոնի վարիչ Կարէն Գէորգեանի հետ։

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Ինչպի­­սի՞ն է պա­­րու­­սոյց, ման­­կա­­­վարժ, բա­­նաս­­տեղծ, բա­­լետ­­մաստեր Կա­­րէն Գէոր­­գեանի առօ­­րեան։

Շատ յա­­գեցած։ Մէկ-մէկ կը մտա­­ծեմ՝ օրը 24 ժամ ու­­նի, իսկ ես ըն­­դա­­­մէնը 4 ժամ կը քնա­­նամ, մնա­­ցած ժա­­մանա­­կը զբա­­ղուած կ՚ըլ­­լամ իմ մաս­­նա­­­գիտու­­թիւնով: Ընդհան­­րա­­­պէս, շատ զբա­­ղուած է իմ առօ­­րեան ամ­­բողջու­­թեամբ լցո­­ւած է պա­­րով, պա­­րագի­­տու­­թեամբ, հա­­մերգնե­­րով, ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան աշ­­խա­­­տան­­քով։ 

ՀՀ Մշա­­կոյ­­թի վաս­­տա­­­կաւոր գոր­­ծիչ, փրո­­ֆէսոր, Հա­­յաս­­տա­­­նի Ազ­­գա­­­յին պա­­րարո­­ւես­­տի միու­­թեան նա­­խագահ, «Բերդ» պա­­րային հա­­մոյ­­թի գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ղե­­կավար, գլխա­­ւոր բա­­լետ­­մաստեր, Խա­­չատուր Աբո­­վեանի անո­­ւան ՀՊՄՀ Պա­­րարո­­ւես­­տի ման­­կա­­­վար­­ժութեան եւ անոր դա­­սաւանդման մե­­թոդի­­կայի ամ­­բիոնի վա­­րիչ… այս շար­­քը ան­­վերջ կա­­րելի է շա­­րու­­նա­­­կել: Ձեր յա­­ջողու­­թեան բա­­նաձե­­ւը գրո­­ւած է բա­­րեբախ­­տութեան թէ՞՝ աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան գրչով։

Աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան գրի­­չով, ի հար­­կէ։ Ես ար­­դէն նշե­­ցի, որ ես իս­­կա­­­պէս շատ կ՚աշ­­խա­­­տիմ, ար­­դիւնքին յա­­ջողու­­թիւննե­­րը չեն ու­­շա­­­նար, եւ այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան, հե­­տեւո­­ղակա­­նու­­թեան ու նպա­­տակաս­­լա­­­ցու­­թեան ար­­դիւնքն է այն ինչ որ թո­­ւար­­կե­­­ցիք։ 

1995թ. երբ նոր ան­­կա­­­խացած պե­­տու­­թիւնը կը մտա­­ծէր ազ­­գա­­­յին, մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէքնե­­րը պա­­հելու, պահ­­պա­­­նելու եւ փո­­խան­­ցե­­­լու մա­­սին՝ ես՝ երի­­տասարդ մի տղայ, 30 տա­­րեկան դեռ չկա­­յի՝ ար­­դէն կը մտա­­ծէի՝ ինչպէս ընել, որ­­պէսզի կա­­րողա­­նալ ազ­­գա­­­յին մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէքնե­­րու առու­­մով այնպի­­սի մի ար­­ժե­­­համա­­կարգ ստեղ­­ծել, որ այն փո­­խան­­ցո­­­ւի սե­­րունդէ սե­­րունդ։ Այդ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին մենք ու­­նե­­­ցանք «Պա­­րատուն» հա­­ղոր­­դա­­­շարը: 15 տա­­րուայ գոր­­ծունէու­­թեան ըն­­թացքին մենք 300 մաս­­նա­­­գիտա­­կան եւ գի­­տական հա­­ղոր­­դումներ պատ­­րաստե­­ցինք: Բազ­­մա­­­թիւ աշ­­խա­­­տանքներ, որոնք հիմք էին այն յա­­ջողու­­թիւննե­­րու, որոնց այ­­սօր ես հա­­սած եմ։ 

