Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական օրակարգը կը ողողուի անհաւատալի, շշմեցուցիչ, յաճախ ընդվզում եւ զայրոյթ պատճառող զարգացումներով։
Թէ՛ միջազգային գետնի վրայ եւ թէ երկրէ ներս քաղաքական դէմքերու յայտարարութիւնները օրեր շարունակ կը քննարկուին հեռուստաէկրաններու կամ համացանցի էջերուն վրայ եւ բացարձակապէս չեն հասնիր որոշ եզրակացումներու։ Ի՞նչ ըսել ուզեց նախագահ Էրտողան, երբ յայտարարեց թէ Իսրայէլի յաջորդ թիրախը Թուրքիան պիտի ըլլայ։ Ոչ ոք յաջողեցաւ այս լուրջ յայտարարութեան գաղտնիքը պարզելու։ Էրտողան ինչպիսի՞ տուեալներու յենելով նման ազդարարութիւն մը ըրած էր։ Վերջապէս շատեր անպատասխան մնացող հարցումը բացատրեցին երկրի օրակարգը շեղելու փորձ մը ըլլալով։
Դատախազութիւնը վերջապէս պատարստեց ութեամեայ պատանի Նարին Կիւրանի սպանութեան վերաբերեալ ամբաստանագիրը։ Դատախազը համոզուած է թէ երախան սպանուած է իր հօրեղբօր, մօր ու եղբօր համագործակցութեամբ։ Հետզհետէ աւելի համատարած համոզումի մը վերածուած է թէ Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ շատ լուրջ համեմատութիւն կը կազմեն խելագարուածները, որոնք ի վիճակի են ամէն տեսակ անընդունելի արարքը գործելու։
Այս համոզումը վերահաստատելու օրինակ մը ըլլալով պարզուեցաւ Պոլսոյ եւ շրջակայքի սեփական հիւանդանոցներէ ներս յայտնաբերուած մանկասպանութեան դէպքերը։
Ընգվզումի նոր ալիք մը եւս գոյացաւ, երբ լսեցինք թէ յանցագործ կազմակերպութիւն մը ապահովագրութեան ծառայութենէն գումարներ շորթելու նպատակաւ առողջ նորածինները կը փոխադրէ խտացեալ դարմանման կամ վերակենդանացման բաժին եւ պատճառ կը դառնայ աւելի քան տասնեակ մանուկներու մահուան։ Դէպքը ինքնաբերաբար օրակարգի բերաւ առողջապահական ծառայութիւններու սեփականացման խնդիրը։ Սակայն այս նիւթն ալ կարելի չեղաւ իր բոլոր ծալքերով քննարկել, քանի որ Ազգային Շարժում Կուսակցութեան նախագահ Պահչելի յանկարածակիօրէն խօսեցաւ Ապտուլլահ Էօճալանի ազատ արձակման պայմաններուն մասին։
Թէեւ այս երեւոյթը բացառուած չէ Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ։ Անցեալին ալ ականատես եղած ենք օրինակի համար Իսրայէլի հետ զինուորական համագործակցութեան պայմանագրին կրօնամոլ Նեճմետտին Էրպաքանի կամ մահապատժի վերացման մասին օրէնքին Տեւլեթ Պահչելիի ձերամբ ստորագրուելու դէպքերը կը յիշեցնեն առիւծին կատուի ճանկերուն տակ խեղդամահ ըլլալու երեւոյթը։
Մարդիկ զարմացած իրարու հարց կու տան թէ ի՞նչ պատահեցաւ որ այսպէս սուր անկիւնադարձ մը կ՚ապրինք։
Դարձեալ համատարած համոզումի համաձայն ամէն ինչ կը կատարուի իշխող կուսակցութեան եւ անոր նախագահի վարչական յարատեւութիւնը ապահովելու համար։
Անդին կայ կարեւոր գործօն մը եւս։ Շուրջ երկու ամիս ետք պիտի ճշտուի նուազագոյն աշխատավարձքը։ Իշխանութիւնները կը պատրաստուին նախատեսուած սղաճի համեմատութիւնով բարձրացնել աշխատավարձքը։ Իսկ հասարակութիւնը կը պահանջէ տիրող սղաճը նկատի ունենալ եւ ըստ այնմ յաւելել աշխատավարձքը։
Այս տողերը գրելու պահուն է, որ լրատուամիջոցները կը հաղորդեն Անգարա, ԹՈՒՍԱՇ ընկերութեան ուղղեալ ահաբեկչական յարձակումի մը մասին։
Յայտնի է որ տիրող փոթորիկին մէջ այս ու նման էական խնդիրները զգուշօրէն պիտի չեղարկուին սկանտալային բնոյթի օրակարգերով, որոնք նոյնքան էական նշանակութիւն ունին հասարակութեան ապագային առումով։
pakrates@yahoo.com