Կառավարումն

«Մեզ պակասում է այն մարդը,

որ կը կարողանար

մեզ ստիպել անել այն,

ինչին մենք ընդունակ ենք»։

Էմերսոն

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Մարդկա­­յին եւ կեն­­դա­­­նական աշ­­խարհին յա­­տուկ է հա­­մատե­­ղուիլ՝ կազ­­մե­­­լով խումբեր եւ ոհ­­մակներ՝ «նման զնմանն իւր գտա­­նէ», որ աւե­­լի դիւ­­րին դարձնէ պաշտպա­­նու­­թիւնը եւ որ­­սը։ Փոքր խումբե­­րը միանա­­լով կը դառ­­նան հա­­մայնք, իսկ վեր­­ջիննե­­րը ըստ պա­­հան­­ջի իրենց հեր­­թին՝ գիւղ եւ քա­­ղաք, ի վեր­­ջոյ՝ պե­­տու­­թիւն։

Մենք եւս ան­­ցած ենք այդ փու­­լե­­­րով եւ հա­­զարա­­մեակ­­նե­­­րու ըն­­թացքին ու­­նե­­­ցած ենք տար­­բեր թա­­գաւո­­րու­­թիւններ, որոնցմէ ար­­ժա­­­նի են յի­­շուե­­լու.

ա) Վա­­նի թա­­գաւո­­րու­­թիւն (9-7-րդ դար հին տո­­մարով), որ յայտնի է նաեւ Ու­­րարտու կամ Նա­­յիրի անու­­նով։

բ) Երո­­ւան­­դունեաց թա­­գաւո­­րու­­թիւն (7-2-րդ դար հին տո­­մարով) մայ­­րա­­­քաղա­­քը Տուշպա- Վան։

գ ) Ար­­տա­­­շէսեան թա­­գաւո­­րու­­թիւն, որ տի­­րած է հին եւ նոր տո­­մար­­նե­­­րու սահ­­մա­­­նին։ Ան կ՚ընդգրկէր Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հը Ար­­տա­­­շատ մայ­­րա­­­քաղա­­քով եւ սահ­­մա­­­նակից էր Կաս­­պից ծո­­վին։

դ) Ար­­շա­­­կու­­նեաց թա­­գաւո­­րու­­թիւն (62-428 թո­­ւական­­ներ) , որ կ՚ընդգրկէր ար­­տա­­­շէսեան­­նե­­­րու նոյն տա­­րած­­քը նե­­րառեալ Արա­­րատը։ Մայ­­րա­­­քաղաք­­նե­­­րը եղած են Ար­­տա­­­շատ, Դվին եւ Վա­­ղար­­շա­­­պատ։

Այս թա­­գաւո­­րու­­թիւննե­­րը որ կը մրցէին Հռո­­մի, Ասո­­րես­­տա­­­նի մա­­րերու ու պար­­սիկնե­­րու դէմ, ան­­զօր էին զսպել, դի­­մակա­­յել եղ­­բայրաս­­պան ներ­­քին բա­­խումնե­­րը, որ շա­­րու­­նա­­­կուէին դա­­րերու ըն­­թացքին։ Աներկբայ է, թէ որե­­ւէ երկրի գլխուն կանգնած ան­­ձի գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան եւ ան­­հա­­­տական յատ­­կութիւննե­­րու հետ կա­­պուած է երկրի ներ­­կան թէ ապա­­գան, անոր առա­­ջըն­­թա­­­ցը, բա­­րեկար­­գումն ու կոր­­ծա­­­նու­­մը։

Բա­­զում են օրի­­նակ­­նե­­­րը, եւ ընդհա­­նուր կար­­ծիք կայ, թէ Ասո­­րես­­տա­­­նի ան­­կումի պատ­­ճա­­­ռը կա­­պուած է անոր ղե­­կավար­­նե­­­րու սխալ քայ­­լե­­­րու եւ գոր­­ծունէու­­թեան հետ։ Թե­­րեւս կան նաեւ այլ յա­­ւելեալ պատ­­ճառներ, որոնք ան­­հա­­­սանե­­լի են։

Ար­­դի պայ­­մաննե­­րով աշ­­խարհի մօտ եր­­կու հա­­րիւ­­րէն աւե­­լի երկրնե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու ոլոր­­տին սկզբունքա­­յին շատ բան չի փո­­խուած։ Երկրնե­­րը միշտ կը մնան իրար նկատ­­մամբ գրե­­թէ հա­­կադիր վի­­ճակով։ Սա­­կաւ են ար­­դար բա­­րեկա­­մու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րը։ Չմոռ­­նանք, որ կար ժա­­մանակ, երբ Մեծն Բրի­­տանիոյ տա­­րած­­քին արե­­ւը եր­­բեք մայր չէր մտներ։ Եթէ 1945-ի պա­­տերազ­­մի աւար­­տին բո­­լորէն բարձր վար­­կա­­­նիշ ու­­նե­­­ցող եր­­կիրն էր ԱՄՆ իր քա­­ղաքա­­կան, տնտե­­սական, ռազ­­մա­­­կան, գի­­տական եւ աշ­­խարհա­­կալ ըլ­­լա­­­լու առու­­մով, ապա նոյ­­նը չէ պատ­­կե­­­րը այ­­սօր եւ հա­­ւասա­­րակշռու­­թեան նժար­­նե­­­րը արեւ­­մուտքէն ան­­ցած են դէ­­պի արե­­ւելք։ Գաղտնիք չէ եւ հրաշք եւս չէ, որ նախ­­կին ծայ­­րա­­­յեղ աղ­­քատ երկրներ՝ Չի­­նաս­­տան, Սին­­կա­­­փուր, Քո­­րէա եւ այլ մեծ ու փոքր, դար­­ձած են առաջ­­նա­­­կարգ, ոչ թէ նաւ­­թի առ­­կա­­­յու­­թիւնով, այլ իրենց ղե­­կավար­­նե­­­րու ճիշդ եւ խե­­լամիտ վար­­քով, որոնք ձեռնպահ եղած են պե­­տական գան­­ձա­­­րանի թա­­լանէն եւ յար­­մա­­­րուած են ժա­­մանա­­կի պա­­հան­­ջին՝ նե­­ցուկ ու­­նե­­­նալով իրենց սե­­փական նե­­րու­­ժը։