Ես կը յի­­շեմ՝ դուք կը շրջէիք Հա­­յաս­­տա­­­նի գիւ­­ղե­­­րը, կը զրու­­ցէիք ու պար կը բռնէիք տա­­րեց­­նե­­­րու հետ։ Այդ շրջայ­­ցի ար­­դիւնքին ինչ ձեռք բե­­րեց ազ­­գա­­­յին պա­­րարո­­ւես­­տը։

Ինձ հա­­մար շատ սրտա­­մօտ հարց կու տաք, որով­­հե­­­տեւ իմ կեան­­քի մի հա­­տուա­­ծը շրջան­­նե­­­րուն ան­­ցած է: Սա­­սուն աշ­­խարհէն մին­­չեւ Ալաշ­­կերտ, Վաս­­պուրա­­կանէն մինչև Մու­­սա լեռ… մօտ 40 տա­­րի հա­­ւաքագ­­րած եմ պա­­րեր, որոնք եր­­բե­­­ւիցէ պա­­րուած էին, բայց գի­­տական հե­­տազօ­­տու­­թեան չէին են­­թարկո­­ւած։ Պա­­րուել էին իրենց բա­­կերուն, իրենց տու­­նե­­­րուն, բայց եր­­բեք դուրս չէին եկած փրո­­ֆէսիոնալ բեմ: Անոնք հա­­ւաքագ­­րո­­­ւած էին, բայց եր­­բեք չէին վեր­­ծա­­­նուած: Ար­­դիւնք ու­­նե­­­ցանք 200 պա­­րան­­մուշներ, որոնք եր­­բե­­­ւէ բեմ չէին բարձրա­­ցած: Եւ վաս­­տա­­­կաւոր կո­­լեկ­­տիվ «Բերդ» պա­­րային ան­­սամբլի մի­­ջոցով մի հա­­տուա­­ծը մշա­­կուած եւ վե­­րադար­­ձո­­­ւած է ժո­­ղովրդին, իսկ հի­­մա՝ շատ շու­­տով, լոյս կը տես­­նէ «Վաս­­պուրա­­կան աշ­­խարհի պա­­րերը» աշ­­խա­­­տու­­թիւնը, որ­­տեղ իմ հա­­ւաքագ­­րած, վեր­­ծա­­­նած միայն Վաս­­պուրա­­կան շրջա­­նի 101 պա­­րեր նկա­­րագ­­րութեան ձե­­ւով ու ամ­­բողջա­­կան ստու­­գա­­­բանու­­թեամբ: Եթէ մենք կը նա­­յինք օրի­­նակ Թամ­­զա­­­րան՝ Վաս­­պուրա­­կանն ու­­նի 5 տար­­բե­­­րակ, քո­­չարի­­ները՝ 6, Վեր­­վե­­­րինե­­րը՝ 4։ Տար­­բե­­­րակ­­ներ, որոնք նման չեն իրար։ Մեր պա­­րերը անուննե­­րով շատ խառ­­նո­­­ւած եղած են , իսկ որոշ պա­­րեր օտար անուննե­­րով եղած են: Պատ­­ճառն այն է, որ մենք չեն կա­­րողա­­ցած հա­­մար­­ձա­­­կօրէն մեր պա­­րը հայ­­կա­­­կան անու­­նով պա­­հել՝ ստի­­պուած եղած ենք մի քա­­նի պա­­րեր այլ՝ հա­­րեւան ժո­­ղովուրդնե­­րու անուննե­­րով կո­­չել: Բայց ես պէտք է վստա­­հաբար ըսեմ, որ նոյն այդ հա­­րեւան ժո­­ղովուրդնե­­րը եր­­բեք այդ պա­­րերը չեն պա­­րած։ Հրա­­շալի գի­­տեմ մեր հա­­րեւան ժո­­ղովուրդնե­­րու ֆոլկլո­­րը, քա­­նի որ շատ ու­­սումնա­­սիրած եմ: Այն, ինչ ընդգրկո­­ւած է այդ գիր­­քի մէջ հա­­ւատա­­ցէք, որ կը պատ­­կա­­­նին միայն մեր՝ հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հին ապ­­րող ժո­­ղովուրդին եւ յա­­տուկ են միայն մեր խառ­­նո­­­ւած­­քին, մեր հո­­գեկեր­­տո­­­ւած­­քին:

