Գերպ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարած է Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր-Առաջնորդի իր պաշտօնէն։ Գերապայծառ Զէքիեան իր հրաժարումը կը բացատրէ յառաջացած տարիքով եւ առհասարակ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տիրող համակարգով, որ ծառայութեան համար կը սահմանէ 75 ամեակը։ Ան կը յաւելէ թէ պաշտօնավարութեան ընթացքին շարունակած է իր իսկ հիմնած Վենետիկեան հայագիտական խտացեալ ամառնային դասընթացքները։ «Այդ առումով տարուայ երեք ամիսները կ՚անցնէի Վենետիկ, իսկ ինը ամիսները Պոլսոյ մէջ։ Այս դրութիւնով պիտի շրջի համեմատութիւնը եւ ինը ամիսներ պիտի անցնեմ Վենետիկ եւ երեք ամիսներ Պոլիս» կ՚ըսէ Զէքիեան սրբազան։
Ան նաեւ կը նշէ Վենետիկի իր գրադարանը, որ այս որոշումին դրդապատճառներէն մէկը հանդիսացած է։ «Եթէ կարելի ըլլար այդ բազմահազար գիրքերէ բաղկացող գրադարանը Իսթանպուլ տեղափոխել, դարձեալ աւելի երկար ժամանակով կրնայի Պոլիս մնալ։ Բայց քանի որ այդ մէկը համարեա անկալի է, պիտի համակերպիմ պայմաններու թելադրանքին։ Քանզի տակաւին կիսաւարտ գործեր ունիմ, որոնք կը կարօտին աշխատանքի եւ այդ աշխատանքը անկարելի է գրադարանէ զուրկ մնալով իրականացնել»։ Այս բացատրութենէ ետք սրբազանը նշեց թէ իրեն յաջորդող անունին համար պիտի սպասուի Պապական հրահանգը։