Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ 28 Սեպտեմբեր 2024, Շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն, իսկ յաջորդ օր՝ 29 Սեպտեմբեր, Կիրակի, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւն։
Սոյն արարողութեանց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր կողքին կը մասնակցին Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը 26 Սեպտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, ժամը 23.30-ին, օդային ճամբով կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուղեկցութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի։ Այս առթիւ Պատրիարքարանը կը հրաւիրէ հոգեւորականաց դասը, համայնքային եւ թաղային մարմինները 26 Սեպտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ողջերթ մաղթելու Նորին Ամենապատուութեան։