Շրջա­­գայած եւ հայ պա­­րարո­­ւես­­տը ներ­­կա­­­յացու­­ցած էք աշ­­խարհին։ Վեր­­ջին ամե­­նատ­­պա­­­ւորիչ հա­­մեր­­գը, ո՞րը եղած է։

Վեր­­ջին ամե­­նատ­­պա­­­ւորիչ հա­­մեր­­գը, որ կը յի­­շեմ այս պա­­հուն՝ «Բերդ» պա­­րային ան­­սամբլի հա­­մերգն էր ԱՄՆ-ին (Լոս Ան­­ճե­­­լըս, Սան Ֆրան­­ցիսկօ, Նիւ Եորք): Փա­­ռահեղ ելոյթ էր, շռնդա­­լից յա­­ջողու­­թիւններ, ծա­­փեր, որոնք կ՚ապա­­ցու­­ցեն հա­­յի դա­­րաւոր ճշմար­­տութիւ­­նը, որ հայ ժո­­ղովուրդի մշա­­կոյ­­թը յա­­տուկ է մեզ, եւ այդ մշա­­կոյ­­թով հիացած են ոչ միայն Հա­­յաս­­տան ապ­­րող հա­­յերը, այլ նաեւ օտար­­նե­­­րը: Վեր­­ջին հա­­մերգնե­­րը մեզ հա­­մար տպա­­ւորիչ էին այն առու­­մով, որ մենք նախ ԱՄՆ-ի մէջ երկրորդ ան­­գամ ելոյթ կ՚ու­­նե­­­նայինք, բայց նման նո­­րացո­­ւած ծրագ­­րով, գոր­­ծի­­­քաւոր­­մամբ մեր հնա­­գոյն պա­­րան­­մուշնե­­րու ցու­­ցադրմամբ՝ առա­­ջին ան­­գամ: Գի­­տէ՞ք՝ ես կ՚ապ­­րիմ այդ յա­­ջողու­­թիւննե­­րով եւ այդ ծա­­փերով, որ կը հնչէին դահ­­լիճնե­­րուն մէջ:

Շրջա­­գայու­­թիւննե­­րէն ու հա­­մերգնե­­րէն բա­­ցի նաեւ հայ պա­­րարո­­ւես­­տի ման­­կա­­­վար­­ժութիւ­­նը ձեր շնոր­­հիւ իր գոր­­ծը ըրաւ ար­­տերկրի մէջ։ Ար­­դիւնքը ար­­դա­­­րացո­­ւա՞ծ է։ 

Ես կրնամ ըսել, որ այդ ճա­­նապար­­հին եմ, ոչ ամ­­բողջու­­թեամբ ի հար­­կէ, որով­­հե­­­տեւ դեռ հե­­տեւո­­ղական ու­­ղի պէտք է անցնինք: Պա­­րի մա­­սին մենք դեռ հա­­յեցա­­կարգ չու­­նինք մշա­­կած պե­­տակա­­նօրէն: Եւ ես կը կար­­ծեմ՝ հէնց պա­­րի մա­­սին օրէն­­քի ու հա­­յեցա­­կար­­գի բա­­ցակա­­յու­­թիւնը մեզ դեռ թոյլ չի տար Հա­­յաս­­տան եւ սփիւռքի մէջ ու­­նե­­­նալ ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան գոր­­ծունէու­­թեան այնպի­­սի շրջա­­նակ, որը կը բխի հայ պա­­րարո­­ւես­­տի շա­­հերէն: Այ­­դո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, այն մար­­դիկ, ով­­քեր աւար­­տած են Ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան հա­­մալ­­սա­­­րանի Պա­­րարո­­ւես­­տի ման­­կա­­­վար­­ժութեան եւ անոր դա­­սաւանդման մե­­թոդի­­կայի ամ­­պիոնը՝ ամ­­բողջու­­թեամբ կը տի­­րապե­­տեն պա­­րի ման­­կա­­­վար­­ժութեան: Եւ հան­­րա­­­պետու­­թեան, եւ սփիւռքի մէջ լա­­ւագոյն պա­­րային կո­­լեկ­­տիվնե­­րու ղե­­կավար­­նե­­­րը վստա­­հաբար կ՚ըսեմ՝ պա­­րարո­­ւես­­տի բաժ­­նի ու­­սա­­­նող­­ներն են։ 

Հա­­յի կեան­­քին պա­­րի դե­­րը եւ նշա­­նակու­­թեան մա­­սին դեռ հնա­­գոյն ժա­­մանակ­­նե­­­րէն կը խօ­­սուէր։ Այ­­սօր ար­­դեօք հայ­­կա­­­կան պա­­րը պա­­հած է իր էթ­­նօ դի­­մագի­­ծը՞։ 

Բազ­­մա­­­թիւ հա­­զարա­­մեակ­­ներ շա­­րու­­նակ մեր պա­­րը են­­թարկո­­ւած է այլակերպման բայց մենք պա­­հած ենք մեր հնա­­գոյն պա­­րի ամ­­բողջա­­կան շար­­ժո­­­ղական հա­­մակար­­գը: Հի­­մա ինչ հա­­սած է մեզ շարժման եւ բա­­նաւոր տեքստի մի­­ջոցով են­­թարկո­­ւած է որո­­շակի փո­­փոխու­­թիւննե­­րու, մշա­­կուած է, աւե­­լի գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ձեւ ստա­­ցած է, եւ վստա­­հաբար կրնամ ըսել, որ ան կը պատ­­կա­­­նի հայ ժո­­ղովուրդին: Եւ մեր էթ­­նօ­­­պարա­­գիտու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր Սրբու­­հի Լի­­սիցեանը դե­­ռեւս դա­­րասկզբին՝ 1900-ական թո­­ւի սկզբին հա­­ւաքագ­­րած եւ տպագ­­րած է «Հայ պա­­րի Աս­­տո­­­ւածա­­շունչը» երեք հա­­տորով, որ­­տեղ մէկ­­տե­­­ղած է մեր հնա­­գոյն պա­­րերը: Ան­­կէ առաջ ար­­դէն հա­­ւաքագ­­րած էր Վահ­­րամ Արիս­­տա­­­կէսեանը: 1926թ. անոր նա­­խաձեռ­­նութեամբ ստեղ­­ծո­­­ւած է Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին պե­­տական պա­­րային կո­­լեկ­­տի­­­վը: Այնպէս որ, այն, ինչ հա­­սած է մեզ, անոնք մեր ժո­­ղովուրդի աշ­­խարհահա­­յեացքն են, կեն­­սա­­­փիլի­­սոփա­­յու­­թիւնն են, բնա­­ւորու­­թեան գի­­ծերն են եւ մեր շար­­ժո­­­ղական հա­­մակար­­գը։

60-ամեայ «Բերդ» պա­­րային ան­­սամբլը ստեղ­­ծեց պա­­րարո­­ւես­­տի մե­­ծագոյն նո­ւիրեալ Պո­­րիս Գէոր­­գեանը՝ ձեր հայ­­րը, ապա դուք շա­­րու­­նա­­­կեցիք եւ ցայ­­սօր ալ կը շա­­րու­­նա­­­կէք անոր գոր­­ծը։ Ողջ աշ­­խարհին, որ­­տեղ եղած է «Բեր­­դը»՝ հնչած է դհո­­լը, զուռնան, եւ հայ դիւ­­ցա­­­զուննե­­րու ձեռ­­քի ափե­­րը հա­­րուա­­ծած են իրար՝ եար­­խուշտա պա­­րելով։ Կա՞յ ար­­դեօք աշ­­խարհին մի վայր, որ­­տեղ յա­­ռաջի­­կային կը նա­­խատե­­սէք դհոլ-զուռնա­­յով մեր քո­­չարին ու եար­­խուշտան ներ­­կա­­­յաց­­նել։

