Հայոց Հայրապետական Աթոռի Հաստատումը Ս. Էջմիածինի Մէջ 1441թ.

Կիլիկիոյ մէջ հիմնուած Հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք 1375թ., եւ անոր յաջորդող տասնեակ տարիներուն, բազմահազար հայութեան հեռացումը Կիլիկիայէն՝ աւելի տկարացուցին եւ Հայ ժողովուրդի մեծամասնութենէն մէկուսացուցին Կիլիկիոյ մէջ հաստատուած Մայր Աթոռը։ Միւս կողմէն Հայաստանը զուրկ էր ղեկավարող կեդրոնէ, ոչ թագաւորութիւն կար, ոչ ալ կաթողիկոսական աթոռ. միակ աթոռը Աղթամարինն էր, որ Ս. Էջմիածինէն բաւական հեռու էր, եւ համահայկական չէր։ Հայկական պետականութեան բացակայութեան հետեւանքով, հայ ժողովուրդը իրար միացնելու միակ հաստատութիւնը կը ներկայանար հայ եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը։ Վերջինս, գտնուելով Հայաստանէն դուրս, եւ պետականութեան բացակայութեան պատճառով կը գտնուէր վտանգուած վիճակի մէջ։ Պատմութիւնը մեզ կը յուշէ, թէ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ետք, 1066թ. Մայր Աթոռը Հայաստանէն տեղափոխուեցաւ հեռաւոր Կիլիկիա, հիմնականօրէն գտնուելու հայկական իշխանութեան պաշտպանութեան ներքոյ։ Այժմ 15-րդ դարուն, պատկերը փոխուած էր՝ հակառակ ուղղութեամբ. Կիլիկիոյ մէջ Մայր Աթոռը վտանգուած էր մահմետական ուժերէն, եւ ենթակայ էր Հռոմի պապի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ճնշումին։ Միւս կողմէն թուրքմէն Գարա-գոյունլուներու իշխանութիւնը, որուն իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէր Հայաստանի մեծագոյն մասը, իր Ջահանշահ թագաւորին օրով՝ կը քաջալերէր այդ քայլը, յաւելեալ սիրաշահելու հայութիւնը։ 10 Դէպքերը զարգացան եւ 1441թ., Ազգային-հոգեւորական ընդհանուր ժողով մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ապա փոխադրուեցաւ Ս. Էջմիածին։ Պատմիչ Թովմա Մեծոփեցին, ներկայ եղած է այդ ժողովներուն, եւ ատոր պատմականը գրած է իր «Յիշատակարանը» երկին մէջ, որ կը վերաբերի Հայոց Մայր Աթոռը Կիլիկիոյ մայրաքաղաք՝ Սիսէն Վաղարշապատ տեղափոխելուն։ Ըստ անոր, պատուիրակներու թիւը 300-էն աւելի էր, որոնց մէջ կային նաեւ աշխարհիկ դէմքեր։ Ժողովականները որոշեցին չճանչնալ Սիսի կաթողիկոսը, որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, եւ նոր կաթողիկոս ընտրեցին Կիրակոս Վիրապեցին, «Նոր Պատմութեան նախօրեակին հայ եկեղեցական կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցաւ մի շարժում, որ ունէր ազգային խոշոր նշանակութիւն»։ Պատմական այս զարգացումին նպատակներէն մէկն էր, Հայ ժողովուրդը հեռու պահել Արեւմտեան երկիրներու եւ Հռոմի պապական ոտնձգութիւններէն, նաեւ Հայաստանը տիրացած Արեւելեան մահմետական իշխանութիւններուն հաստատել, թէ հայ ժողովուրդը կ’ուզէ պահպանել իր ինքնութիւնը առանց օտարներու եւ կամ քրիստոնէական պետութիւններու միջամտութեան։ Ու վերջապէս գրեթէ չորս դար ետք (1066-1441), Կաթողիկոսական Մայր Աթոռը վերահաստատուեցաւ հայոց նուիրական հողին վրայ՝ Արարատեան դաշտին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