Անցեալ շաբաթ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մէջ տեսանք Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի մանկապարտէզի աշակերտութեան տրամադրած երկու օժանդակ դասագիրքերը։ Այս առթիւ «Լիալուսինին Թուաբանութեան Երազը» դասագիրքի մասին մտերիմ զրոյց մը ունեցանք՝ Սէրտա Կիւնտիւզ, Մարալ Էպէօղլու Սաթար եւ Առլին Արզուման Ագսուի հետ։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Գիրքի առթիւ կը շնորհաւորեմ ձեզ։ Արդեօք «Լիալուսինի Թուաբանութեան Երազը» ձեր առաջի՞ն գիրքն է եւ քանի՞ ուսուցիչ աշխատեցաք։
Սէրտա Կիւնտիւզ- Շնորհակալութիւն։ «Լիալուսինին Թուաբանութեան Երազը» մեր առաջին դասագիրքն է, սակայն կ՛ուզենք շարունակել այս շարքին։ Մենք այս գիրքը պատրաստեցինք երկու հոգիով, սակայն իրականութեան մէջ մեր աշխատակազմը հինգ հոգիներէ կը բաղկանայ, բացի մենք հեղինակներէ, ունինք խմբագիր մը, նկարազարդող մը նաեւ հէքիաթի ձեւաւորիչ մը։ Մեզմէ երեք հոգի ներկայիս ուսուցիչներ ենք։
80-ական թուականներուն մենք միայն մէկ թուաբանական գիրքով առաջին դասարանը կ՚աւարտէինք։ Ան գիրքը հայերէն էր եւ սակաւաթիւ օրինակներ կը պարունակէր իր մէջ։ Ինչպէս նկատեցի՝ այսօր ձեր գիրքը մանուկի մը համար ամենէն դիւրին ձեւով թուաբանութիւնը սորվեցնելու առիթ կ՚ընծայէ։ Պատրաստութիւնները ինչպէ՞ս կատարեցիք։
Մարալ Էպէօղլու Սաթար - Այս գիրքը մանկապարտէզի աշակերտութեան համար պատրաստուած թուաբանութեան գիրք մըն է։ Մեր առօրեայ ապրումներէն յղացանք այս գաղափարը։ Տեսանք հիմնական պակասներ տղոց ամենօրեայ դասերուն ընթացքին եւ ուզեցինք մանկապարտէզէն սկսեալ ոչ միայն հայերէնի դասերուն այլ միւս մարզերուն մէջ ալ դնել հայախօսութեան հունտերը։ Պատրաստութիւններու ընթացքին օգտուեցանք գիրքի հեղինակ եւ 15 տարուան փորձառու ուղեցոյց ուսուցիչ Սէրտա Կիւնտիւզի մասնագիտութենէն։
Առլին Արզուման Ագսու - Հարկաւ որ ես ալ նոյնպէս 15 տարուան թուաբանութեան ուսուցչուհի մըն եմ։ Ունիմ զաւակ մը որուն հետ աշխատելու ընթացքին տեսայ պակասը մայրենիով վարժութիւններու։ Զանազան աղբիւրներէ օգտուելով կատարեցինք մեր պրպտումները եւ կեդրոնացանք որ գիրքը ըլլայ հետաքրքրաշարժ, գունաւոր եւ շարժուն դէպքերով լեցուն։ Անշուշտ այս գործին մէջ մեզի միշտ օգնեց եւ աջակցութիւնը բերաւ վաստակաւոր հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու Սաթար։ Ան մեր գրածները թարգմանեց եւ թէ խմբագրութիւնը կատարեց բոլոր գիրքին։
Ինչպէս կը նկատենք սա փոքրիկ երախաներուն համար կազմուած գիրք մըն է։ Առաջին եւ երկրորդ դասարաններու համար ալ պատրաստութիւն մը ունի՞ք։
Սէրտա Կիւնտիւզ - Այս գիրքը ոչ միայն դասագիրք մըն է, այլ հէքիաթի գիրք մը, զոր առիթ կ՚ընծայէ որ երախաները ծանօթանան թուանշաններով, գրեն, համրեն եւ քոտաւորման կարողութիւնները զարգացնեն։
