Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նամակ յղեց Հայաստանի վարչապետին, Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցով գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրի ձեռամբ։
Կառավարութեան համաձայն՝ Պայտընի նամակին մէջ նշուած է.
«Ուրախ եմ տեսնելու, որ ձեր երկիրը եւ Ատրպէյճանը կայուն յառաջընթաց արձանագրած էք խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջնական տեսքի բերելու ուղղութեամբ, ասիկա պիտի կարգաւորէ ձեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները։
Ես կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցիլ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրին, որ վերջնականապէս վերջ պիտի դնէ դարաւոր հակամարտութեան։ Խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի միասնութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, միայն հայ ժողովուրդին ապահովութիւնն ու կայունութիւն պիտի չերաշխաւորէ, այլ անիկա պիտի վերափոխէ ողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը։
Ինչպէս գիտէք, խաղաղութեան համաձայնագիրի մնացած յօդուածներուն վերջնականացումը պիտի պահանջէ յամառութիւն, հնարամտութիւն եւ փոխզիջում: Բայց հայրենասիրութիւնը քաղաքականութենէն վեր դասելով՝ դուք խիզախօրէն եւ հետեւողականօրէն ընտրած էք խաղաղութեան ուղին, եւ ես ձեզ կը քաջալերեմ այս տարի վերջնական տեսքի բերել պայմանագիրը։
Իմ վարչակազմս պատրաստ է ձեռնարկել համարձակ նախաձեռնութիւններու, որոնք պիտի օգնեն հարթելու դէպի խաղաղութիւն տանող ուղին։ Ես խնդրած եմ Եւրոպայի գծով գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրին՝ ձեզ տեղեակ պահել որոշ քայլերու մասին, որոնց մենք կ՛ուզենք ձեռնարկել եւ ստանալ ձեր կարծիքը Ատրպէյճանի հետ քննարկումներուն մասին։ Ինչպէս նախորդ ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին յիշատակուեցաւ, հասած է պահը վերահաստատելու յանձնառութիւնը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ խաղաղութեան հիմնարար սկզբունքներուն նկատմամբ։ Աւելի պայծառ ապագան հասանելի է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ աշխատանքի»։
Ամերիկացի պաշտօնեային հետ 22 Հոկտեմբերին կայացած հանդիպման ընթացքին վարչապետ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը արդէն իսկ համաձայնեցուած յօդուածներու հիման վրայ եւ շարունակելու հետագայ քննարկումները։ Փաշինեան համոզմունք յայտնեց, որ պայմանագիրի ստորագրութիւնը պիտի նպաստէ փոխվստահութեան եւ դրական ազդակ պիտի հաղորդէ միւս հարցերու քննարկման ու համաձայնութեան հասնելու գործին։
Իր կարգին, Քարփենթըր ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունէ Հայաստանի նպատակադրումն ու քայլերը՝ ի նպաստ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, կարեւոր նկատելով սահմանազատման գործընթացն ու կանոնակարգի ստորագրութիւնը։
Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն շուրջ։ Քարփենթըր ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան։