«Գրելը պիտի լինի խոստովանութիւն,
իսկ խոստովանութիւնը պահանջում է
գերագոյն ազնւութիւն»:
Նիկոլ Աղբալեան
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Այս տարի մեր այցելութիւնը դէպի աւետեաց երկիր կապուած էր երկու հանգամանքներու հետ՝ նախ իմ տասներորդ գրքոյկի հրատարակումը՝ «Ծիր Կաթին» խորագրով (Յարդագողի ճամբան- Voie Lactée), որուն անդրադառնալը անհրաժեշտ չեմ համարեր, քանզի այն զուտ անհատական բնոյթի է եւ երկրորդ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին մասնակցելը, որ իմ գնահատումով բարձր որակով կազմակերպուած միջոցառում էր մի թերութեամբ, որ ելոյթներու ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ըլլային անգլերէնով, երբեմն ռուսերէնով, իսկ հայերէնը շատ փոքր տեղ ունէր, բայց լայն հնարաւորութիւն կու տար ազատ հաղորդակցուելու սփիւռքէն եկած կամ բնիկ հայրենակիցներու հետ փոքր խմբերով:
Զրոյցներու հիմնական թեման, երբ գրեթէ բոլորը համաձայն էին, այն էր, որ սփիւռքի թէ մայր հողի վրայ կը տիրէ մեր հասարակութեան ներքին ամօթալի յարաբերութիւն եւ երեւոյթներու իրար հակասող մեկնաբանութիւնները՝ բոլոր տեսակի անյաջողութիւններու մեղքը մէկը միւսի վրայ բարդելով, յաճախ անհիմն եւ տխմար, կեղծ եւ շինծու փաստարկումներով:
Մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին պարզ դարձաւ, որ ոչ-ընդդիմադիր հոսանքի պատկանող հայորդիները բացառապէս անտրամաբանական կը համարեն վարչապետի հրաժարականը պահանջող քայլերը՝ փողոց փակելով կամ տարբեր տեսակի ելոյթներով, որոնց կը միանան նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ իրենց վերադասի օրհնութեամբ: Շատերը չեն գիտեր, որ իշխանափոխութեան միակ ճամբան օրինական ընտրութիւններն են, այլ ոչ խամաճիկ լարախաղաց աճպարարութիւնները: Բացակայ է քաղաքական գաղափարախօսութիւնը պետականութեան եւ երկրի բարգաւաճման առումով, փոխարէնը տիրակալ է իշխանութիւն գրաւելու մոլուցքը՝ քանդենք եւ տիրենք սկզբունքով:
Գաղտնիք չէ, որ Արցախի ողբերգական կորուստը ծանր բեռ է համազգային խղճի եւ բարոյականութեան վրայ։ Բոլորը կ՚ողբան, բայց անյայտ է, թէ ո՞ր տրամաբանութեամբ եւ ի՞նչ փաստերու վրայ հիմնուելով ընդդիմադիր ոհմակը վայնասուն կը հնչեցնէ, թէ «Նիկոլը ծախեց», երբ Արցախի լուծարման պայմանագիր ստորագրողը եղած է Արցախի գործող նախագահը: Հեռու եմ վարչապետի իրաւապաշտպան ըլլալէ, բայց փաստերն ու տրամաբանութիւնը անհերքելի են: Ոմանց համար ան դարձած է զէնք պետութեան դէմ դաւադրութիւններ, մինչեւ իսկ մահափորձ ծաւալելու՝ իշխանափոխութեան հասնելու մոլուցքով:
Կայ աւելին. լուսահոգի մայրս պիտի ասէր «պեթերը»: Խղճուկ մի կղեր ամիսներ ի վեր փողոց իջած է «Արցախի հարցը փակուած չէ» կարգախօսով՝ կարծելով, թէ մեծն Ալեքսանդրի կամ Հաննիբալի անթիւ ջոկատներն են իր տրամադրութեան ներքոյ եւ քառորդ ժամ կու տայ վարչապետին իր աթոռէն հրաժարելու, միաժամանակ պահանջելով, որ ներկայ իշխանութիւնը Արցախի հիմնահարցը բանակցային օրակարգի մաս կազմէ: «Խելքին աշեցէք» պիտի ըսէր գուսանը: Զարմանալի չէ, որ նոյն խմբէն աւելի համարձակները եւ հեռատես փրկիչները անդադար կը յիշեցնեն Վիլսոնի ցուցադրած քարտէզի այժմէական ըլլալը եւ պատրաստ են այն իրականացնելու: Խնդա՞նք, թէ՞ լանք:
Աւելի ծանրանալ կեղծ ու պիղծ կղեր Բագրատի քայլերուն ու խօսքերուն՝ անհրաժեշտ չէ, քանզի արժանի չէ, միայն մի բան բացայայտ է, որ իր սեփական կարծիքն ու նպատակը չունենալով, ինչ որ տեղէ եկած հաւանաբար վճարուած կարգադրութեան կ՚ենթարկուի եւ այդ նիւթով մամուլը շատ բան ըսած է:
Զարմանալի՝ մինչեւ իսկ տարօրինակ է Արցախի նախկին ղեկավարներու վերաբերմունքն ու դիրքորոշումը ՀՀ իշխանութեան նկատմամբ: Տարիներ շարունակ ըլլալով ընդդիմադիր կուսակցութեան ճնշող ազդեցութեան ներքոյ՝ միշտ ցանկացած են ինքնիշխան ըլլալ, ունենալ նախագահ եւ նախարարներ, որեւէ քայլ չընելով ՀՀ մարզերուն միանալու, Արցախը լուծարեցին բնակչութենէն դատարկելով, այժմ Երեւան հաստատուած, վարչապետի հրաժարականի հետ կը պահանջեն փախստականներու վերադարձ, բայց ինչ միջոցներով եւ ճանապարհով իրենք եւս չեն գիտեր:
Ողբալի է, որ Բագրատին նախորդող վարչապետի ենթադրեալ թեկնածու Իշխան Սաղաթելեանը ԱՄՆ կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին յայտարարեց, թէ «ՀՀ ամենամեծ եւ վտանգաւոր թշնամին Փաշինեանն է», իսկ այսօր նոյն տխմարը կը գոռայ թէ Արցախը յանձնուած է Փաշինեան-Ալիեւ-Էրտողան փոխադարձ համագործակցութեամբ։
Անտարակոյս այս եւ նման յայտարարութիւնները այլ նպատակ չունին, քան ՀՀ ներքաշել նորանոր բախումներու, իրենց համար ճամբայ բանալու դէպի իշխանութիւն:
Նման ընդդիմութիւն ունենալը չարիք եւ անէծք է որեւէ երկրի համար: