ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Մատամ Մարթան եւ շահագործութեան պատմութիւն մը

Մարթային, որուն անունով կը կոչուի ծովաբերանը, պատմութիւնը յիշելը թերեւս կ՚օգնէ մեզի հասկնալու ծովեզերքին վերջին իրադարձութիւնները։ Յատկանշական զուգահեռներ կ՚երեւին կնոջ մարմինը առարկայացնող եւ շահագործող դիտանկիւնին եւ Մարթա ծովաբերանին նման հազուագիւտ ծովեզերքի մը տիրանալու եւ իշխելու ցանկութեան միջեւ։ Մարթա Արաթը լիբանանահայ կին մըն էր, 1920 թուականին ծնած։ Ան Պոլիս եկած է փոքր տարիքէն՝ հօրը՝ Պանք Օթոմանի մէջ պաշտօնի կանչուելէն ետք։ Ուսումը ստացած է Սեն Պէօնուայ բարձրագոյն վարժարանին մէջ։

Այլին Վարդանեան 

Յօդուածը կ՚ուզեմ սկսիլ ամերիկացի վիպագիր Ուրսուլա Քէյ Լը Կուէնէն գաղութատիրական դիտանկիւնին մասին մէջբերումով մը՝ «Քաղաքակրթուած մարդը կ՚ըսէ՝ Ես եմ Սեփական Անձը, ես եմ Պետը, մնացեալը ուրիշ է,-- դուրս, ստորեւ, ներքեւ, ստորադաս։ Կը տիրանամ, կը գործածեմ, կ՚ուսումնասիրեմ, կը շահագործեմ, կ՚իշխեմ։ Իմ ըրածս է կարեւորը։ Ուզածս է կարեւորին ծառայութիւնը։ Ես եմ որ եմ եւ մնացեալը կանայք եւ խոպան վայրեր է, օգտագործելի ըստ հայեացքիս»։ Լը Կուէնը, 2018-ին մահացած, հանրածանօթ է իր գիտաերեւակայական գործերով։

Պոլիսէն քիչ մը անդին գտնուող Իշխանաց կղզիները որոշ ժամանակի մը համար լուսարձակի տակ եղած են որպէս շահաբեր ծրագիրներու ոլորտ։ Պուրկազ կղզիի ամենասիրելի ծոցերէն եւ առաջին կարգի բնական արգելոցներէն Մատամ Մարթա ծովաբերանը անցեալ ամիս պայմանավարձի դրուած էր բաց աճուրդով։ Կղզեցիներու պայքարին շնորհիւ տարիներ շարունակ հանրային անվճար ծովափ մնացած այս ծովաբերանը վարձու տալու փորձը կ՚անտեսէ Ծովեզերեայ օրէնքներուն թիւ 3621-ը, որ յստակօրէն կը նշէ՝ «Ծովափը բաց է բոլորին օգտագործման համար, հաւասարապէս եւ ազատութեամբ. հոն որեւէ կառոյց իրագործել կարելի չէ. պատեր, ցանկապատեր, ձողեր, մետաղաթելեր, խրամներ, կոյտեր եւ նմանատիպ արգելափակումներ յառաջացնելը արտօնուած չէ» (6-րդ յօդուած)։

Լը Կուէնի այն խօսքը, ուր կ՚ըսէ, թէ կանանց մարմիններն ու բնութիւնը կարելի է հակակշռի տակ առնել ուժի վրայ եղողներու ցանկութեան հիման վրայ, անգամ մը եւս կը հաստատուի Մարթա ծովաբերանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ճամբով։ 
Մինչ կղզիի բնակիչները այս կացութեան հակադարձեցին, Կղզիներու քաղաքապետ Ալի Էրճան Ագբոլաթ, որ նաեւ սուզորդ մըն է, սուզուեցաւ Մարթա ծովաբերանի ջուրերուն տակ, որպէսզի գրաւէ հանրութեան ուշադրութիւնը եւ բացատրէ ծովային բոյսերուն օգտակարութիւնը կենսոլորտին համար։ Երեք տարի առաջ, Մարմարա ծովուն մէջ կազմուած խիժաջուրը ցոյց տուաւ ծովախոտերու կարեւորութիւնը ջուրի թթուածինի մակարդակի հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ ծովափի մաշումը արգիլելու համար։ 3 Մայիսին, Կղզիներու քաղաքապետարանի կողմէն բաց աճուրդը չեղարկելու հայց մը ներկայացուած էր։ Իրաւական գործընթացը տակաւին կը շարունակուի։

Մարթային, որուն անունով կը կոչուի ծովաբերանը, պատմութիւնը յիշելը թերեւս կ՚օգնէ մեզի հասկնալու ծովեզերքին վերջին իրադարձութիւնները։ Յատկանշական զուգահեռներ կ՚երեւին կնոջ մարմինը առարկայացնող եւ շահագործող դիտանկիւնին եւ Մարթա ծովաբերանին նման հազուագիւտ ծովեզերքի մը տիրանալու եւ իշխելու ցանկութեան միջեւ։ Մարթա Արաթը լիբանանահայ կին մըն էր, 1920 թուականին ծնած։ Ան Պոլիս եկած է փոքր տարիքէն՝ հօրը՝ Պանք Օթոմանի մէջ պաշտօնի կանչուելէն ետք։ Ուսումը ստացած է Սեն Պէօնուայ բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Մարթան Պոլսոյ պալէի առաջին պարուսոյցներէն Արզումովայի աշակերտուհին էր եւ հանրածանօթ է որպէս քաղաքին առաջին պալերինան։ Մարթայի հետաքրքրութիւնը պարի եւ բնութեան մասին զինք պարգեւած էր կենսատեւ երջանկութիւն, միաժամանակ՝ ենթարկելով անթիւ բամբասանքներու։ Երբ Պերճ Գազարի հետ պսակուեցաւ եւ Պուրկազ հաստատուեցաւ, Մարթայի յարաբերութիւնը բնութեան հետ խորացաւ։ Մարթան, որ ծովուն, անձրեւին եւ ծովախեցիներուն նկատմամբ խոր սէր ու բնութեան բոլոր գեղեցկութիւններուն նուիրուածութիւն ունէր, կը սիրէր իրեն յատուկ ոճով հագուիլ, մազերը յարդարել եւ կղզիի կիներուն համար խեցիներով գոհարեղէն պատրաստել։ Պերճուհի Պէրպէրեան, իր «Burgazada Sevgilim» (Պուրկազ Կղզի, Սիրելիս) գիրքին մէջ (2010-ին «Ատալը» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած), հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ Մարթան. «Ան ճակատին պանտանա կը կապէր, անտարբերօրէն թոյլ ձգելով. թեւերուն վրայ, արմուկէն վեր, տախտակեայ ապարանջաններ կը դնէր, իսկ ոտքին՝ խալխալներ։ Այս նորաձեւութիւնը մեզի ծանօթ չէր, նոյնիսկ տակաւին աշխարհին վրայ գոյութիւն չունէր։ 


Իր կեանքին մէկ հանգրուանի ընթացքին, ծովուն մօտ ըլլալու միտումով, Մարթան սկսաւ ապրիլ ձկնորսի մը խրճիթին մէջ այն ծովափին վրայ, որ նախապէս ծանօթ էր Հալիքիա անունով։ Այս տարօրինակ որոշում մըն էր իր ժամանակին համար։ Ըստ իր ընկերներուն, ան երկար ժամանակ անձրեւուն տակ կ՚անցնընէր, անկախ ամառէն կամ ձմեռէն, նոյնիսկ դոյլերու մէջ անձրեւու ջուր կը հաւաքէր՝ ըսելով, որ «մարմինը կը լուայ Աստուծոյ ջուրով»՝ առանց հոգ ընելու հեռուէն զինք դիտող աչքերուն։ Կղզիի իր ընկերներուն կողմէն պատմուած այս դրուագները կարդալով կը տեսնենք, որ Մարթայի կեանքի կորովը եւ իր մարմինի ու հոգիի միջեւ ուժեղ կապը կը ցոլացնեն իր ազատ հոգին։ Դժբախտաբար կը կարդանք նաեւ, որ կարգ մը կղզիի բնակիչներ չեն ողջունած իր այս յատկանիշները։ Մարթան, որ երկար ժամանակ վիրաւորական բամբասանքներու եւ տարաձայնութիւններու ենթարկուած էր, խորապէս ազդուած էր այս բոլորէն եւ ինքզինք թունաւորած՝ ետին ձգելով երկտող մը, որ կ՚ըսէ՝ «կրնաք հանգչիլ հիմա»։ Ան կը մահանայ 1986 թուականին։ 

Չենք գիտեր կղզիին վրայ իր ապրած տարիներուն պատահածը եւ ինչպիսի բամբասանքներու ենթարկուած ըլլալը։ Այնուամենայնիւ, յստակ է, որ գոյութիւն ունի հայրիշխանական մտածելակերպ, որ հայ կնոջ եւ անոր մարմնին ու բնութեան միջեւ յարաբերութիւնը կ՚ընկալէ որպէս սպառնալիք եւ կը բանի որպէս բամբասանքի մեքանիզմ՝ Մարթայի կեանքի ի գին։ ինչպէս կը տեսնենք կենսոլորտի ֆեմինիստական մօտեցումին մէջ, թէ՛ կինի եւ թէ՛ բնութիւնը առարկայացնելու իրողութիւնը հիմնուած են անկուշտ ագահութեան եւ տիրապետելու փափաքին հիման վրայ։ Հայրիշխանական համակարգը, որ Մարթային անձնասպանութիւնը պատճառեց, ներկայիս կը թիրախաւորէ այն վայրը, ուր Մարթա ապրած է։ Այն գրեթէ մեզի կը յիշեցնյ, որ որեւէ մէկ ապրող էակ պիտի չկարենայ գոյատեւել հոն, ուր Մարթան չկարողացաւ գոյատեւել տարիներ առաջ։ Այս ծովաբերանին համար պայքարիլը համազօր է Մարթային ձգած ժառանգութեան եւ մեր ազատութեան տարածքներուն համար պայքարելուն։

(Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան)