ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Շան պատմութիւններ եւ աւելին

Իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Սարեան կը նշէ, որ շուները Պոլսոյ փողոցներուն անքակտելի մասնիկներն էին եւ թէ մարդիկ հանդարտօրէն կ՚անցնէին շուներու անշարժ կղզիներու միջով։ Ան Պոլսոյ շուները կը նկարագրէ որպէս այդ ատենուայ քաղաքին ձեւաբանութեան (մորֆոլոգիայի) անբաժանելի մասնիկ։

 ԹԱՄԱՐ ԿԻՒՐՃԵԱՆ

«Պատմութիւնները աւելի մեծ են քան գաղափարախօսութիւնները։ Անոր մէջ է մեր յոյսը»։
Տոննա Հարըուէյ

Առաջին անգամ Սիվրիատա քշուած շուներու պատմութիւնը իմացայ մանուկ հասակիս՝ կղզին Գընալըատայի զարիվեր ճամբաներուն ետեւ մնացած մերկ ժայռերէն դիտելով. ժայռեր, որոնք հոն էին Գընալըն որպէս քարահանք գործածուած ժամանակաշրջանէն։ Այս պատմութիւնը անգամ մը եւս ջուրի երես ելաւ Սերժ Աւետիքեանի «Chienne d'histoire» (Պատմութեան քածերը) կարճատեւ ֆիլմով՝ Թուրքիոյ մէջ շուներու վերաբերեալ նոր օրէնքին ուժի դրուելուն առիթով։ 

Անցեալ շաբաթ, Պերլինի մէջ «Beyond the Bark» (Հաջոցէն անդին) խորագիրով ձեռնարկ մը գործադրուեցաւ, կազմակերպութեամբ AKEBI-ի (ցեղապաշտութեան, ազգայնամոլութեան եւ խտրականութեան դէմ աքթիվիստներու միութիւն մը), Անասուններու ի նպաստ գործող հայկական կազմակերպութեան (Armenian Animal Aid) եւ Հայկական ֆիլմերու ակումբին (Armenian Movies Day, որուն ֆիլմերու ցուցադրութիւնները կը կատարուին ամսական դրութեամբ՝ հայ բեմադրիչներու կողմէ)։ Ձեռնարկին զրուցավարը տրուպս էր։ Ձեռնարկը ընթացք առաւ կարճ շարժանկարով մը։ Մինչ ֆիլմին ընդմէջէն անգամ մը եւս այցելեցի Թոմաս Ազուելոսի ջրաներկ գործերուն, մտածեցի Մարտիրոս Սարեանի 1910 թուականին Պոլիս տուած այցելութեան ընթացքին գծագրած փողոցային շուներու պատկերներուն մասին։ Իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Սարեան կը նշէ, որ շուները Պոլսոյ փողոցներուն անքակտելի մասնիկներն էին եւ թէ մարդիկ հանդարտօրէն կ՚անցնէին շուներու անշարժ կղզիներու միջով։ Ան Պոլսոյ շուները կը նկարագրէ որպէս այդ ատենուայ քաղաքին ձեւաբանութեան (մորֆոլոգիայի) անբաժանելի մասնիկ։ 

Մարտիրոս Սարեան

«Chienne d'histoire»-ին յաջորդեց բեմադրիչին «Histoire de chiens»-ը (Շուներու պատմութիւնը)։ Առաջինը ոչ-մարդկային դիտանկիւնէ ներկայացուած անձայն ֆիլմ մըն էր, ուր միայն կը լսուէին հաջոցներ, իսկ երկրորդը կեդրոնացած է 1910 թուականին գործադրուած շուներու դէմ ջարդէն 100 տարի անց՝ Պոլսոյ բնակչութեան եւ փողոցային շուներուն յարաբերութեան վրայ։ Այս  կը տարբերի միւսէն այն իմաստով, որ ցոյց կու տայ մարդոց դիտանկիւնը՝ մարդ-շուն յարաբերութեան մասին։ Այս ֆիլմը իր ոճով պահ մը կարծես կը թեթեւցնէ «Chienne d'histoire»-ի ծանրութիւնը։ 

Ֆիլմին մէջ, Պոլսոյ Ճիհանկիր շրջանի սրճարաններէն մէկուն տէրը կ՚արտայայտուի, որ շուներու դէմ բռնութիւնը կը բխի անցեալէն եկած ըմբռնումէ, որ իրեն չնմանողը կը տեսնէ տարբեր եւ օտար։ Ցուցադրութենէն ետք, Միւնիխի Լուտուիկ-Մեքսիմիլիըն համալսարանի դոկտորականի թեկնածու Օրհուն Եալչըն զրուցեց բռնութեան հետ այս ըմբռնումին կապին մասին՝ օրինակներ բերելով Օսմանեան գաղութատիրական 19-րդ դարու գործունէութիւններէն՝ Եանինայի, Եգիպտոսի եւ Եփրատ-Տիգրիս ծոցին մէջ ։ Եալչըն բացատրեց այս գործընթացներուն երկարաժամկէտ հետեւանքները՝ օգտագործելով Ռոպ Նիքսընի «դանդաղ բռնութիւն» հայեցակարգը, որ Եալչըն թրքերէնի թարգմանեց իբրեւ sürüncemeli şiddet «ձգձգուած բռնութիւն»։ Ըստ Նիքսընին, դանդաղ/ձգձգուած բռնութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի ի հետեւումն միտումնաւոր որոշումներու եւ կը ներառէ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունեցող արարքներ, ինչպէս՝ կենսոլորտի խաթարում, կլիմայի փոփոխութիւն։ Զեկուզաբերը այս հայեցակարգի օգտագործումով նկարագրեց Օսմանեան կայսրութեան ընկերային եւ քաղաքական գերիշխանութեան գործելակերպը՝ նախնական աղբիւրներու լոյսին տակ, եւ մեզ հրաւիրեց բռնութեան երկարաժամկէտ եւ աներեւոյթ հետեւանքներուն մասին մտածելու՝ կարճաժամկէտ հետեւանքներուն փոխարէն։ Օրհուն Եալչըն իր նիւթին մէջ անդրադարձաւ Եանինայի ջրային առտոյտներու չորացման եւ գիւղատնտեսական հողերու վերածուելու պատճառով յոյներու տեղահանման, Եգիպտոսի մէջ Մահմուտիէ ջրանցքին կառուցման ընթացքին իրենց կեանքերը կորսնցուցածներուն եւ հայերու տեղահանութեամբ՝ հողերու անպտղաբերութեան եւ անասուններու, ինչպէս՝ կատուներու, շուներու, թռչուններու, ոչնչացման։ Այսպիսով, ան իր մատը պատմութեան մարդկականին կողքին դրաւ նաեւ ոչ-մարդկականին վրայ։

Նկարազարդ.  Թամար Կիւրճեան

Յետհիւմանիստ մտածողներ կոչ կ՚ուղղեն մեզի անցնելու մարդակեդրոն դիտանկիւնէն անդին եւ տեսնելու ոչ-մարդկական ենթակայութիւնը բազմակարծիք կամ ապակեդրոնացեալ դիտանկիւնէն։ Տոննա Հարըուէյ իր «The Companion Species Manifesto: Dogs, People, and Significant Otherness» (Ուղեկից էակներու մանիֆեստ՝ շուներ, մարդիկ եւ կողակիցներ) գործին մէջ լուսարձակի տակ կ՚առնէ անմարդականին գործուն ենթակայութիւնը, --անասուններու, սայպորկներու եւ մեքենաներու ու օրկանականերու, բնապահպանական, ընկերային եւ այլ համակարգերու մէջ։ Ան կը քննէ մարդկային եղափոխութիւնը ոչ-մարդկականներուն հետ իրենց յարաբերութեան ընդմէջէն եւ շուները կը պատկերէ որպէս մարդոց եւ անասուններու համատեղ զարգացման անբաժանելի մասնիկ՝ ընդգծելով երկու տեսակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարդ յարաբերութիւնը։ Ըստ Հարըուէին, կարելի չէ, որ միայն մէկ ուղեկցող ցեղ ըլլայ, -- մէկ ունենալու համար առնուազն երկու պէտք է։ Հետեւաբար միջցեղային ազգակցութիւնը անխուսափելի է։ Այս ազգակցութիւնը հաստատելու համար, գաղափարական պատումները մէկդի դնելը եւ յոյս պարունակող նոր պատումներ ստեղծելու համար պատմութիւն պատմելու կերպն ու պատմական պատումները վերատեսութեան ենթարկելը կրնայ նոր տարածքներ ստեղծել մարդ-ոչ-մարդ գոյակցումին։ «Հաջոցէն անդին» ձեռնարկը փոքրիկ, բայց արժէքաւոր քայլ մըն էր այս ուղղութեամբ։ Կը յուսամ, որ մեր լսած պատմութիւնները, նոր պատումները եւ անոնցմէ ծագած իրականութիւնները մեզ հրաւիրեն վերանայելու մեր յարաբերութիւնները մեր շրջապատին եւ անասուններուն հետ եւ հաստատելու յարաբերութիւններու աւելի կայուն ձեւեր։ Հա՛ու։ 


(Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան)