8Հոկտեմբեր թուականը ամբողջ աշխարհի վրայ նշուեցաւ իբրեւ Պաղէստինի դէմ Իսրայէլեան ցեղասպանութեան առաջին տարելիցը ըլլալով։ Ուղիղ տարի մը առաջ Իսրայէլի բանակը սկսած էր ռմբակոծել Կազզայի շրջանը, որու հետեւանքով անցնող մէկ տարուայ ընթացքին զոհուեցան աւելի քան 42 հազար խաղաղ բնակիչներ։ Բացի այս ստոյգ հաշուարկէն, տեղական աղբիւրներ կը վկայեն թէ փլատակներու տակ կան տակաւին բիւրաւոր անշունչ մարմիններ, որոնք չեն արժանացած պաշտօնական գրառումի։ Զգալի է ուժերու անհաւասարութիւնը եւ պետութիւն մը իր բոլոր ռազմական ուժով կը հարուածէ խաղաղ ժողովուրդին։ Իսրայէլեան ընկալումը պարզէ է։ Անոնց դիտանկիւնէն իւրաքանչիւր պաղէստինցի ահաբեկիչ է եւ սպառնալիք հրեայ ցեղի գոյութեան դէմ։ Ահաբեկիչ կոչումի անիմաստութեան մասին արդէն գրած էինք մեր նախորդ յօդուածով։ Ուրեմն խնդիրը այս պահուն հրեայ ժողովուրդի իր գոյութիւնը անմարդկային բռնութիւնով մը երախշաւորելու մասին է։ Ինչպէս «Ակօս»ի համար գրի առած յօդուածին մէջ կը նշէ Վիգէն Չըթրեան. «Միջին Արեւելքի մէջ ոչ ոք կը հաւատայ պատմութեան վերջակէտի մը վարկածին։ Ընդ հակառակը ան գծուած, աւերուած ձայնապնակի մը նման ընդմիշտ կը կրկնէ նոյն յանկերգը։ Իսրայէլ այս օրերուս կրկին անգամ կը ռմբակոծէ Լիբանանը։ Սակայն այդ յարձակումները ոչ խաղաղութեան պիտի ծառայեն, եւ ոչ ալ անվտանգութեան երաշխիքը պիտի ըլլան»։
Տրամաբանութեան թելադրած այս միտքերը շատ ու շատ հեռու են համաշխարհային արժեհամակարգի ընկալումներէն։ Ան տակաւին գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի գաղութատիրական ռազմավարութեան, կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ իսրայէլեան չարիքին։
Եթէ հասնի արդարութեան հաշուեյարդարը, նման վայրագութեան ժամանակակից իւրաքանչիւր անձ իր պատասխանատւութեան բաժինը պիտի ունենայ մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքի պատճառաւ։