ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
20Հոկտեմբեր 2024 թուականը պատմանշական առանձնայատկութիւնով մը անցաւ պատմութեան էջերուն։ 155 տարիներ անց Քիւթահիա քաղաքը ոգեկոչեց իր համաքաղաքացի Կոմիտաս Վարդապետը։ «Ծնել եմ 26 Սեպտեմբեր 1869 թուին Փոքր Ասիոյ Կուտինա քաղաքում, անունս են կոչել Սողոմոն»։
Այսպէս կը գրէ Կոմիտաս վարդապետ ինքնակենսագրութեան առաջին տողերը։ Անցեալին զանազան հայեր այցելած են այս քաղաքը եւ մտքերնին ունեցած են վարդապետի խօսքերը եւ պրպտումներով հաստատած նաեւ անոր ծնած եւ մանկութեան տարիները անցուցած տունը։
Այս անգամ մեզի վիճակուած էր այցելել Անատոլիան տափաստանի այս համեստ գիւղը։ Ընդառաջած էինք Քիւթահիայի քաղաքի խորհուրդի հրաւէրին, որուն նախաձեռնութեամբ պիտի կայանար Կոմիտասի յիշատակումը։
Պոլիսէն արագընթաց ճեպընթացով առաւօտուայ կանուխ ժամերուն ճամբայ ելլողներս էինք՝ «Քիւթահիացի Կոմիտասը» կարճամեթրաժ ֆիլմի հեղինակ՝ Ապտուլլահ Ուլունայ Թիւրքքան, «Ակօս»ի անձնակազմէն Բագրատ եւ Սեդա Էսդուգեան, Լուսյէն Քոփար, հանրածանօթ շարականագէտ Մուրատ Իչլինալչա եւ երկու դպիրներ՝ Մուրատ եւ Նուրան Մենեքշէ եղբայրները։
Ճամբորդութեան աւարտին Քիւթահիայի կայանին մէջ մեզ սպասող ինքնաշարժով հասանք «ՔԻՒՍԱՏ» Քիւթահիայի Գեղարուեստի Միութեան Ապարանքը։
Այստեղ մեզ դիմաւորեցին միութեան անդամուհիներ, որոնք եւս համախմբուած են այս միութեան երթիքի ներքեւ ունենալով իրենց աշխատանոցները։
Շնորհիւ իրենց ժպտադէմ դիմաւորանքին արդէն գոյացած էր մտերմիկ մթնոլորտ մը։
Մեզի հետ համարեա նոյն ժամերուն միութեան հաւաքատեղի ժամանեցին Անգարայէն ճամբայ ելած երաժիշտները, գլխաւորութեամբ Անգարայի Երաժշտանոցի դասախօս՝ փրոֆ. Ճենք Կիւնայի։
Միջոցառումի սկզբին քաղաքի խորհուրդի անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Ահմետ Սունալ։ Սունալ նաեւ ստանձնեց հանդիսավարի պաշտօնը։ Ապա ելոյթ ունեցան միութեան հիմնադիր ատենապետ Պայրամ Եըլտըզ եւ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւոր Զելիհա Աքսազ Շահպազ։
Նախ պատկերասփռուեցաւ Ապտուլլահ Ուլունայ Թիւրքքանի հեղինակած «Քիթահիացի Կոմիտաս» կարճամեթրաժ ֆիլմը։ Հեղինակը քոլաժի դրութեամբ տեղադրած էր Կոմիտաս վարդապետը եւ գեղանկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը հասակով մէկ ցոլացնող լուսանկարը քաղաքի փողոցներու տեսարանին մէջ։ Այսպէս երկու հայեր կը շրջէին փողոցներու կամ հրապարակներու վրայ կամ պարտէզներու մէջ։ Այս տեսարաններով նաեւ կը պարզուէր Փանոս Թերլեմեզեանի հանրածանօթ կտաւը, ուր նկարուած էր Կոմիտաս վարդապետ ծառի մը կրթնած, ձեռին ունենալով թուղթերու ծրար մը, որոնց վրայ պիտի գրէր իր լսած երաժշտութիւնը։
Ֆիլմի մէջ կը պատմուէր թէ երկար տարիներ համոզում գոյացած էր այդ նկարին Գնալը կղզիի մէջ նկարուելու մասին։ Ուլունայ կը հերքէր այդ համոզումը, իր ուսումնասիրութիւններուն յենելով։
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք միջոցառումը շարունակուեցաւ ապարանքի պարտէզը՝ քանի որ այդ տարածքը աւելի մեծ թիւով հանդիսատեսի մասնակցութեան համար յարմար նկատուած էր։ Այս հանգրուանին փրոֆ. Ճենք Կիւնայ հակիրճ բացատրութիւններով նկարագրեց Կոմիտաս Վարդապետի կենսագրութիւնը եւ երաժշտական մեծ վաստակը։ Նաեւ պատմեց իր ծանօթութիւնը Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան հետ։ «Այսօր մեր համալսարանի անձնակազմը քաջ ծանօթ է իր վաստակին եւ մեր ակադեմականներէն Տույկու Կիւվենէր աւարտաճառը պատրաստած է նիւթ ունենալով Կոմիտաս Վարդապետը» յաւելելէ ետք Կիւնայ բեմ հրաւիրեց «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանը։
