ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Մարդկային մտքի կարեւոր թերացումներէն մէկը մոռացութիւնն է։ Կատարեալ փորձանք մըն է ան, որուն բերմամբ կը շփոթինք պատահարներու կապակցութիւնը ընկալելու։ Վերջերս լրատու կայաններ հաղորդեցին թէ եգիպտացորենի ներածման համար պահանջուած մաքսային հարկերը նուազեցուած են 30 տոկոսէն 5 տոկոսի զեղչուելով։ Էսքիշեհիրի հողագործներ կը բողոքէին այս որոշումին դէմ՝ պնդելով թէ սնանկութեան դատապարտուած են, քանի որ կարող չեն այս զեղջով ներմուծուած բերքին դէմ մրցակցելու։
Ուղիղ 45 տարիներ առաջ Թուրքիոյ տնտեսութեան նոր ուղի մը տալու նախաձեռնութեան բնական հետեւանքները կը տեսնենք այսօր։ 1980 թուի 9 Յունուարին, Պետական Փլանաւորման Կազմակերպութիւնը ներկայացուց նոր ծրագիր մը։ Առաջարկուած ծրագիրը ի հիմանէ կը փոխէր երկրի զարգացման հեռանկարը։ Մինչ այդ երկրի տնտեսական զարգացումը առնջուած էր ճարտարագիտական յառաջդիմութեամբ։
Այս անգամ ի պատուի էր դրամի շրջանառութիւնը, ծառայութեան ոլորտի զարգացումը եւ ապրանքներու ազատ ներածումը։ Առաջարկուած այս կանոնը կը սահմանափակէր նաեւ աշխատավարձքը եւ բանուոր դասակարգի մինչ այդ արձանագրած ձեռքբերումները։
Մամուլի էջերէն բազում քննադատութիւններ հնչեցին այս առաջարկներու դէմ։ Սիւնակագիրներ կը պնդէին թէ նման ծրագիրը կարելի չէ Թուրքիոյ նման ժողովրդավարական սկզբունքներով գործող պետութեան մը մէջ իրականացնել։ Այս ըսելու պահուն անոնք կը յուշէին Պրազիլը, ուր կը տիրէր զինուորական բռնապետութիւն։ «Միայն այդ տեսակ երկիրի մը մէջ կարելի է այս ծրագիրը գործադրել» կ՚ըսէին վերլուծաբանները։
Այս մտորումներու մէջ յանկարծակիօրէն ծանօթացանք 12 Սեպտեմբեր 1980 թուականի զինուորական յեղափոխութեան հետ։ Հիմա այլեւս արգելք չէր մնացած եւ նոր դրութիւնը դիւրաւ կեանքի պիտի կոչուէր։ Տարիներու հոլովոյթով վրայ հասաւ համաշխարհայնացում կոչուած սարսափելի խնդիրը, որ ամբողջ աշխարհին կը ներկայացուէր որպէս զարգացման նոր հնարք։ Միւս կողմէ արդէն վաղուց փուլ եկած էր Խորհրդային Միութիւնը եւ Համաշխարհային ֆինանսը բոլորովին սանձարձակ կերպով տիրացաւ աշխարհի նոր համակարգ ըլլալով ներկայացուած այժմու դրութեան։ Մարդիկ տակաւին չէին գիտակցած թէ ինչպիսի չարագործութեան մը հետ դէմհանդիման կը գտնուին։ Տարիներու հոլովոյթով ամբողջ աշխարհի վրայ աշխատող դասակարգը օրըստօրէ սնանկացաւ եւ մինչեւ այսօր ալ դժուար է կարծել թէ կը գիտակցին գլխուն եկած աղէտի պատճառները ընկալելու։ Համաշխարհային խաբկանք մըն է այս, որուն հեղինակը այսօրուայ իշխանութիւնը չէ։ Ան միայն գործադիր տնօրէնն է համաշխարհային մասշտաբով կեղեքման այս ծրագրին։ Զարգացած երկիրներ եւս անկարող են համաշխարհային ֆինանսի ձեւաւորած այս կողոպուտին դիմաց։ Ճիշդ է, որ արեւմտեան երկիրներու մէջ մերթ ընդ մերթ կը բարձրանան տիրող անարդարութեան դէմ բողոք յայտնող ձայներ, բայց նոյնն է անոնք եւս դասալիք եղած են այս մեծ պարտութեան դիմաց։ Այս ալ ունի իր հրամայականները։ Ինչպէ՞ս եղաւ որ ձեռքբերումները պաշտպանելու խնդրին մէջ կարեւոր աւանդութիւն մը ունեցող Եւրոպայի աշխատունակ տարրը լռութեան մատնուեցաւ եւ զրկուեցաւ իր իրաւունքները պաշտպանելու կարողութենէն։ Այս ալ ունի իր արժանի բացատրութիւնը, որ տեղ գտած է մեզմէ իւրաքանչիւրի գրպաններուն մէջ։ Այդ անմեղ երեւոյթով փորձանքի անունն է «քրետի քարտ» կոչուածը, որ բոլորիս կ՚ապահովէ գրպանի պարունակէն աւելին ծախսելու ահռելի հանգստութիւնը։ Այսօր մարդիկ առարկութեան ամէն փորձին իրենց մորթին վրայ կը զգան գործազուրկ մնալու սպառնալիքը։ Այդ սպառնալիքը ահաւասիկ կարելի եղաւ այդ անմեղ թուացող քարտերու միջոցաւ։
Նոյնիսկ այսօր գործող կառավարութիւնը յաւելեալ հարկեր պահանջելու համար չափանիշ կը համարէ այդ քարտերու գնման կարողութիւնը։ Այժմ մարդիկ կը փութան դրամատուներ, պահանջելով որ զեղչուի իրենց քարտի համար սահմանուած կարողութիւնը, որպէսզի ձերբազատուին յաւելեալ հարկեր մուծելու պարտադրանքէն։ Պատահական չէ որ Նոպելեան մրցանակի սահմանուած գիտութեան դաշտերէն մէկն ալ տնտեսագիտութիւնն է։ Այդ գիտութիւնը ափսոս որ ներկայիս կը գործէ համաշխարհային ֆինանսի նպաստող նորանոր միջոցներ յայտնաբերելու համար։ Վերջապէս գիտութեան այդ ճիւղն է, որ պիտի գոյացնէ այս անելէն դուրս գալու եղանակը, սակայն գիտենք նաեւ թէ գիտութիւնը եթէ իր կողքին չունի ռազմական կարողութիւն ինքնին ոչինչ կը նշանակէ։
Եւ վերջապէս պարտինք յիշել որ համակարգը այս նոր դրութիւնը կեանքի կոչեց զէնքի բռնութեամբ։