Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութիւններուն մասնակցելու համար 26 Սեպտեմբեր 2024, Հինգշաբթի իրիկուն մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։
Մեր Հոգեւոր Պետին ուղեւորութեան մաս կազմեցին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։
Նորին Ամենապատուութեան մեկնումին առթիւ ժամը 16.00-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ կատարուեցաւ հրաժեշտի արարողութիւն։
Պատրիարք Հայրը նոյն գիշեր թռիչքով Իսթանպուլէն Երեւան մեկնեցաւ։
Նորին Ամենապատուութիւնն ու իր շքախումբը վաղ առաւօտուն հասան Զուարթնոց Օդակայան եւ դիմաւորուեցան Երեւանի Համալսարանի Աստուածաբանութեան Ֆաքուլթէյի Տեսուչ եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորի Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Ժամկոչեանի եւ միաբաններու կողմէ ու առաջնորդուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։
27 Սեպտեմբեր 2024, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարք Հօր ի պատիւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան Մատուռ-Մկրտարանի մէջ։
Մայր Աթոռի Լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ, միաբանութեան անդամներ ողջունեցին Նորին Ամենապատուութեան գալուստը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարք Հօր շքախումբի անդամներ, որոնց միացան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Արարողութեան ընթացքին, Լուսարարապետ Հայր Սուրբը բարի գալստեան խօսք արտասանեց եւ ողջունեց մեր Հոգեւոր Պետը։
Ի պատասխան Հայր Սուրբին, Պատրիարք Հայրը նախ գոհութիւն յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, նուիրական հանդիսութիւններու մաս կազմելու եւ աղօթակցելու համար, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ հանդէպ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին։
Ապա Պատրիարք Հայրը եւ իր շքախումբը, ընկերակցութեամբ Լուսարարապետ Հայր Սուրբին, ուղղուեցան դէպի վեհարան, ներկայանալու համար Վեհափառ Հայրապետին։
Վեհարանի մուտքին Նորին Սրբութիւնն ու Նորին Ամենապատուութիւնը սիրով ողջագուրուեցան։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր Ամենապատիւ հիւրն ու ընկերակիցները ընդունեց իր աշխատասենեակին մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը այստեղ անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու պատմական ու սրբազան արարողութեանց Պոլսոյ Աթոռին եւս Սրբազան գահակալով, պատուիրակութեամբ եւ ուխտաւորներով մասնակցութեան համար։
Մայր Աթոռի մէջ
միջեկեղեցական հաւաք
Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նոյն օր մասնակցեցաւ կազմակերպուած միջեկեղեցական հաւաքի մը։
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Վեհարանի մէջ եւ մասնակցեցան եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու պատուիրակութիւններ, նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդներ։ Ներկայ էին Կաթոլիկ, Հնդիկ Մալապար, Ռուս, Ղպտի, Ասորի, Սերպիոյ, Ռումանիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ, Յունաստանի, Ֆինլանտիայի, Վրաստանի ուղղափառ եկեղեցիներու, Արեւելքի ասորական, Հայ Կաթողիկէ, Ֆինլանտայի լուտերական, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, Տիեզերական Պատրիարքութեան, եկեղեցիներու համաշխարհային եւ եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Տէրունական Աղօթքէ ետք, ներկաները ողջունեց Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ անդրադարձաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ու Մայր Տաճարի վերաօծման կարեւորութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք մասնակցութեամբ աղօթակից եղան։
Այնուհետեւ ուղերձներով ու ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Ռուսիոյ Կիրիլ Պատրիարքի ներկայացուցիչը, Ֆինլանտիայի Լուտերական եկեղեցւոյ Դաբիօ Լուոմա Արքեպիսկոպոսը, Անտիոքի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պէյրութի Մոր Քլեմիս Տանիէլ Քիւրիէ Արքեպիսկոպոս եւ ուրիշներ։
