Թուրքիոյ երաժշտական կեանքի մէջ պարզ հրատարակիչէ մը շատ վեր, ակադեմական մակարդակով ընկերութիւն մը դարձած է ողբացեալ Հասան Սալթըքի հիմնած «Քալան» երաժշտական հրատարակչատունը։ Ան երկրի բոլոր երաժշտական տեսակները ծանօթացնելու ձգտումով ցարդ հրապարակեց բազմաթիւ ձայնագրութիւններ։
Հասան Սալթըքի մահէն ետք ընկերութիւնը կը շարունակէ նոյն եղանակով գործել, շնորհիւ Հասան Սալթըքի այրիին Նիլիւֆէր Սալթըքին եւ իր գործընկերներուն։
Անոնք վերջերս հրապարակեցին չորս խտացեալ սալիկներէ բաղկացող ալպոմ մը, ուր ի մի բերուած էին «Ապտալ»ներու երաժշտական աւանդը, յատկապէս այդ աւանդի ժամանակակից ներկայացուցիչներու կատարումներով։