Այո դեռ աշ­­խարհին կան բազ­­մա­­­թիւ երկրներ եւ լաւ բե­­մահար­­թակներ, որ­­տեղ «Բերդ» ան­­սամբլը չէ հաս­­ցուցած ելոյթ ու­­նե­­­նալ, բայց «Բեր­­դը» ելոյթ ու­­նե­­­ցած է աշ­­խարհի խո­­շորա­­գոյն բե­­մերուն՝ Դայ­­վան, Քրեմ­­լին, Փա­­րիզ, Պու­­տա­­­փեշտ, Շո­­ւեցա­­րիա եւ այ­­լուր։ Այ­­սինքն՝ ան­­սամբլը եր­­կար տա­­րիներ կը հան­­րահռչա­­կէ հայ­­կա­­­կան պա­­րը եւ պա­­րի մի­­ջոցով սի­­րելի կը դարձնէ մեր եր­­կիրն ու պե­­տու­­թիւնը։ 60 տա­­րի առաջ հայրս՝ Պո­­րիս Գէոր­­գեանը դրաւ «Բերդ» ան­­սամբլի հիմ­­քե­­­րը: Հա­­ւաքե­­լով այս երկրի բիբ­­լիական զա­­ւակ­­նե­­­րուն՝ ան յաղ­­թութեան կա­­մուրջ կա­­ռու­­ցեց եւ անոր անու­­նը կնքեց Բերդ։ Եթէ «Բեր­­դը» քա­­րէն է եւ այդ քարն ալ պատ­­մութիւն ու­­նի՝ 60 տա­­րուայ պատ­­մութիւն: Յա­­ռաջի­­կային կը սպա­­սուին հրա­­շալի շրջա­­գայու­­թիւններ Լա­­տինա­­կան Ամե­­րիկա, Արեւմտեան եւ Արե­­ւելեան Եւ­­րո­­­պանե­­րուն։ Այնպէս որ՝ դուք մօտ ապա­­գային առիթ­­ներ կ՚ու­­նե­­­նաք տես­­նե­­­լու «Բերդ» պա­­րային ան­­սամբլի ելոյթնե­­րը աշ­­խարհի խո­­շորա­­գոյն բե­­մերուն։ 

Իսկ Պոլ­­սոյ հա­­սարա­­կու­­թիւնը յա­­ռաջի­­կային կ՚ու­­նե­­­նա՞յ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն վա­­յելե­­լու այդ ելոյթնե­­րը։

Մենք եր­­կու տա­­րի առաջ պայ­­մա­­­նաւո­­րուա­­ծու­­թիւն ու­­նե­­­ցանք պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի հետ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու «Բերդ» պա­­րային ան­­սամբլի մե­­նահա­­մեր­­գը Իս­­թանպուլ։ Կը ցան­­կա­­­նամ, որ ոչ միայն պոլ­­սա­­­հայե­­րը տես­­նեն, այլ նաեւ պոլ­­սե­­­ցիներ եւ հա­­մեմա­­տեն թէ ար­­դեօք մեր պա­­րը նմա՞ն է իրենց պա­­րերուն։ Ես կը կար­­ծեմ, որ բա­­ցառա­­պէս նման չէ, որով­­հե­­­տեւ իրենք ու­­նին իրենց պա­­րային մշա­­կոյ­­թը, օրի­­նակ ինչպէս ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թիւնը։ Մի­­գու­­ցէ որոշ պա­­րերու շար­­ժումներ նմա­­նեց­­նեն, ինչպէս նմա­­նեց­­նում են խօս­­քի մէջ բա­­ռերը, ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան մէջ նախ­­շե­­­րը, ման­­րանկար­­չութեան մէջ գոյ­­նե­­­րը, բայց կը կար­­ծեմ, որ մենք բա­­ցառա­­պէս տար­­բեր մշա­­կոյթներ ու­­նինք։ Ես կը յար­­գեմ բո­­լոր ազ­­գե­­­րու մշա­­կոյթնե­­րը եւ անոնց նկատ­­մամբ։ 

Հայ պա­­րարո­­ւես­­տի մե­­ծերու ետե­­ւէն քայ­­լողներ կը տես­­նէք պա­­րոն Գէոր­­գեան։