Գեղարուեստական ելոյթով մը հանդէս եկան «Նոր անուններ» երաժշտական խումբը։
Մայր Աթոռի մէջ
կատարուեցաւ միւռոնօրհնէքը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ 28 Սեպտեմբեր 2024, Շաբաթ երեկոյ, կատարուեցաւ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը մասնակցեցաւ Միւռոնօրհութեան արարողութեան։ Ներկայ էին Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, թեմակալ առաջնորդներ, թեմերու ներկայացուցիչներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամներ, կառավարական եւ պետական անձնաւորութիւններ, բարերարներ, մշակոյթի, գիտութեան, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, Հայաստանէն ու արտասահմանէն բազմահազար ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Հայրապետական թափորը ժամը 17.00-ին, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Տրդատի բաց խորան։ Թափորին մաս կը կազմէր Նորին Ամենապատուութիւնը։ Խաչ եւ խաչվառներով սկսած թափորին մաս կը կազմէին նաեւ սարկաւագներ, աբեղաներ, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ։ Զգեստաւորուած եպիսկոպոսները իրենց հետ կը կրէին սրբազան մասունքներ եւ նոր օրհնուելիք Միւռոնի նիւթերը։
Հայրապետական թափորը մայր տաճարի զանգերու ղօղանջին ներքեւ անցաւ Տրդատի Դռնէն եւ հասաւ Սուրբ Տրդատ բաց խորան։
Այս տարուան Միւռոնի կնքահայրն էր Սամուէլ Կարապետեան։
Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով։ Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցան Հին եւ Նոր Կտակարաններէ հատուածներ եւ Սրբալոյս Միւռոնին նուիրուած աղօթքներ։ Ապա բացուեցաւ Ս. Միւռոնի կաթսայի կափարիչը։
Այնուհետև Վեհափառ Հայրապետը Միւռոնի կաթսային մէջ թափեց ծաղիկներու հիւթն ու բալասանը, ինչպէս նաեւ նոր օրհնուելիք Միւռոնին խառնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միւռոնը։
Հուսկ՝ Վեհափառ Հայրապետը «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականը երգելով աւելցուց հին միւռոնը, որով նոր միւռոնին խառնուած եղաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի օրհնած սրբալոյս Միւռոնը։
Ապա սկսաւ Միւռոնի օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նոր Միւռոնը օրհնեց նախ Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտի մասունքը կրող Խաչով, ապա Աստուածամուխ Ս. Գեղարդով եւ հուսկ՝ մեր հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով։
Ապա իր պատգամը կարդաց Վեհափառ Հայրապետը «Որ ոք օծցի ի սմանէ երկիւղած լիցի յԱստուծոյ եւ աներկիւղ ի հակառակորդէն» («Ով որ օծուի Ասով (Միւռոնով), երկիւղած պիտի դառնայ Աստուծմէ եւ անվախ՝ թշնամիէ») (Կանոն Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութեան) բնաբանով։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան ըսաւ. «Թող այս Նոր Միւռոնը ըլլայ յոյսի եւ վերյառնումի Միւռոն»։
Պատգամէն ետք, Նորին Սրբութիւնը եւ եպիսկոպոսաց դասը համբուրեցին նորօրհնեալ Միւռոնի կաթսան։
Արարողությունը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ Վեհափառ Հայրապետի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աջով տուած օրհնութեամբ։
Ապա մեծահանդէս թափորը ժողովուրդին մէջէն անցնելով վերադարձաւ վեհարան։
Նոր Ս. Միւռոնով օծուեցաւ
Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը
29 Սեպտեմբեր կիրակի օր՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ Մայր Տաճարի Աւագ Սեղանի օծումը եւ մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Պատարագ։
Հանդիսութեանց մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան, պետական, կառավարական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, թեմակալ առաջնորդներ, թեմական պատուիրակութիւններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու պատուիրակներ ու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, մշակոյթի, գիտութեան ու հասարակական գործիչներ եւ ուխտաւորներու մեծ բազմութիւն մը։
Վեհափառ Հայրապետը վեհարանէն թափորով առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար։
