Համայնապատկեր ակադեմականի հարցախոյզով

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Պատրիար­քա­րանի եր­դի­քին տակ մէկ­տե­ղուող Թրքա­հայ Ակա­դեմե­կեն­նե­րու Հար­թա­կը հրա­պարա­կեց «Թրքա­հայ հա­սարա­կու­թեան ապա­գայի տես­լա­կանը» անուն տե­ղեկա­գիրը։ Հար­ցա­խոյզնե­րու քննար­կումով գո­յացած տե­ղեկագ­րին մէջ նախ ներ­կա­յացո­ւած են թո­ւային տո­ւեալ­ներ, որոնք կը պար­զեն սե­ռային յատ­կա­նիշ­ներ, տա­րիքի շեր­տե­րը, բնա­կավայ­րե­րու դա­սաւո­րու­մը, ուսման մա­կար­դա­կը, հա­յերէ­նի տի­րապե­տելու մա­սին տո­ւեալ­ներ եւ աշ­խա­տան­քա­յին յատ­կա­նիշ­ներ։

Իսկ որա­կական տո­ւեալ­նե­րը դար­ձեալ կը սկսին հա­յոց լե­զուի մա­սին ըն­կա­լումնե­րով եւ ապա եկե­ղեցի­ներու եւ հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու յա­ճախե­լու մա­սին զա­նազան հար­ցումնե­րով։

Պար­զո­ւած է թէ հար­ցա­խոյ­զը լրաց­նողնե­րու 59 տո­կոսը կա­նայք են։ Մաս­նա­կից­նե­րու տա­րիքի մի­ջինն է 45,7։ 67 տո­կոսը ամուսնա­ցած են։ Ամե­նահա­յաշատ շրջա­նը Շիշ­լին է, որուն կը յա­ջոր­դեն Պա­քըր­գիւղ եւ Ֆա­թիհ։ Հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից­նե­րէն 43,9 տո­կոսը կը բնա­կին Շիշ­լի։ Հա­մալ­սա­րանա­կան ու­սում ստա­ցող­նե­րու հա­մեմա­տու­թիւնը կը կազ­մէ 37 տո­կոս։ Նշո­ւած է նաեւ քա­ղաքի հայ վար­ժա­րան­ներ յա­ճախող­նե­րու թի­ւը։

Մաս­նա­կից­նե­րէն 82 տո­կոսը «Հա­յերէն գի­տէ՞ք» հար­ցումին պա­տաս­խա­նած են դրա­կան, իսկ 18 բա­ցասա­կան։

Մաս­նա­կից­նե­րու 75 տո­կոսը կը բնա­կի իր սե­փական տան մէջ, իսկ 25 տո­կոսը վար­ձա­կալ։ 17,1-ը 60 տա­րեկա­նէն վեր են, իսկ 18,66-ը 18 տար­կեանէն փոքր։ Աշխա­տու­նակնե­րու տո­կոսը 53,1, գոր­ծա­տէրե­րը 11,3, իսկ թո­շակա­ռու­նե­րը 20,2 տո­կոս կը կազ­մեն։

Մաս­նա­կից­նե­րէն 44,3 տո­կոսը հա­յերէ­նի գոր­ծա­ծու­թիւնը կը կա­րեւո­րեն։ Այս հար­ցումին մա­սամբ կը կա­րեւո­րեմ ըսող­նե­րը 29,8 են։ 42 տո­կոսը ամ­բողջո­վին դէմ են օտար ամուսնու­թիւննե­րու։ 31 տո­կոսը մտա­հոգ, իսկ 28 տո­կոսը բնա­կան կը հա­մարեն այս երե­ւոյ­թը։

Հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հայ ինքնու­թեան բե­րած նպաս­տը ան­բա­ւարար է 64 տո­կոսի հա­մար։

Ամէն կի­րակի եկե­ղեցի յա­ճախող­նե­րը 24,3, խորհրդա­կատա­րու­թիւննե­րուն մաս­նակցող­նե­րը 21, միայն տօ­նական օրե­րուն յա­ճախող­ներն ալ 39,9 տո­կոս կը կազ­մեն։

Հայ մա­մու­լին հե­տեւե­լու հա­մեմա­տու­թեան մէջ առաջ­նա­կարգն է սոց ցան­ցե­րը։ Անոր կը յա­ջոր­դէ «Ակօս» 25,7 տո­կոսով։ «Մար­մա­րա» ըն­թերցող­նե­րու հա­մեմա­տու­թիւնը 9,4 է, իսկ ժա­մանակ 6,9։

Հար­ցա­խոյ­զը պա­տաս­խա­նող­նե­րու ու­ղիղ կէ­սը կը նա­խընտրեն յա­տուկ հի­ւան­դա­նոց­նե­րը։ 38 տո­կոսը կը դի­մէ պե­տական հի­ւան­դա­նոց, իսկ 12 տո­կոսը հա­յոց հի­ւան­դա­նոց։

Հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու մաս­նակցու­թեան մէջ շրջա­նաւարտնե­րու կազ­մած սա­նուց միու­թիւննե­րը 43,3 տո­կոսով առա­ջին կար­գի վրայ են։

Ակա­դեմա­կան­նե­րու աշ­խա­տու­թիւնը կ՚ըն­ձե­ռէ թո­ւային տո­ւեալ­ներ հա­սարա­կու­թեան հա­կումնե­րուն եւ նա­խապա­տւու­թիւննե­րուն մա­սին։ Այժմ անհրա­ժեշտ է այդ տո­ւեալ­նե­րու լոյ­սին տակ նոր մի­ջոց­նե­րու ծրագ­րաւորումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