Անշուշտ շարունակելու նպատակ ունինք, սակայն նիւթականի կարօտող այս գործը մենք որքան ալ սիրայօժար կատարենք պէտք է որոշ օժանդակութիւն մը։ Այս առթիւ կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկին, քանի որ ապահովեցին տպագրութեան եւ նկարազարդումի բոլոր ծախքը։ Շնորհիւ անոնց, այսօր հայ մանուկներուն կը նուիրենք այս գիրքը մեծ խանդավառութեամբ։ Ուրախ ենք որ մեզի այս առիթը ստեղծուեցաւ եւ մենք կարելիութիւնը ունեցանք մեզի համար երազ թուացող այս աշխատութիւնը իրականացնել։
Նկարազարդ այս գիրքին նկարումները որքա՞ն տեւեց։ Այս նկարներու յօրինումը կրնա՞ք պատմել։
Առլին Արզուման Ագսու - Նկարները բոլորովին մեր ցուցմունքներով եւ նկարազարդողին երեւակայութեամբ պատրաստուած են։ Այսինքն բաւական ժամանակի կը կարօտին։ Պատմութեան եւ ամէն մէկ էջին համար մէկ մէկ աշխատած ենք միասնաբար։ Գաղափարի փոխանակումներով որոշած ենք ամենայարմարը։ Գիրքին նկարազարդումները կատարուած են մօտաւորապէս չորս ամսուան ընթացքին։
Սէրտա Կիւնտիւզ - Անշուշտ Անէթ Սանտրա Աչըքկէօզ որ բծախնդիր աշխատեցաւ, այս մասին նախափորձեր ալ ըրած էինք միասնաբար։ Թարա Տէմիրճիօղլուին զարգացուցած եւ ձեւաւորած հէքիաթին համար ալ լաւ նկարներու պէտք ունէինք։ Շնորհիւ մեր միասնականութեան եւ արհեստավարժ մօտեցումին, ժամանակ տրամադրեցինք մեր առօրեայէն որպէսզի կարենանք ներկայացնել մեր գաղափարները ամենալաւ կերպով։ Այս առիթով էջադրող Ֆուրքան Ալթընգայնագն ալ մեր այս գեղեցիկ գիրքի տպագրութեան համար ջանք թափողներէն եղաւ։
Այս գիրքը ունի նաեւ ձայնագրուած բաժին մըն ալ։ Ինչե՞ր կ՛ուզէք ըսել այս մասին։
Առլին Արզուման Ագսու – Այո՛, այս մէկն ալ մեզի համար նորութիւն եղաւ։ Գիրքին ձեռային աշխատութիւններուն առընթեր ունինք հէքիաթի բաժին մըն ալ, որ ձայնագրուած է բոլորիս ծանօթ անուններ՝ Եղիա Ագկիւն, Թարա Տէմիրճիօղլու եւ Սայաթ Տաղլըեանի կողմէ։ Ունինք «QR» գաղտնագիր մը, ունկնդրելու համար։ Երբ ձեռային աշխատութիւնները կատարուին եւ էջերը փրցուին մանուկներուն ձեռքը պիտի մնայ հէքիաթի գիրքն ու ձայնագրութիւնը։ Ուրեմն քանի մը անգամներ մտիկ ընելու առիթ կը ստեղծէ այս մէկը։
Դուք թուաբանութեա՞ն ուսուցիչներ էք։ Թուաբանութիւնը դասարանին մէջ մանուկներուն աւելի սիրուն դարձնելու համար ինչե՞ր կ՚ընէք եւ կ՚առաջարկէք։
Մարալ Էպէօլու Սաթար - Այս գիրքը թէ մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ թէ ծնողներուն համար ուղեցոյց մըն է։ Մենք մանկապարտէզի ուսուցիչներ չենք, սակայն կը սիրենք յուսալ թէ շնորհիւ «Լիալուսինին Թուաբանութեան Երազը» գիրքին, պիտի քաջալերուի մանկանց սորվելու եւ հասկնալու փափաքը ու ճամբորդութեան ընթացքին ալ պիտի շահագրգռուին եւ շահեկան ժամանակ պիտի անցնեն անոնք։
Շնորհաւոր ըլլայ բոլորին։