Էսդուգեան իր ելոյթով անդրադարձաւ օրուայ իմաստին ու ողջունեց միջոցառման կազմակերպիչները եւ մասնակիցները։ Ան իր ելոյթին սկսաւ Կոմիտաս Վարդապետի ինքնակենսագրութեան առաջին տողերը հայերէն արտասանելով։ Ապա շեշտեց քաղաքի մը իր կորուսեալ որդւոյն հետ տարիներ վերջ վերստին հանդիպելու իմաստը։ «Այդ կորուսեալ տարիներուն որդին դարձաւ համաշխարհային անուն, որմէ անբաժան մնաց իր հարազատ բնօրրանը։ Այսօր նման մէկտեղումով Կոմիտաս իր ծննդեան թուականէն 155 տարի ետք վերադարձած է եւ այս երեւոյթը ողջունելու արժանի է» ըսաւ Էսդուգեան։
Երաժշտական բաժնի մէջ Մուրատ Իչլինալչա եւ Տույկու Կիւվենէր ստանձնեցին Կոմիտասեան կատարումներ։ Իրենց ընկերացան նէյով Միասէ Էօրիւմլիւ, ռեպապով Իսմեթ Գարատենիզ, քնարով Մեսուտէ Էլիֆ Կիւնկէօր Սարըքայա, ուտով Ալիշան Պուտաք, կիթառով Ճանէր Պեքթաշ, հարուածային գործիքներով Մուսթաֆա Կէօչէր եւ սազով Ճենք Կիւրայ։
Անոնք կատարեցին կոմիտասեան ծանօթ երգերէ բաղկացող օրինակներ, որու աւարտին հասան հանրածանօթ «Ալ այլուղս» երգով։ Երաժշտական բաժնի վերջաւորութեան դասախօս Կիւրայ մի առ մի ծանօթացուց նուագածուները, շեշտելով թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Անգարայի երաժշտանոցին մէջ իրենց տոքթորական աւարտաճառերը յանձնելու պատրաստուող մասնագէտներ են նաեւ։
Միջոցառման աւարտին հանդիսատեսներ շրջապատեցին բոլոր մասնակիցները եւ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեցին իրենց քաղաքին մէջ թէեւ ուշացած, բայց այս միջոցառումով տեղի ունեցած երախտիքի հանդէսին համար։
Քիւթահիայի քաղաքապետարանը երեկոյեան ընթրիքով մը հիւրասիրեց բոլոր մասնակիցները։
Այս հանգրուանին կազմակերպիչները կը յայտնէին թէ մասնակիցներու թիւի առումով աննախադէպ բազմութիւն մը հետեւած է միջոցառման։ «Նոյնիսկ փակէ դուրս, փողոցի վրայ հաւաքուած ժողովուրդը ի դէմ ցուրտ եղանակին համբերութեամբ հետեւեցան ծրագրին» կը վկայէին կազմակերպիչները։
Այստեղ Քիթահիայի կուսակալութեան մշակոյթի բաժնի տնօրէն՝ Զէքերիա Իւնալ ելոյթ ունենալով եւս շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից արուեստագէտներուն եւ յոյս յայտնեց թէ Կոմիտասի յիշատակումը աւանդութեան մը կը վերածուի իր ծննդավայր քաղաքին մէջ։
Հիւրերը առիթը ունեցան երեկոյեան քանի մը ժամերուն քաղաքի մէջ շրջելու, այդ միջոցին Կոմիտաս Վարդապետի ծնած տունը տեսնելու։
Քիւթահիա հին քաղաքի մնացորդացով բաւականին հարուստ վայր մըն է։ Մէկ մասը խնամքով եւ բնականին հաւատարիմ մնալով վերանորոգուած, մէկ մասը տարիներու աւերով վնասուած, բայց կանգուն մնացած մեծ թիւով բնակելի շնքեր ունեցող քաղաք մը։ Ափսոս որ նոյնը ըսել կարելի չէ աղօթատեղիներու համար։ Քաղաքի երբեմնի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Թորոս եկեղեցիներու հետքը իսկ չէ մնացած։
Միւս կողմէ բարձունքի մը վրայ բազմած յունական եկեղեցին իր պատերով կանգուն է, բայց ներքեւը բոլորովին աւերակ։ Կանգուն է նաեւ այս եկեղեցւոյ գեղակերտ զանգակատունը։ Այս շրջագայութեան պահուն խումբին կ՚ընկերակցէր «Ճումհուրիյեթ» թերթի Քիւթահիայի ներկայացուցիչ Ալի Քեհրիպար։ Ան նախապէս ալ իբրեւ ուղեցոյց ընկերակցած էր մեր բարեկամներ Անթուան Ակուճեան, Քենան Եէնիճէ եւ Զաքարիա Միլտանօղլուի, իրենց դէպի այս քաղաք այցելութեան ընթացքին։ Քեհրիպար ցաւով կը նշէ թէ այդ այցելութիւններուն յաջորդող տարիներուն եւս շարունակուած է պատմամշակութային արժէք ներկայացնող բազմաթիւ նմոյշներու ոչնչացումը։ «Բարեբախտաբար այդ բոլորը լուսանկարներու մէջ կը պահեն իրենց պատմական վկայութիւնը» կ՚ըսէ Ալի Քեհրիպար։
Հիւր արուեստագէտներէն շատեր նոյն գիշեր վերադարձան Իսթանպուլ եւ Անգարայ։