Ի հար­­կէ, կը տես­­նեմ։ Մենք շատ լաւ սա­­ներ կրթած ենք, դաս­­տիարա­­կած: Եւ ինչպէս գի­­տենք՝ այ­­սօր այնքան քիչ են հայ մե­­ծերը, որոնց անու­­նը մի­­գու­­ցէ չկա­­րողա­­նամ հա­­շուել աջ եւ ձախ ձեռ­­քիս մատ­­նե­­­րու վրայ, բայց կա­­րող եմ եր­­կու ձեռ­­քիս վրայ հա­­շուել շատ լաւ երի­­տասարդնե­­րու անուններ, ով­­քեր գա­­լու են եւ լրաց­­նե­­­լու են այն բա­­ցը, որ առ­­կայ է: Բա­­լետ­­մայստե­­րական առու­­մով չգի­­տեմ ինչպէս այդ կ՚ըլ­­լայ, բայց նո­­ւիրու­­մի առու­­մով մենք ան­­սահման նո­­ւիրեալ­­ներ ու­­նինք: Երի­­տասարդներ, ով­­քեր իրենց այ­­սօ­­­րը նո­­ւիրած են հայ­­կա­­­կան պա­­րարուես­­տի զար­­գացման։ 

Պա­­րոն Գէոր­­գեան, հայ­­կա­­­կան պա­­րարո­­ւես­­տը այ­­սօր ու­­նի՞ երա­­զանք։ 

Հայ­­կա­­­կան պա­­րարո­­ւես­­տը, այո, ու­­նի երա­­զանք, սա­­կայն չու­­նի իր տու­­նը՝ պա­­րատու­­նը, որ կը դառ­­նար սփիւռք եւ ՀՀ-ի մէջ ապ­­րող, փրո­­ֆէսիոնալ պա­­րարո­­ւես­­տով զբա­­ղուող­­նե­­­րու տու­­նը։ Ես եթէ կ՚երա­­զեմ, ու­­րեմն պա­­րարո­­ւեստն կ՚երա­­զէ, ու­­նե­­­նալ այնպի­­սի մի սրահ, որ­­տեղ ելոյթներ կա­­րող են ու­­նե­­­նալ հայ­­կա­­­կան պա­­րային ան­­սամբլնե­­րը։ Կը պատ­­կե­­­րաց­­նէ՞ք՝ մենք այ­­սօր Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ չու­­նինք մի պա­­րաս­­րահ, որ­­տեղ մեր ժո­­ղովրդա­­կան պա­­րը կա­­րողա­­նանք ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Թատ­­րոննե­­րը նա­­խատե­­սուած են թատ­­րոննե­­րու հա­­մար, ֆիլ­­հարմո­­նիայի դահ­­լի­­­ճը նա­­խատե­­սուած է ֆիլ­­հարմո­­նիկ երաժշտու­­թեան հա­­մար, Սունդու­­կեանի եւ Պա­­րոնեանի անո­­ւան թատ­­րոննե­­րը՝ թատ­­րո­­­նի եւ այլն։ Մենք չու­­նինք մեր ազ­­գա­­­յին պա­­րի թատ­­րո­­­նի շէն­­քը, չու­­նինք ազ­­գա­­­յին պա­­րերը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու այնպի­­սի մի օջախ կամ հաս­­տա­­­տու­­թիւն, որ­­տեղ հա­­ւաքագ­­րո­­­ւած կ՚ըլ­­լար ոչ միայն մեր պա­­րարո­­ւես­­տի ժա­­ռան­­գութիւ­­նը, այլ նաեւ ստեղ­­ծո­­­ւած կ՚ըլ­­լար այնպի­­սի մի գի­­տական կեդ­­րոն, իր ամ­­բողջ կա­­ռոյցնե­­րով, որ կը նպաս­­տէր պա­­րարո­­ւես­­տի յե­­տագայ զար­­գացմա­­նը։ Իմ երա­­զանքն է Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը ու­­նե­­­նալ պա­­րային դահ­­լիճնե­­րով եւ հա­­մեր­­գա­­­յին սրա­­հով հրա­­շալի մի շի­­նու­­թիւն։ 

Ինչ կը բա­­րեմաղ­­թէք «Ակօս»-ի ըն­­թերցո­­ղին 

Մենք՝ Հա­­յաս­­տան ապ­­րողներս, գի­­տենք «Ակօս»-ի աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րու ինչպէս նաեւ ըն­­թերցող­­նե­­­րու հա­­մար­­ձա­­­կու­­թեան ու պայ­­քա­­­րի մա­­սին։ «Ակօս» թեր­­թի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն կը մաղ­­թեմ համ­­բե­­­րու­­թիւն, տո­­կու­­նութիւն, հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւն: Ամէն ինչ դեռ առ­­ջեւում է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