Գնահատում արեւմտահայերէն բեմադրութեան

Պոլսոյ բե­մերուն վրայ նոր յայտնու­թիւն մըն է «Յան­կարծ» թա­տերա­խումբը, որ նոր արատ բե­մադ­րութիւննե­րով ու­շադրու­թեան կ՚ար­ժա­նանայ քա­ղաքիս եւ այ­լուր զա­նազան բե­մերուն վրայ։

Այս օրե­րուս յա­տուկ ու­րա­խու­թիւնը վա­յելե­ցինք լսե­լով թէ թա­տերաքննա­դատ­նե­րու տա­րեկան մրցա­նակը այս տա­րի շնոր­հո­ւած է «Յան­կարծ»ին։

Պար­գե­ւատու­չութեան ըն­թացքին Թա­տերաքննա­դատ­նե­րու Միու­թիւնը յատ­կա­պէս կը նշէ այս խումբին արեւմտա­հայե­րէնի բե­րած նպաս­տը։

Գնա­հատան­քի ար­ժա­նի անդրա­դարձ մըն է այս, որ կը ցո­լաց­նէ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչնե­րուն զգայ­նութիւ­նը երկրի մէջ խօ­սուող լե­զու­նե­րէն մէ­կուն հան­դէպ ցու­ցա­բերո­ւած գի­տակ­ցութեան հա­մար։

Մա­նաւանդ եթէ յի­շենք թէ տա­կաւին մօտ ան­ցեալին միու­թե­նական թա­տերա­խումբե­րը յա­մա­ռօրէն կը մեր­ժէին հա­յերէն բե­մադ­րութիւններ ներ­կա­յաց­նե­լէ, «ժո­ղովուրդը հա­յերէն չի հասկնար» յի­մար պատ­րո­ւակով։

Այս պա­հուն մենք եւս կը շնոր­հա­ւորենք «Յան­կարծ» թա­տերա­խումբի բո­լոր ան­դամնե­րը եւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւորենք թա­տերաքննա­դատ­նե­րու գնա­հատու­մի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։

Եթէ ձեր­բա­զատո­ւինք ազ­գայնա­կան կո­չուած ախ­տէն մեր բնա­կած երկրի մէջ խօ­սուող իւ­րա­քան­չիւր մայ­րե­նի մշա­կու­թա­յին բազ­մե­րան­գութեան ու­րոյն նմուշն է, որուն հան­դէպ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ու­նի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքա­ցի ան­կախ իր պատ­կա­նած ազ­գա­յին խմբա­կէն, դա­ւանած կրօն­քէն եւ խօ­սած մայրենիէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