Քանդակ՝ նուիրուած Օրօրա Մարտիկանեանի եւ ցեղասպանութեան զոհերուն

30Սեպտեմ­բե­րին, Երե­ւան, Կո­միտա­սի թան­գա­րան-ինստի­տու­տի յա­րակից այ­գիի մէջ կա­յացաւ Օրօ­րա Մար­տի­կանեանին եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հատակ­նե­րուն նո­ւիրո­ւած յու­շա­կոթող-քան­դա­կի բաց­ման արա­րողու­թիւնը։ Այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Օրօ­րայի Լու­սա­բացը» վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մի յա­տուկ ցու­ցադրու­թիւնը։

Օրօ­րա Մար­տի­կանեան երի­տասարդ աղ­ջիկ էր, որ անցնե­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սար­սափնե­րու մէ­ջէն, կա­րողա­ցաւ նոր կեանք սկսիլ Ամե­րիկա­յի մէջ։ Ան դար­ձաւ ան­ձայն շար­ժանկա­րի դա­րաշրջա­նի հո­լիվու­դեան աստղ եւ բա­րերար։ Անոր կեան­քի պատ­մութե­նէն խո­րապէս ազ­դո­ւած էին Նու­պար Աֆէ­յեանը, Վար­դան Կրե­կորեանը եւ Ռու­բէն Վար­դա­նեանը։ Այս երե­քը 2015-ին որո­շեցին կեան­քի կո­չել «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ ստեղ­ծո­ւած է՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րողնե­րու անու­նով եւ իբ­րեւ երախ­տա­գիտու­թիւն անոնք փրկող­նե­րու։

Յու­շա­կոթող-քան­դա­կը յար­գանքի տուրք է նաեւ 1915-1923 թո­ւական­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձած 1,5 մի­լիոն սրբա­դասո­ւած նա­հատակ­նե­րու։ Յու­շարձա­նին ի պահ դրո­ւած է Օրօ­րա Մար­տի­կանեանի՝ Լոս Ան­ճե­լէս քա­ղաքի գե­րեզ­մա­նէն վեր­ցուած հող, Տէր Զօ­րի անա­պատի զո­հերու մա­սունքը, որ եկած է Ան­թի­լիասէն։

Երկկող­մա­նի յու­շա­կոթող-քան­դա­կի հե­ղինակն է իտա­լահայ քան­դա­կագործ Վի­գէն Աւե­տիսը։ Ան կ՚ար­տա­ցոլէ Օրօ­րա Մար­տի­կանեանի կեան­քը, անոր ան­ցած ճա­նապար­հը ցե­ղաս­պա­նու­թեան վայ­րա­գու­թիւննե­րու մի­ջով եւ փրկու­թիւնը։ Քան­դա­կի մէկ կող­մին պատ­կե­րուած են կա­նայք, որոնք կը տա­ռապին Տէր Զօ­րի անա­պատի ճա­նապարհնե­րուն, որոնց մէջ է նաեւ երի­տասարդ Օրօ­րան։ Քան­դա­կի ճա­կատին ան կ՚առանձնա­նայ՝ որ­պէս կին, որ յաղ­թեց մա­հը ու իր պատ­մութիւ­նը պատ­մեց աշ­խարհին՝ սե­րունդնե­րու հա­մար դառ­նա­լով խի­զախու­մի եւ վե­րապ­րումի մարմնա­ցում։ Քան­դա­կի եր­կու կող­մե­րը միաձոյլ չեն, անոնց մի­ջեւ հե­ռաւո­րու­թիւնը թոյլ կու տայ, որ լոյ­սի եւ ստո­ւերի մի­ջոցով միահիւ­սո­ւին Օրօ­րայի կեան­քի եր­կու փու­լե­րը։

Բաց­ման արա­րողու­թեան ներ­կայ էին Արեւմտեան Եւ­րո­պայի Հայ­րա­պետա­կան պա­տուի­րակ եւ Վա­թիկա­նի մէջ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի ներ­կա­յացու­ցիչ Տ. Խա­ժակ ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սա­մեանը, «Օրօ­րա»ի հա­մահիմ­նա­դիր Նու­պար Աֆէ­յեանը, UWC Տի­լիճա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի հիմ­նա­դիր գոր­ծընկեր եւ կա­ռավա­րիչ­նե­րու խորհրդի նա­խագահ Վե­րոնիքա Չո­նապեն­տը, «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութեան Խորհրդի ան­դամներ Ան­նա Աֆէ­յեանը, Էրիկ Էս­րա­յիլեանը ու Ար­ման Ջի­լաւեանը, Երե­ւանի քա­ղաքա­պետա­րանի, Կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ սպոր­տի նա­խարա­րու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչներ։

Յու­շա­կոթող-քան­դա­կը բա­ցին Վե­րոնի­քա Չո­նապեն­տը եւ Ան­նա Աֆէ­յեանը։ Մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին ելոյթ ու­նե­ցան «Հա­յաս­տա­նի փոք­րիկ եր­գիչներ» ման­կա­կան երգչա­խումբը՝ Տիգ­րան Հե­քեքեանի ղե­կավա­րութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