Նորին Սրբութիւնը վերաօծեց Աւագ Սուրբ Սեղանը, ապա Հայ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Էջմիածին» պատւոյ շքանշանին եւ «Դուստր Սուրբ Էջմիածին» տիտղոսին ու Հայրապետական շքանշանին արժանացուց Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաները, Սամուէլ եւ Էթերի Կարապետեանները, Պերճ եւ Վերա Սեդրակեանները, Էրիկ եւ Միլանա Իսրայէլեանները, Էլզա Տիտիզեանը, Նուպար եւ Աննա Աֆէեանները, Նուէր եւ Ելենա Մխիթարեանները, Անահիտ Եակուպեանը, Հրաչ եւ Սիւզըն Թուֆայեանները, որոնց նուիրատուութեամբ իրականացան Մայր Տաճարի ամբողջական վերանորոգման աշխատանքները։
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. Պատարագ։
Քարոզի աւարտին Հայոց Հայրապետը պատգամեց պաշտպանել մեր սրբութիւնները։
Օրհնեց բարերարները, որոնց ընծաներով իրականացաւ տաճարի ամբողջական վերանորոգման աշխատանքները։ Օրհնեց նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ իր լուման բերաւ այս մեծ գործի իրականացման համար։ Գնահատեց նորոգութեան շինարարը, ճարտարապետները, նկարիչ վերականգնողները եւ միւս մասնագէտները, որոնք իրենց կարելին ըրին այս սուրբ գործին յաջողութեան համար։
Եւ հուսկ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի եւ Ս. Տրդատ Թագաւորի բարեխօսութիւնը հայցելով, աղօթք վերառաքեց մեր երկրի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետը մեծաշուք թափորով առաջնորդուեցաւ Վեհարան։
Ս. Միւռոնը բաշխուեցաւ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, 30 Սեպտեմբեր 2024, Երկուշաբթի, միջօրէին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորօրհնեալ Ս. Միւռոնի բաշխման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչները, թեմակալ առաջնորդ եպիսկոպոսներն ու վարդապետները։
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Միւռոնի մասնաւոր սրուակները յանձնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ներկայացուցչներուն եւ թեմակալ առաջնորդներուն։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ու պատգամով, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեանց համար` ըսաւ։ «Ձեզի կը փոխանցենք նորօրհնեալ Ս. Միւռոնը, որպէսզի երկնային իր շնորհներով բաշխուի համայն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին՝ պահպանելով հաւատքով ու յոյսով լի, ինչպէս նաեւ հաստատուն պահէ մեր Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ուխտին հաւատարմութեան մէջ»։
Նորին Ամենապատուութիւնը որպէս Պատրիարք իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցեց Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծումէն ետք, ամէն օր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի մէկ շաբաթուան տեւողութեամբ։
Այս շարքի առաջին Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Յայտնենք, որ այս պատարագը Նորին Ամենապատուութեան Անդրանիկ Պատարագն էր Մայր Աթոռի մէջ, պատրիարք ընտրուելէն ետք։
Այսպէս, 30 Սեպտեմբեր 2024, երկուշաբթի, ժամը 19.00-ին, սկսաւ Ս. Պատարագը, որուն նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, մասնակցեցան եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռի միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, եւ Մայր Աթոռոյ միաբան սարկաւագներ։
Տէրունական աղօթքէն առաջ Մայր Աթոռի լուսարարապետ։ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանը ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հրաւիրեց Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր Տաճարի վերաօծման մասին իր զգացումները, տպաւորութիւններն ու խորհրդածութիւնները փոխանցելու։
Պատրիարք Հայրը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք սոյն հանդիսութեանց յաջողութեամբ իրականացման համար, յետոյ ըսաւ թէ այդ ուրախութիւնը կը պատկանի բոլորիս, սակայն քիչ մը աւելիով՝ Վեհափառ Հայրապետին, քանի իր աշխատանքին արդիւնքն էր յատկապէս Մայր Տաճարի հիմնական նորոգութեան ու բարեզարդման գործը։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 1 Հոկտեմբեր երեքշաբթի օր՝ վերադարձաւ Իսթանպուլ։