Նշենք Քո­­լումպիայի եւ Վե­­նեսո­­ւելա­­յի պա­­րագան Հա­­րաւա­­յին Ամե­­րիկա­­յի մէջ, որ նաւ­­թի պա­­շար­­ներ ու­­նին, թէ­­պետ սահ­­մա­­­նափակ, բայց աղ­­քա­­­տու­­թիւն կը տի­­րէ այդ երկրնե­­րուն եւ բնակ­­չութեան մէկ մա­­սը ար­­տա­­­գաղ­­թի ճամ­­բան բռնած է։ Հա­­րիւ­­րա­­­ւոր մղոն քայ­­լե­­­լով կը փոր­­ձեն անցնիլ ԱՄՆ սահ­­մա­­­նը իրենց երա­­զած եր­­կի­­­րը ապ­­րե­­­լու։ Այդ կա­­մաւոր աք­­սո­­­րի միակ պատ­­ճա­­­ռը երկրի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու վե­­րին աս­­տի­­­ճանի կա­­շառա­­կերու­­թիւնն է եւ պե­­տական եկա­­մուտնե­­րու թա­­լանը, որ յար եւ նման է մեր երկրին տի­­րող վի­­ճակին նախ­­կիննե­­րու ժա­­մանակ, որ աւե­­լորդ չեմ հա­­մարեր կրկին յի­­շեց­­նել, քան­­զի յան­­ցա­­­գործնե­­րը դեռ իրենց ար­­ժա­­­նի պա­­տիժը չեն կրած եւ յոյս ու­­նիմ, որ այդ սխա­­լը կ’ուղղո­­ւի։

Ի դէպ ար­­դի աշ­­խարհա­­քաղա­­քական քաոսի պայ­­մա­­­նին, սա­­կաւ են երկրնե­­րը, որոնց ղե­­կավար մար­­միննե­­րը կը կա­­րողա­­նան գոր­­ծել առանց դուրսէն եկած մի­­ջամ­­տութեան։ Դի­­տենք միայն, թէ ի՚նչ կը կա­­տարո­­ւի Ուկրաինա, ուր ան­­յայտ է, թէ որո՞ւ շա­­հերու հա­­մար են մի­­լիարդնե­­րու ծախ­­սե­­­րը, ան­­մեղ զո­­հերը եւ անի­­մաստ աւե­­րումնե­­րը։ Հա­­ւանա­­բար, բարձր դա­­սակար­­գի ղե­­կավար­­նե­­­րու հո­­գեկան եւ մտքի հի­­ւան­­դա­­­գին վի­­ճակի հետ կա­­պուած է այդ։ 

Դառ­­նա­­­լով մեր աւե­­տեաց երկրին, ար­­դէն հին­­գե­­­րորդ տա­­րին է, որ նախ­­կիննե­­րը ընդդի­­մադիր պի­­տակի ներ­­քեւ կը փոր­­ձեն իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թիւն իրա­­գոր­­ծել՝ ամէն ան­­գամ քա­­ղաքա­­կան խրտուիլակ մը բեմ հա­­նելով, անուններ չտանք, որոնցմէ վեր­­ջի­­­նը կը ներ­­կա­­­յանայ կղե­­րակա­­նի անու­­նով եւ հա­­գուստով, առանց ակնթարթ մը մտա­­ծելու, որ նախ­­կիննե­­րու հո­­վանիի ներ­­քեւ գոր­­ծե­­­լով, եր­­բեք չի կա­­րողա­­նար հա­­սարա­­կու­­թեանը հա­­մոզել փո­­ղոց ել­­նել՝ հին մա­­շած տաշ­­տա­­­կի առ­­ջեւ կանգնե­­լու հա­­մար։ Ան նաեւ դեռ չէ հասկցած, եւ կը հասկնա՞յ ար­­դեօք, եթէ իմա­­ցակա­­նու­­թիւնը բա­­ւարար ըլ­­լայ, որ իրեն վստա­­հած են, կամ ակա­­մայ ինքն է ընտրել տխմար խա­­մաճի­­կի դեր։ Առանց որե­­ւէ ծրա­­գիր կամ ըսե­­լիք ու­­նե­­­նալու, ան գա­­ղափա­­րապէս մերկ է ու բո­­բիկ՝ հիմ­­նո­­­ւելով լսած կամ չլսած տա­­րածո­­ւող սուտ ու կեղծ փաս­­տե­­­րու վրայ։ Որ­­քան ըն­­դունե­­լի կ՚ըլ­­լար, եթէ ան քա­­ջու­­թիւն եւ իմաս­­տութիւն ու­­նե­­­նար իր բո­­ղոքի քայ­­լե­­­րը ամ­­բողջաց­­նէր իր վե­­րադա­­սի հրա­­ժարա­­կանի պա­­հան­­ջով, որ թէ՛ տե­­ղին է եւ թէ՛ անհրա­­ժեշտ։

Իրաւ է, որ իմաս­­տուն, բա­­նիմաց, ար­­դա­­­րամիտ ղե­­կավա­­րը ամե­­նազօ­­րի պար­­գեւն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