Պելճիքայի Ռոսելար քաղաքին մէջ հայկական Խաչքար բացուեցաւ

Պելճի­քա­յի Ռո­­սելար քա­­ղաքին մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ան­­կա­­­խու­­թեան 33-րդ տա­­րեդար­­ձի օրը տե­­ղաբ­­նակ Խա­­չատու­­րեան ըն­­տա­­­նիքին նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ, տե­­­ղի հայ հա­­­մայնքին եւ քա­­­ղաքա­­­յին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րուն աջակ­­­ցութեամբ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ հայ եւ պել­­­ճի­­­­­­­քացի ժո­­­ղովուրդնե­­­րու բա­­­րեկա­­­մու­­­թիւնը խորհրդան­­­շող խաչ­­­քա­­­­­­­րի բաց­­­ման հան­­­դի­­­­­­­սաւոր արա­­­րողու­­­թիւնը։

Եր­­­կու եր­­­կիրնե­­­րու բա­­­րեկա­­­մու­­­թեան ու հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան նո­­­ւիրո­­­ւած խաչ­­­քա­­­­­­­րի բաց­­­ման ներ­­­կայ եղած են քա­­­ղաքա­­­յին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ, Պել­­­ճի­­­­­­­քայի մէջ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի փոխ­­­դեսպան Վար­­­դան Սարգսեանը, հա­­­մայնքա­­­յին ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ։

Փոխ­­­դեսպան Վար­­­դան Սարգսեան նշած է, որ խաչ­­­քա­­­­­­­րը հայ ժո­­­ղովուրդին հա­­­մար դա­­­րերով ու­­­նե­­­­­­­ցած է հա­­­մախմբող դեր եւ հան­­­դի­­­­­­­սացած է ինքնու­­­թեան ան­­­բա­­­­­­­ժանե­­­լի մաս։

Սարգսեան նաեւ անդրա­­­դար­­­ձաւ Ռո­­­սելա­­­րի հիւ­­­րընկալ հո­­­ղին վրայ, գե­­­ղատե­­­սիլ այս պու­­­րա­­­­­­­կին մէջ հայ­­­կա­­­­­­­կան խաչ­­­քա­­­­­­­րի տե­­­ղադ­­­րումը եր­­­կու ժո­­­ղովուրդնե­­­րու բա­­­րեկա­­­մու­­­թեան, ինչպէս նաեւ հայ ժո­­­ղովուրդի արար­­­չա­­­­­­­կան ոգիի կա­­­րեւոր դրսե­­­ւորու­­­մի մա­­­սին։ Այս կը վկա­­­յէ նաեւ փո­­­խադարձ հա­­­մակ­­­րանքի եւ ընդհա­­­նուր ար­­­ժէքնե­­­րու վրայ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած եր­­­կու ժո­­­ղովուրդնե­­­րու կա­­­պերու առա­­­ւել ամ­­­րապնդման եւ խո­­­րաց­­­ման պատ­­­րաստա­­­կամու­­­թեան։

Խաչ­­­քա­­­­­­­րը այն եզա­­­կի յու­­­շա­­­­­­­կոթողն է, որ ինքնին կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ հայ մար­­­դու գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս ան յի­­­շատա­­­կարան է, որ մերթ կը ցո­­­լաց­­­նէ երախ­­­տիք կամ շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թեան խօսք, մերթ ալ յի­­­շատա­­­կի ան­­­մա­­­­հացում։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