Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 Հոկտեմբերին, ԱՊՀ վեհաժողովի ծիրին, Քրեմլինի մէջ բանակցութիւններ ունեցան։ Անոնք իբրեւ հիմնական նիւթ քննարկեցին նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։ Նաեւ համաձայնեցան 1 Յունուար 2025-էն սկսեալ, Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ գտնուող հսկիչ անցակէտէն ռուս սահմանապահները հեռացնելու մասին:
Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան յայտարարեց թէ, Փաշինեան Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին մանրամասնութիւնները, անոր փոխանցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» գրքոյկը։ ՀՀ վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է տարածաշրջանային նիւթերուն վերաբերեալ Ռուսիոյ շարք մը պաշտօնատարներու կողմէ օգտագործուող ձեւակերպումներուն եւ բառապաշարին համար։
«Վարչապետ Փաշինեանը դրական կը գնահատէ ՌԴ նախագահի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ Քննարկուած է հարցերու լայն շրջանակ, ձեռք բերուած ուժանիւթի, կրթական, մարդասիրական ոլորտներուն վերաբերող յստակ պայմանաւորուածութիւններ։ Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նաեւ այն մասին, որ 2025 թուականի Յունուարի 1-էն Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեան կը մասնակցին նաեւ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերը։ Պաղտասարեան՝ աւելցնելով. «Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսոյթը դռնփակ եւ դռնբաց ձեւաչափերով նոյնական է»։
Փութին իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը կրնայ հասնիլ մրցանշային մակարդակի։ Ըստ անոր՝ նախորդ տարի ապրանքներու շրջանառութիւնը հասած է 7.4 միլիառ տոլարի, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին անիկա աճած է 2.5 անգամ՝ գերազանցելով 8.3 միլիառ տոլարը։
Փութին անդրադարձաւ մարդասիրական հարցերու գծով եւս համագործակցութեան կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ կողմերը պէտք է հիմնուին կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ որոշ բաց ձգուած կէտերու վրայ։
Փութին նաեւ նշեց, որ Փաշինեանը կը սպասէ Կազանի մէջ 22-էն 24 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք «Պրիքս» վեհաժողովին։
Նոյն օրը աւելի կանուխ Փութին առանձին հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նիւթը, հաւանաբար, քննարկումի նիւթ դարձած է Փութինի, Ալիեւի ու Փաշինեանի բանակցութիւններուն ընթացքին։
«Փութին անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ՝ դէմ առ դէմ, խօսեցաւ առանձին։ Ընդ որում, Ռուսիոյ նախագահը հաւանաբար, իւրաքանչիւրին հետ նստած է կէս ժամ, առ այդ, հաստատ կարծիքներու փոխանակում եղած է։ Արծարծուած է նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի նիւթը», նշեց Փեսքով։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ռուսիա չի միջամտեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններուն։ «Անոնք կը շարունակեն իրենց երկխօսութիւնը այսպէս թէ այնպէս ԱՊՀ-ի շրջանակներուն մէջ։